ՏԵՂԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ - Ա -

Տեղանուններու մասին աւանդութիւններու եւ նկարագրութիւններու կարելի է հանդիպիլ միջնադարեան ամբողջ հայ պատմագրութեան մէջ։ Իսկ նոր շրջաններուն կը տեսնուին պատմական, աշխարհագրական, պատմաշխարհագրական գիրքեր այս մասին։ Այս տեսակէտէ յատուկ տեղ մը կը գրաւէ Հ. Ղ. Ալիշանի թողած ծովածաւալ ժառանգութիւնը։

Արդարեւ հետաքրքրական է տեղանունները կարդալ զանազան շրջաններու իրենց ստացած տարբեր ձեւերով։ Անշուշտ որ երբ պատմական աշխատասիրութիւն մը կ՚ուսումնասիրենք, հոն կը հանդիպինք տեղանուններու, որոնք աւելի առաջ կամ աւելի վերջ ստացած են տարբեր հնչիւններ կամ բոլորովին տարբեր ձեւեր։ Ուրեմն տեղանունի մը անցեալի ձեւը եւ կամ աւելի վերջ ստացած անունը գիտնալ կարեւոր է, մանաւանդ պատմական հատուած մը աւելի լաւ հասկնալու համար։

Ընդհանրապէս գործածուած տեղանունները ջանացինք ներկայացնել մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն, օգտուելով մանաւանդ. «Հայաստանի եւ յարակից շրջաններու տեղանուններու բառարան» Երեւան, 1986, «Տարածուած աշխարհագրական տեղանուններու ցանկ» եւ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի «Հայոց Եկեղեցին» Կ. Պոլիս, 1913, աշխատասիրութիւններէն։

Տեղանունները ընտրեցինք ընդհանրապէս շատ գործածուած անուններէ, առանց հետապնդելու որոշ շարք մը կամ յաջորդականութիւն մը։

Տեղանունները իւրաքանչիւր բառարանի մէջ տրուած ուղղագրութեամբ կը ներկայացնենք։

ԼԱՄԲՐՈՆ. «Lambron» Նեմրուդ գալէ, Նիմրուդ, Չամլիյայլա, Տամրուն. բերդաքաղաք. Տարսոն քաղաքէն մօտ 38 ք.մեթր հիւսիս-արեւմուտք։ Նիմրուն Պելքեսի։

ՏԱՐՍՈՆ. «Դարսուս», «Դերսիս», «Թարսոն», «Թարսուս», «Տերսիս»։

ՍԿԵՎՌԱ. «Սգեւրա», «Սկեւռի վանք» Անուան ծագումը կապուած է հայերէն «սկյուռ» (սկիւռ) բառին հետ։ Ներսէս Լամբրոնացի եւ նշանաւոր գրիչներ այստեղ ապրած են։ Սկեւռայ վանք։

ՏՓՂԻՍ. «Թիֆլիս»։

ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆ. «Թաւրիզ»։

ՍԻՍ. «Քօզան»։

ՓԱՅԱՍ. «Պէրէքէթ»։

ԲԵՐԻԱ. «Հալէպ»։

ԳԵՐՄԱՆԻԿԱ. «Մարաշ»։

ՈՒԼՆԻԱ. «Զէյթուն»։

ԱՅՆԹԱՊ. «Անթէբ»։

ԱՆՏԻՈՔ. «Անթաքիա»։

ՄԵԼԻՏԻՆԷ. «Մալաթիա»։

ԵՕԶՂԱՏ. «Եօզկաթ»։

ԿԻՒՐԻՆ. «Քիւրին»։

ՏԵՓՐԻԿԷ. «Տիվրիկ»։

ՏԱՐԱՆՏԻԱ. «Տարէնտէ»։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ. «Քուտս», «Քուտիւս»։

ՅՈՊՊԷ. «Եաֆա»։

ԴԱՄԱՍԿՈՍ. «Շամ»։

ՎԵՐԻՏՈՆ. «Պէյրութ»։

ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼԻՍ. «Իսթանպուլ»։

ՆԻԿՈՄԻԴԻԱ. «Իզմիտ»։

ԱՐՄԱՇ. «Էրմիշէ»։

ԱԴՐԻԱՆՈՒՊՈԼԻՍ. «Էտիրնէ»։

ՌՈՏՈՍԹՈՅ. «Թէքֆուրտաղ», «Թէքիրտաղ»։

ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷ. «Սելանիկ»։

ՊՐՈՒՍԱ. «Պուրսա»։

ՊԻԼԷՃԻԿ. «Էրթուղրուլ», «Էրթօղրուլ»։

ՊԱՆՈՐՄԻՈՆ. «Պանտըրմա»։

ԿՈՒՏԻՆԱ. «Քէօթահիա», «Քիւթահիա»։

ԶՄԻՒՌՆԻԱ. «Իզմիր»։

ՊԱՓՂԱԳՈՆԻԱ. «Քաստամունի»։

ԳԱՂԱՏԻԱ. «Էնքարէ», «Էնկիւրիւ», «Անգարա»։

ԿԵՍԱՐԻԱ. «Գայսէրի»։

ԻԿՈՆԻՈՆ. «Գոնիա»։

ՍԵԲԱՍՏԻԱ. «Սըվազ»։

ԵՒԴՈԿԻԱ. «Թօքաթ»։

ՆԻԿՈՊՈԼԻՍ. «Շապին-Գարահիսար»։

ՍԱՄՍՈՆ. «Ճանիկ»։

ՏՐԱՊԻԶՈՆ. «Թրապուզան»։

ԿԱՐԻՆ. «Էրզրում»։

ԵՐԶՆԿԱ. «Էրզինճան»։

ԲԱԲԵՐԴ. «Պայպուրդ»։

ԲԱՍԷՆ. «Հասանքալէ»։

ԴԵՐՋԱՆ. «Թէրճան»։

ԿԱՄԱԽ. «Քէմախ», «Քէմահ»։

ԽՈՐՁԵԱՆ. «Քղի»։

ԲԱԳԵՒԱՆԴ. «Պայազիտ»։

ԱՂԲԱԿ. «Պաշքալէ»։

ԲԱՂԷՇ. «Պիթլիս»։

ՏԱՐՕՆ. «Մուշ»։

ՍՂԵՐԴ. «Սէէրթ», «Սիիրթ»։

ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏ. «Տիարպէքիր», «Տիյարպաքըր»։

ԲԱԼԱՀՈՎԻՏ. «Բալու»։

ԱՐՂՆԻ. «Էրկէնէ»։

ՉՆՔՈՒՇ. «Ջերմիկ»։

ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻՔ. «Բրգնիկ»։

ԲԱԳՐԱՏՈՒՆ. «Բրգնիկ»։

ԲԱԳՐԵՎԱՆԴ. «Ալաշկերտ»։

ՎԱԼԱՇԿԵՐՏ. «Ալաշկերտ»։

ՄԱԼԴԻԱ. «Maldia», «Մալաթիա»։

ՄԱԼԴԻՅԱ. «Maldiya», «Մալաթիա»։

ԽԱՐԲԵՐԴ. «Խարբութ», «Հարբութ»։

ԱԿՆ. «Էկին»։

ՉՄՇԿԱԾԱԳ. «Չեմիշկեզէք»։

ԵԴԵՍԻԱ. «Ուրֆա»։

ԲԱԲԵԼՈՆ. «Պաղտատ»։

- Պիտի շարունակուի…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր, 24, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2019