ՈՒՍՈՒՑԻՉ ՊԻՏԻ ՉՈՒՆԵՆԱՆՔ -Բ.

Բ.- Ինչպէ՞ս ընտրել ուսուցիչ:

Ուսուցիչ ընտրելու ընթացքը հայրենիքի եւ սփիւռքի պարագային տարբեր պատկերներ կը պարզեն, այս իսկ պատճառով ամբողջութեամբ տարբեր բաներ են հայրենիքի մէջ եւ սփիւռքի մէջ ուսուցիչ ըլլալը:

Ա.- Սփիւռք.- Դժբախտաբար սփիւռքի տարածքին մեր հայկական դպրոցները պետական հաստատութիւններ չեն. անոնք մի՛շտ ենթակայ են կուսակցութեան մը, կամ կազմակերպութեան մը եւ ա՛յն հաստատութիւնը, որ ունի որոշ առաջնորդող խումբ մը, բնական է, որ անոր ուսուցիչները եւս հետեւորդը ըլլան այդ կուսակցութեան կամ կազմակերպութեան: Հետեւաբար սփիւռքի մէջ ուսուցիչ ըլլալու նախապայմաններէն մէկը հետեւիլն է այն գաղափարներուն՝ որոնց դպրոցի առաջնորդները կը հետեւին:

Ու պահ մը կ՚ուզեմ հասկնալ. պատկերացուցէք անձ մը, որ իսկական ուսուցիչ ըլլալու բոլոր տուեալները ունի՝ սէր ուսման եւ աշակերտին հանդէպ, իմաստութիւն եւ հայրենասիրութիւն. պատկերացուցէ՛ք, որ հրաշալի հայագէտ մըն է. ի՞նչու պիտի չկարենայ մայրենի լեզու դասաւանդել՝ եթէ անդամ չէ այն կուսակցութեան՝ որ ստանձնած է դպրոցի առաջնորդութիւնը:

Մեր իրականութեան մէջ դժբախտաբար մարդը գործէն զանազանելու հիւանդութիւնն ու դժուարութիւնը գոյութիւն ունի. տակաւին չենք կրցած հասկնալ, որ եթէ Յակոբը Հնչակեան է, սակայն կատարեալ հայագէտ ու գրականագէտ մը, իր Հնչակեան ըլլալը արգելք պէտք չէ ըլլայ դասաւանդելու Ռամկավար ազատական կուսակցութեան կամ Դաշնակցութեան դպրոցներէն ներս, որովհետեւ առաջնահերթութիւնը այդտեղ նոր սերունդին հայերէն կամ գրականութիւն սորվիլն է եւ ո՛չ թէ կուսակցական հաշիւները:

Կը կարծենք, որ ընտրութեան առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ հետեւեալ ձեւով.- կարողութիւն, շնորհք, նկարագիր եւ ապա պատկանելիութիւն, սակայն նկատի ունենալով, որ մենք առաջնահերթութիւն դարձուցած ենք պատկանելիութիւնը՝ մնացածին կարեւորութիւն չենք տար:

Հաւանաբար գտնուին տակաւին միամիտներ, որոնք կարծեն, թէ ուսուցիչի ընտրութեան ամենէն լաւագոյն ձեւը անոր կարողութիւններն ու շնորհքները նկատի ունենալն է: Այդպիսի ժամանակաշրջան եթէ եղած է չեմ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ այսօր ո՛չ մէկ արժէք ունին ուսուցիչին կարողութիւններն ու շնորհքները:

Ուսուցիչի ընտրութեան լաւագոյն պատկերը տեսանք վերջերս Լիբանանի մէջ, երբ չորս-հինգ դպրոց փակելով որոշեցին բանալ Միացեալ վարժարան մը. փակուող դպրոցներէն պէտք է ընտրուէր «լաւագոյն» ուսուցիչները կազմելու համար նորակազմ դպրոցի ուսուցչական կազմը: Չափազանցած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ դպրոցի շէնքի շինութենէն իսկ առաջ ընտրուած էր ուսուցչական կազմը, ընտրուած էր մինչեւ իսկ պատասխանատու վարչութեան կազմը:

Բազմաթիւ նուիրեալ եւ իսկապէս ուսուցիչ անձեր դուրս մնացին ուսուցչական այդ կազմէն եւ անոնց տեղը եկան անոնք՝ որոնք վերին խաւերուն մէջ ունին ծանօթներ եւ միջնորդներ. մինչեւ իսկ տնօրէնը ընտրուեցաւ ո՛չ թէ կարողութեան, այլ ծանօթ-խնամի-բարեկամ կարգախօսին հիման վրայ, որովհետեւ ցաւ ի սիրտ, մեզի համար ապագայ սերունդին վիճակէն աւելի մեր կուսակցութեան, մեր կազմակերպութեան, մեր բարեկամներուն եւ ծանօթներուն «լաւութիւն»ը առաջնահերթ ու կարեւոր է:

Ուսուցիչի ընտրութեան չափանիշը յստակ ըլլալու համար ըսեմ. նկատի ունենալով դպրոցին Լիբանանի թեմի առաջնորդարանին պատկանիլը, եկեղեցական մը առաջնորդին առիթով մը կ՚ըսէր. «Եղբօրս աղջիկը կայ, չե՞նք կրնար դպրոցին մէջ բան մը դասաւորել...». ճի՛շդ այդ դասաւորումն է այսօր մեր ուսուցիչի ընտրութեան չափանիշը:

Ինչքա՜ն կը փափաքէի, որ ուսուցիչի ընտրութիւնները կատարուէին արդար քննութեան արդիւնքներու հիման վրայ, որպէսզի նոր սերունդին որպէս ուսուցիչ նշանակուէր ան՝ որ իրապէս ունի կարողութիւն ու իմացութիւն եւ ո՛չ թէ ան՝ որ ականջը զանգին պահին վերջ գտնելը կ՚երազէ:

Անոնք որոնք ունին ծանօթ-խնամի-բարեկամ, չկայ աւելի հանգիստ գործ մը՝ քան ուսուցչութիւնը. այսօր մեր դպրոցները լեցուն են ուսուցչարանը սուրճ խմել սիրող «ուսուցիչ»ներով:

Այսօր Լիբանանի մէջ կան բազմաթիւ դպրեվանք աւարտած սարկաւագներ. պահ մը գացէ՛ք եւ ստուգեցէք, թէ որոնք են դպրոցներուն մէջ կրօնական դասեր տուողները: Որպէսզի պատասխանը դիւրացնեմ, ըսեմ, որ կրօնի ուսուցիչ մը առիթով մը կը բացատրէր, թէ Տասնաբանեան հաստափոր գիրք մըն է, որ այսօր Երուսաղէմի մէջ կը գտնուի...:

***

Կ՚ուզենք ընթերցողներուն համար, ներկային հակառակ, յստակ ըլլայ, թէ ինչպէս տեղի կ՚ունենար ուսուցիչի ընտրութիւնը անցեալին: Բացէ՛ք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի, ինչպէս նաեւ հոգին աւանդած այլ մամուլներու հին էջերը. այդտեղ պիտի տեսնէք յայտարարութեան ճամբով դրուած փոքր կենսագրականներ, ուր թերթը կը ներկայացնէր շրջանաւարտ այս կամ այն աշակերտը, որոնք կը փափաքին ուսուցչութեան ասպարէզ նետուիլ. ներկայիս հազուագիւտ առիթներով դպրոցը յայտարարութիւն կը դնէ, թէ ուսուցիչ կը փնտռէ, մինչ անցեալին ուսուցիչը ինք յայտարարութիւն կը դնէր, ըսելու համար, թէ պատրաստ է պաշտօն ստանձնել՝ հիմնուելով իր ուսման եւ գիտելիքներուն վրայ:

Այս բոլորը գիտնալէ ետք, կը կարծեմ աւելի նախընտրելի է բարեկամական, խնամիական կապեր հաստատել՝ քան տարիներով ուսանիլ ուսուցիչ դառնալու համար:

•շարունակելի

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԳՐԻԳՈՐ ՉՈՒՊԱՐԵԱՆ
(1888-1962)

Մեր թուականէն 134 տարիներ առաջ՝ 6 յուլիս 1888-ին Խրիմի մէջ ծնած է իրաւաբան, հրապարակախօս, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ Գրիգոր Չուպարեան:

Չուպարեան հայրն է քանդակագործ եւ Հայաստանի Ժողովրդական նկարիչ Ղուկաս Չուպարեանին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք՝ 1913 թուականին ընդունուած է Ռուսաստանի Եարոսլաւլի համալսարանի իրաւաբանական բաժին։ Աւարտելէ ետք իրաւաբանական ուսումը ընդունուած է Մոսկուայի Պետական համալսարանի պատմագրական բաժինը:

Ուսումը ամբողջութեամբ աւարտելէ ետք, 1919 թուականին հաստատուած է Երեւան, ուր 1920-1924 թուականներուն ստանձնած է Արդարադատութեան ժողովրդական կոմիսարի առաջին տեղակալի պաշտօնը՝ մեծապէս նպաստելով 1922 թուականի սահմանադրութեան քրէական դատավարութեան եւ հողային օրէնսգիրքի, ինչպէս նաեւ տուգանքներու վերաբերեալ հարցերու վերաբերեալ օրէնքներու մշակման գործին: Երեւան հաստատուած տարիներէն Չուպարեան եղած է Երեւանի Պետական համալսարանի հիմնադիր դասախօսներէն մին, ուր ուսուցչութիւն կատարած է մինչեւ 1937 թուականը: Այդ տարիներուն ենթարկուած է բռնադատութեան եւ երկար ժամանակ աքսորուած է. աքսորի ընթացքին ոչնչացուած է նաեւ անոր բոլոր աշխատութիւնները. 1956 թուականին արդարացուելով դարձեալ վերադարձած է Հայաստան:

Վերադառնալով Հայաստան Չուպարեան շարունակած է իր ուսուցչութեան պաշտօնը՝ մինչեւ իր մահը:

Շնորհիւ իր վաստակին, Չուպարեան 1961 թուականին արժանացած է Հայաստանի Գիտութեան վաստակաւոր գործիչի կոչումին:

Իրաւաբանը մահացած է 6 սեպտեմբեր 1962-ին, Երեւանի մէջ: Մինչեւ օրս ի յիշատակ Չուպարեանին Երեւանի Պետական համալսարանի կեդրոնական մասնաշէնքին մէջ տեղադրուած է իրաւաբանին կիսանդրին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 6, 2022