«Ե՛Ս ԵՄ ԴՈՒՌԸ»

«Ես եմ դուռը։ Ով որ ինձմէ անցնելով ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի, պիտի մտնէ եւ ելլէ եւ ճարակ պիտի գտնէ» (ՅՈՎՀ. Ժ 9)։ Այսպէս կ՚ըսէ Յիսուս երբ կ՚ուզէ ցոյց տալ մարդոց՝ փրկութեան ճամբան։

Այս խօսքին մէջ Յիսուս նկատի ունի ո՛չ միայն Հօր տանող ճանապարհը, որ ընդհանրապէս կը բացատրուի «փրկութեան» գաղափարով, որուն արժանի ըլլալու համար մարդ պարտաւոր է կարգ մը զոհողութիւններ ընէ եւ մանաւանդ ճամբան եւ այդ ճամբուն առաջնորդող, կամ բացուող «դուռ»ը ընտրէ։

Ուրեմն փրկութեան արժանանալ՝ ընտրութեան մը խնդիր է, եւ ահաւասիկ, Յիսուս իր այս խօսքով ցոյց կու տայ շիտակ ընտրութեան գաղտնիքը։ Յիսուս կ՚ըսէ, թէ Իրմով, Իրեն դիմելով եւ Իր ցոյց տուած ճամբայէն յառաջանալով, եւ մանաւանդ Իրմով բացուած ճամբով կարելի կ՚ըլլայ փրկութիւնը մարդուն։

Սակայն «դուռ» բացատրութեամբ Յիսուս, այստեղ նկատի ունի ո՛չ միայն փըր-կութեան ճանապարհը, այլ նաեւ «խնդրի մը լուծման միջոց»ը։ Արդարեւ, մարդ երբ հարց մը ունի եւ անոր լուծում կը փնտռէ, ճարը, դարմանը, այսինքն՝ «դուռ»ը Յիսո՛ւսն է։

Ուստի, մարդ, ամբողջ կեանքի ընթացքին կը հանդիպի տարբեր տեսակ դժուարութիւններու, նեղութիւններու եւ յաճախ այնպիսի անել վիճակներու, որ երբ կը պատահին, չի գիտեր, չի կրնար որոշել թէ ի՞նչ ընելու է, ո՞ր կողմ երթալու եւ որո՞ւ դիմելու է օգնութիւն ուզելու համար։

Ահաւասիկ, այդպիսի պարագաներուն դիմելու է «դուռ»ին՝ Յիսուսի որ երթալու միակ տեղն է։ Եւ այս «դուռ»էն մտնելով, մարդ կրնայ օգնութիւն գտնել, լուծում եւ ելք գտնել՝ անձին ապահովութիւն եւ ապաստան։ Եւ բոլորն ալ այն «դուռ»ին ետեւն են՝ Յիսուսի մօտ։ Եւ ինչպէս հարցերու լուծում, մանաւանդ միայն այս դուռէն ներս մտնելով կարելի է գտնել Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ վայելել զայն։ Արդարեւ, Յիսուս կ՚ըսէ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, քանի որ ես յաղթեցի աշխարհին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Եւ ուրեմն, բնական կամ սովորական պէտք է համարուի կեանքի մէջ պատահած ամէն նեղութիւն, դժուարութիւն, քանի որ Ի՛նք Յիսուս ալ դիմաւորուեցաւ եւ կրելու ստիպուեցաւ կեանքի նեղութիւններ եւ դժուարութիւններ, մինչեւ իսկ տառապանք, չարչարանք, ցաւ ու վի՛շտ։ Եւ ցաւերու ամենածանրը՝ անիրաւութեան եւ անարդարութեան զոհուեցաւ։ Բայց ինչպէս կ՚ըսէ, քաջ եղաւ այդ բոլորին դէմ, եւ յաղթե՛ց։

Այս մասին կ՚արժէ կարդալ 23-րդ սաղմոսը՝ ուր կ՚ըսէ. «Տէրը իմ Հովիւս է, ես բանի մը կարօտութիւնը պիտի չունենամ։ Զիս խոտաւէտ արօտներու մէջ կը պառկեցնէ, հանդարտ ջուրերու քով կ՚առաջնորդէ զիս։ Հոգիս կը նորոգէ։ Իր անուանը համար արդարութեան ճամբաներու մէջ կ՚առաջնորդէ զիս։ Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ, չարէն պիտի չվախնամ, քանի որ Դուն ինծի հետ ես, Քու ցուպդ ու գաւազանդ անոնք զիս պիտի մխիթարեն։ Իմ թշնամիներուս դիմաց՝ իմ առջեւս սեղան կը պատրաստես. իմ գլուխս իւղով կ՚օծես, իմ բաժակս շատ լեցուն է։ Քու բարերարութիւնդ եւ ողորմութիւնդ ինծի հետ պիտի ըլլան։ Կեանքիս բոլոր օրերուն մէջ եւ շատ օրեր Տէրոջը տունը պիտի բնակիմ» (ՍԱՂՄ. ԻԳ 1-6)։ Ուրեմն, նեղութիւններու մէջ Տէրոջ ապաւինիլ, յոյսը Անոր վրայ դնե՛լ. չյուսալքուիլ, այլ վըս-տահի՛լ։ Վստահիլ, բայց իրապէս վստահիլ անոր՝ որ վստահելի՛ է, ապահով է, կարող է հոգալ, խնամել եւ պաշտպանել եւ յետոյ փրկել, ազատել մարդս ամէն տեսակ նեղութիւններէ, ցաւերէ։ Արդարեւ, մարդ կը վստահի անոր՝ որ վստահութիւն կը ներշնչէ, եւ ահաւասիկ այս փոխադարձ զգացական վիճակը կը ստեղծէ հաւատքը։ Ուստի մարդ կը հաւատայ անոր՝ որուն կը վստահի, եւ փոխադարձաբար՝ կը վստահի անոր՝ որուն կը հաւատայ։ Եւ եթէ հաւատքը յայտնութեան մը փոխադարձել կը նշանակէ, ապա ուրեմն վստահութեան ներշնչումին ալ կը փոխադարձուի վստահելո՛վ։

Հայրը վստահելի՛ է եւ քանի որ Աստուած հա՛յր է, ուրեմն Ան ամենավստահելի՛ն է։

Աստուած մի՛շտ մեզի հետ է, միշտ պատրա՛ստ հոգալու, խնամելու, դարմանելու, օգնելո՛ւ ամէն նեղութեան եւ դժուարութեան մէջ, ամէն տեսակ ցաւ ու վիշտ։ Ասոր համար Ան մէկ բան կ՚ուզէ մեզմէ՝ վստահիլ Իրեն, ապաւինիլ եւ քա՛ջ ըլլալ։

Կը պատմուի, թէ անգամ մը Աստուած կը յայտնուի երիտասարդի մը եւ կ՚առաջարկէ ցոյց տալ անոր ամբողջ կեանքի ընթացքը։ Այն ատեն, երբ կ՚ընդունի երիտասարդը տեսնել իր կեանքի ընթացքը, վեր կը բարձրացնէ Աստուած երիտասարդը, եւ ան կը տեսնէ իր ապրած տարիները։ Այնուհետեւ երիտասարդը կը նկատէ, որ իր անցած կեանքի ճանապարհին վրայ կան քով քովի քալող զոյգ ոտնահետքեր։

«Ո՞վ է ինծի հետ քալողը», կը հարցնէ երիտասարդը հետաքրքիր։

«Այդ Ե՛ս եմ։ Ես քեզի հետ եմ, քեզի ուղեկից ամբողջ քու կեանքիդ ընթացքին», կը պատասխանէ Աստուած։

«Իսկ ինչո՞ւ երբեմն միայն մէկ զոյգ ոտնահետք կը տեսնուի, ինչո՞ւ ինծի մինակ թողած ես…», կը հարցնէ երիտասարդը յուսաբեկ ու վհատած։

Աստուած ժպտելով կը պատասխանէ.

«Ո՛չ, Ես երբեք քեզ մինակ չեմ թողած։ Այն տեսած մէկ զոյգ ոտնահետքերը Ի՛մ ոտնահետքերս են. քու կեանքի դժուարին եւ նեղութեան մատնուած պահերուն Ես քեզ ձեռքերուս վրայ տարած եմ…»։

Ուրեմն, հարցը վստահութեան խնդիր մըն է, երբ վստահինք թէ դուռ մը կը բացուի յոյսի, ազատութեան եւ բարութեան, այլեւս կը մնայ մտնել այն դուռնէն ներս։ Ահաւասիկ Յիսուսի ըսածն ալ ա՛յս է՝ վստահ կերպով մտէք դուռնէն ներս, այսինքն եկէ՛ք Յիսուսի եւ ապահով զգացէք դուք ձեզ, քանի որ այդ «Դուռ»ը փրկութեան կը բացուի։

Երբ կը խօսինք «դուռ»ի մասին, պէտք է յիշենք նաեւ Յիսուսի սա խօսքերը, ուր կը խօսի «նեղ դուռ»ի եւ «դժուարին ճամբայ»ի մասին։

«Մտէք նեղ դուռէն, քանի կորուստի տանող դուռը լայն է եւ ճամբան՝ ընդարձակ, եւ շատեր կը մտնեն անկէ։ Մինչ դէպի կեանք տանող դուռը նեղ է եւ ճամբան դժուարին, եւ քիչեր միայն կը գտնեն զայն» (ՄԱՏԹ. Է 13-14)։ Եւ դարձեալ Յիսուս կ՚ըսէ. «Ջանացէք նեղ դռնէն մտնել։ Կ՚ըսեմ ձեզի, որ շատեր պիտի ուզեն մտնել, բայց պիտի չկարենան։ Երբ տանտէրը մտնէ եւ դուռը փակէ, դո՛ւրս պիտի մնաք…» (ՂՈՒԿՍ. ԺԳ 24-25)։

Ահաւասիկ, Յիսուս ո՛րքան որ «դուռ» կը կոչէ ինքզինք, այս տողերով ալ ցոյց կու տայ, թէ դժուա՛ր է, աշխատանք կը պահանջէ մտնել այդ դուռնէն։ Արդարեւ, դժուար գործեր իրականացնելով է որ մարդ կրնայ արդար յաղթանակի մը հասնիլ. դիւրին ձեռք բերուածը ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 1, 2017, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2017