ԱԹՈՌԻՆ ՊԱՏԻՒԸ

Յաճախ խօսելով աշխարհայնացման սպառնացող աղէտին մասին կ՚անդրադառնանք պատուին եւ արժանապատուութեան սրբազան արժէքներու կորուստին՝ գուժելով անոնց անհետացող կարեւոր դերը մեր ներկայ սերունդի կեանքէն ներս: Սակայն հակառակ պատուի եւ արժանապատուութեան զգացողութեան անէացման, տակաւին կան բուռն կերպով անոնց տիրական ներկայութիւնը հաստատել փորձողներ, որոնց պատուի եւ արժանապատուութեան հասկացողութիւնը ամբողջութեամբ այլ են հիմնական իմաստէն ու միտքէն:  

Պէտք է ներկայ ընկերութեան մէջ ուսումնասիրել, թէ պատիւ եւ արժանապատուութիւն ըսելով ի՞նչ կը հասկնաք. չպսակուած աղջկայ մը կուսութի՞ւնը, անձի հանդէպ յարգանք ու մեծարա՞նք, հեղինակաւոր անձնաւորութեան մը կողմէ ճանաչելիութի՞ւն, դրամական ուժով յօրինուած շինծու մեծարանք ու շողոքորթութի՞ւն, թէ պաշտօնի մը շահագործումով ձեռք բերուած հեղինակութիւն. նշուածներէն ո՞ր մէկը:

Վերոյիշեալ երեւոյթները մաս կը կազմեն ներկայ ընկերութեան պատուի եւ արժանապատուութեան հասկացողութեան, սակայն կայ այլ պատուի հասկացողութիւն մը՝ որ ներկայ աշխարհին մէջ կը գերազանցէ վերեւը նշուածները:

Աթոռի՛ն պատիւը:

Աթոռին պատիւն ու փառքը՝ որ իր մէջ կը ներառէ վերը նշուածները ամբողջութեամբ: Ներկայ ընկերութեան մէջ նոյն այդ աթոռին պատուին տիրանալու եւ կամ անպատուութեան դատապարտուելու պայքարն է, որ կը մղուի ամէ՛ն տեղ:

Յստակեցնելու համար պատմենք հետեւեալը:

Անցեալին, երբեմնի Մելգոնեան վարժարանը, ինչպէս ամէն տարի, կը կազմակերպէ իր տարեկան համերգը: Օժանդակ յանձնախումբի տիկիններէն ոմանք տոմսակ ծախելու մտադրութեամբ կը հանդիպին ազգայինի մը, որ տարիներու սովորութեան համաձայն մի՛շտ աւելիով քաջալեր կը հանդիսանար հայ գաղութի մէջ կատարուող ձեռնարկներուն:

Հակառակ իր բարի սովորութեան, ազգայինը վճռականապէս կը մերժէ տոմս վերցնել եւ որեւէ օժանդակութիւն ցուցաբերել: Տիկինները սրտնեղած հարց կու տան.

-Բայց ինչո՞ւ այս տարի այս կեցուածքը...

-Ա՛յսպէս, շատ շնորհակալ եմ, քանի տարիէ կը քաջալերենք կոր, չի՞ բաւեր:

-Ճի՛շդ էք, Պարոն, մեծապէս կը գնահատենք ձեր ազնուութիւնը, բայց կը փափաքինք, որ այս տարի ալ ներկայ ըլլաք մեր համերգին:

-Եթէ շատ կը պնդէք հատ մը կ՚առնեմ, պարզապէս ձեր «խաթր»ին համար, սակայն ո՛չ ես ոչ կինս ներկայ կ՚ըլլանք համերգին:

Կիները աւելի սրտնեղած կ՚ուզեն գիտնալ պատճառը եւ վերջապէս կը յաջողին պարոնին բերնէն որսալ վշտանալու պատճառը:

-Տահա ի՞նչ պիտի ըլլար: Անցեալ տարի երկու հատ առաջին կարգի տոմսակ առինք, ելանք եկանք: Քիչ մը ուշ մնացինք. աթոռներն ալ թիւով չեն եղեր եւ մինչեւ ութերորդ շարք ինկանք: Ուսուցիչները եօթներորդ շարքին վրայ էին. կ՚երեւակայէ՞ք կոր, ուսուցիչներէ՛ն ալ ետեւ: Ասիկա քաշուելիք բա՞ն է: (Մավեանի յուշերէն):

Գուցէ այդ հանդիսութենէն անցած են տասնամեակներ. շա՛տ բան փոխուած է մեր կեանքին մէջ, սակայն աթոռի պատիւն ու փառքը մնացած է նոյնը՝ աւելի եւս ամրացնելով իր գոյութիւնը: Այդ աթոռի պատուի կռիւը ամէ՛ն տեղ է այսօր. համերգներու, ներկայացումներու, հանդիսութիւններու, դասախօսութեանց, մինչե՛ւ իսկ եկեղեցւոյ մէջ:

Այո՛, եկեղեցւոյ մէջ եւս այդ աթոռի կռիւը գոյութիւն ունի, որովհետեւ եւ կա՛մ հաւանաբար մեր ազգայիններէն շատե՜ր կը կարծեն, թէ եկեղեցւոյ առաջին նստարաններէն արտասանուած աղօթք մը շա՜տ աւելի շուտ կը հասնի եւ ընդունելութիւն կը գտնէ Աստուծոյ մօտ՝ քան վերջինները՝ որոնք աւելի՛ հաւատքով ու երկիւղածութեամբ կ՚աղօթեն առջեւիններէն:

Մեր ազգայինները հաւանաբար բոլոր հանդիսութիւններուն ու պատարագներուն կը մօտենան «հացի փուռ»ի գաղափարականով, համոզուած ըլլալով՝ որ կրնայ ըլլալ վերջին մօտեցողներուն հաց չմնայ:

Գիտէ՞ք ինչքա՜ն պատիւ է եկեղեցւոյ մէջ նստիլ առաջին շարք... եւ որքա՜ն աւելի երանելիութիւն է նստիլ ատեանին մէջ՝ Կաթողիկոսին, Սրբազանին, Վարդապետին ու Քահանային հաւասար եւ շա՛տ անգամ ալ աւելի առջեւ: Զինք ճանչցողներն ու չճանչցողները այդ պահուն պիտի գիտնան եւ մտածեն, որ ի՛նք մեծ անձնաւորութիւն մըն է, հայ ազգին համար հերոս մը, առանց որուն գուցէ այդ պատարագն ալ տեղի չունենար:

Խեղճ ու թշուառ ծերուկ մը հաւատացեալներու «անկեալ» դասէն դէպի իրեն պիտի նայէր անձկութեամբ եւ ի՛նք Եդեմէն սպասման սրահին նայողի մը գոհունակութեամբ պիտի հետեւէր պատարագին, ոչի՛նչ թէ առանց գիտնալու, որ երբ պէտք է խաչակնքել եւ ե՛րբ նստիլ:

Եւ իսկական պատիւը հո՛ն է. առջեւը կանգնած ինք աւելի՛ հետաքրքրութիւն պիտի ստեղծէ իր անձին շուրջ՝ քան պատարագուող Քրիստոսը: Իսկ ճշմարիտ անպատուութիւնը հոն՝ երբ ինք դատապարտուած ըլլայ նստելու այն պարզ ու համեստ նստարաններուն՝ որոնց վրայ նախապէս անուն չի գրուիր: Աւելի նախընտրելի է չմասնակցիլ պատարագին՝ քան նման անպատուութեան արժանանալ:

Դրախտի մէջ ալ իրենց անունները գրուած գտնել կը կարծե՞ն մեր ազգայինները: Մեր ազգայիններէն շատեր դրախտ մտնել ա՛լ չուզեն, եթէ գիտնան, որ Քրիստոսի աջ կողմը, իրենցմէ առաջ պիտի նստին Անոր առաքեալները...:

Ի՜նչ մեծ ամօ՛թ:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՇԱՀԷ ԶԱՏԻԿ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
(1911-1990)

Մեր թուականէն 31 տարիներ առաջ՝ 5 հոկտեմբեր 1990-ին Երեւանի մէջ մահացած է հասարակական գործիչ, հրապարակագիր եւ լրագրող Շահէ Զատիկ Տատուրեան:

Տատուրեան ծնած է 20 դեկտեմբեր 1911 թուականին, Սվասի մէջ: Երիտասարդ տարիքէն եղած է Սուրիոյ եւ Լիբանանի (1928-1932), Պաղեստինի (1932-1935), Ֆրանսական (1936-1947) համայնավար կուսակցութիւններու անդամ: Քաղաքական զանազան պատճառներով բազմիցս ձերբակալուած ու բանտարկուած է: Երուսաղէմի բանտին մէջ յայտնուած է 1935 թուականին եւ այդտեղ կազմակերպած է բանտարկեալներու հացադուլ:

Տատուրեան եղած է «Հայ Ճակատ» եւ «Ժողովուրդ» թերթերու խմբագիր՝ 1942-1944 տարիներուն: Մասնակցած է 1944 թուականի օգոստոսին տեղի ունեցած  Փարիզի հակաֆաշիստական ապստամբութիւններուն: Եղած է անդամ Հայ ազգային ճակատի, որ ետքը վերածուած է Հայ ազգային միութեան:

Շահէ Զատիկ սփիւռքի մէջ հսկայական աշխատանք տարած է հայրենադարձութեան գծով: Հրապարակագրութեամբ հանդէս եկած է «Լիբանան», «Երեւան», «Զանգու», «Բանուոր» եւ այլ թերթերու մէջ: Վերջնականապէս Հայաստան հաստատուած է 1947 թուականին եւ աշխատակցած է Խորհրդային Հայաստանի հեռուստատեսութեան եւ ձայնասփիւռի պետական կոմիտէութեան մէջ, ըլլալով արտասահմանեան հաղորդումներու գլխաւոր խմբագիր եւ ապա կոմիտէի նախագահի տեղակալ: Իր վաստակին շնորհիւ արժանացած է «Պատուոյ նշան» շքանշանին եւ Խորհրդային Հայաստանի Վաստակաւոր լրագրողի կոչման:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2021