ԾԱՅՐԱՅԵՂՈՒԹԵՆԷ ԾԱՅՐԱՅԵՂՈՒԹԻՒՆ

Յեղյեղուկ ու դիւրափոփոխ խառնուածքի տէր ըլլալը մեր ազգի մեծագոյն մորմոքն է, որովհետեւ մեր այդ բնութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի մենք մէկ ծայրայեղութենէ անցնինք այլ ծայրայեղութեան, առանց կարենալու անոնց միջեւ միջին մը ստեղծելու:

Գրեթէ ամէ՛ն բանի մէջ կորսնցուցած ենք մեր միջինները. կա՛մ շատ հայրենասէր ու ազգայնական եւ կամ ընդհանրապէս անտարբեր: Կա՛մ շատ հաւատացեալ ու Աստուածավախ, կամ ընդհանրապէս անհաւատ ու անկրօն:

Անցեալին մի՛շտ կը քննադատուէր ծայրայեղ կեցուածքը, որովհետեւ կար այն համոզումը, որ ծայրայեղութիւնն է, որ շատ անգամ պատուհաս կը բերէ մեր ազգի գլխուն: «Յառաջդիմութեան» տեսութենէն առաջնորդուելով փորձեցին մեր մէջէն վերացնել ծայրայեղութիւնը, սակայն մենք ինչպէս մի՛շտ յօնք շտկելու տեղ աչք հանեցինք: Խրիմեան Հայրիկ «Սիրաք Եւ Սամուէլ» աշխատութեան մէջ խրատեց «արդար տնտեսող ձեռք եւ միտք պէտք է, որ նախ երկու ծայրայեղ կեանքէն զգուշանայ, ոչ առաւելու եւ ոչ նուազի», սակայն մենք չկրցանք առաւելին եւ նուազին միջեւ մեր հաւասարակշռութիւնը պահել: Վստահաբար մարդուն համար ամենէն օգտակարը ծայրայեղութեան անչափաւորութենէն հեռու մնալն է, ինչպէս ժողովուրդը կ՚ըսէ՝ «ամէն ինչին շատը վնաս է»:

Ներկայ իրավիճակը տեսնելով, սակայն, սկսած ենք կամաց կամաց համոզուիլ, որ աւելի լաւ է ծայրայեղ ըլլալ, քան յեղյեղուկ վիճակով տարակուսիլ ու երկբայիլ, որովհետեւ ներկայ աշխարհը տրամադիր է իր ճիրաններուն մէջ առնել անկայունները:

Մեր այս դժբախտ կացութեան մեծագոյն մեղաւորը «ազատամտութիւն» կոչուած կարգախօսն է, որովհետեւ նախքան ազատամտութեան քարոզչութիւնը հայը աւելի հայրենասէր ու ազգասէր էր (ոչինչ եթէ ծայրայեղ ձեւով): Ծայրայեղութիւնը վնաս է, սակայն այդ ծայրայեղութիւնն է, որ դարեր շարունակ ոտքի վրայ պահեց մեր ազգն ու պետութիւնը: Ծայրայեղութեան արդիւնքով էր, որ մեր լեզուն գոյատեւեց, ու այսօր երբ ազատամտութեան գաղափարին սկսանք հետեւիլ, սկսաւ կորսուիլ լեզուն. գացէ՛ք եւրոպական երկիրներ, Միացեալ Նահանգներ եւ հայ լեզուի վիճակը լաւագոյն փաստն ու օրինակը պիտի ըլլայ:

Շաբաթներ առաջ կը կարդայի «Հայրենիք» օրաթերթի ուրբաթ, 28 դեկտեմբեր 1934-ի թիւը, ուր «Խարազան» գրչանունով գրիչ մը ստորագրած է «Ո՞վ է մեղաւորը» անունով հրապարակախօսութիւն մը: Յօդուածին ամբողջութիւնը ընդվզում էր ի դէմ տպագրուած օրացոյցի մը: Հեղինակը կը գրէր. «Հրապարակ հանուած օրացոյցները որո՞նց պիտի ծախուին, Խնամակալութիւնը ինչո՞ւ փափկանկատութիւնը չունեցաւ չվիրաւորելու ազգայնականներու արժանապատուութիւնը, քանի որ օրացոյցները, որպէս կրթական հաստատութեան մը սեփականութիւնը, հաւասարապէս պիտի ծախուի բոլորին, մինչդեռ ազգայնական հայը չի կրնար իր տունէն ներս պահել առանց Մայիս 28-ի տօնական օրուան օրացոյց»: Ընդվզումը հասկցա՞ք...: Կը բողոքէ, որ Մեսրոպեան ճեմարանը տպագրած օրացոյցին մէջ Մայիս 28 թուականը կարմիր գոյնով՝ որպէս ազգային տօն նշած չէ. ու ի՛նչ ըմբոստացում:

Վերոյիշեալ տողերը մէջբերեցի, որպէսզի ըմբռնենք տարբերութիւնը անցեալին եւ ներկային: Ո՜ւր էինք, եւ ո՜ւր հասանք: Գրողը 87 տարիներ առաջ կ՚ընդվզէր օրացոյցին մէջ Մայիս 28-ը կարմիրով չգրելուն համար, իսկ այսօր ըսեմ... ունինք սերունդ մը, որ չի՛ գիտեր ինչ է 1918-ը, չի՛ գիտեր ինչ է Մայիս 28-ը: Հիմա ինչքա՜ն աւելիով երանի պիտի տայինք, որ օրացոյցի էջերուն մէջ սեւով գրուէր Մայիս 28-ը, սակայն գիտցուէր անոր կարեւորութիւնն ու կենսականութիւնը:

Անցեալին ունէինք տարեցներու սերունդ մը, որ աւելի թրքախօս էր՝ քան հայախօս, սակայն այդ թրքախօս մայրերն ու հայրերը մնայուն ներկայութիւն էին մեր ազգային կեանքի բոլոր առիթներուն: Այսօր հակառակ անցեալին ունինք լեզուն լաւապէս հասկցողներ, որոնք տարին մէ՛կ անգամ նոյնիսկ չեն մօտենար հայկական շրջանակներու:

«Երբ չի մնում ելք ու ճար, Խենթերն են գտնում հնար» եւ վստահ ենք, որ այդ խենթերը թունդ ծայրայեղական ազգայնականներ են: Ծայրայեղութեան պակասն է, որ Արցախի մէջ հայոց ունեցած պարտութիւնը շատերու համար ցաւ չեղաւ. հողերու կորուստը ցաւ չեղաւ: Ծայրայեղութեան պակասի ծնունդն էր, որ Շուշիի պէտք ըլլալն ու չըլլալը հարցականի տակ դրուեցաւ, մինչ այդ հողերը պաշտպանուած ու փրկուած էին ծայրայեղականներու կողմէ:

Ծայրայեղութիւն կը մաղթեմ բոլորի՛դ, որովհետեւ աւելի՛ պատուաբեր է ծայրայեղ հայը, քան յեղյեղուկ օտարամոլը:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՆՈՒԱՐԴ ԶԱՐԵԱՆ
(1917-2005)

Մեր թուականէն 104 տարիներ առաջ՝ 6 օգոստոս 1917 թուականին մահացած է հայ քանդակագործուհի Նուարդ Զարեան:

Նուարդ Զարեան դուստրն է գրող, բանաստեղծ ու արձակագիր Կոստան Զարեանի եւ դաշնակահարուհի Թագուհի Շահնազարեանի, ինչպէս նաեւ քոյրը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր ճարտարապետ Արմէն Զարեանի:

 Զարեանի նկարչական ձիրքը սկսած է երեւան գալ 17 տարեկանին: Նկարչական ուսում ստացած է Միլանոյի եւ Վենետիկի մէջ, սակայն քանդակագործ Ատոլֆ Վիլիտի խորհուրդով սկսած է զբաղիլ քանդակագործութեամբ: Հռոմի Գեղարուեստից կաճառին մէջ, աշակերտելով յայտնի քանդակագործներու:

Ան 1950 թուականին կը մասնակցի իտալացի նշանաւոր արուեստագէտներու հետ Հռոմի նոր կայարանի ձեւաւորման համար Իտալիոյ կառավարութեան կազմակերպած մրցոյթին եւ կ՚արժանանայ առաջնութեան:

Իրանի կառավարութիւնը, 1951 թուականին Նուարդ Զարեանէն կը խնդրէ պատրաստել Իրանի վերջին շահ՝ Ռըզա Փեհլեւիի դիմանկարը՝ շահի դամբարանին համար:

Նուարդ Զարեան եղած է ուսուցիչ՝ Հռոմի եւ Իտալիոյ կարեւորագոյն գեղարուեստի դպրոցներէն ներս: 1946 թուականին կազմակերպած է իր անհատական առաջին ցուցահանդէսը, որու ընթացքին ցուցադրուած է քանդակ, փայտագրութիւն եւ գծանկար: Հայրենիքի մէջ առաջին անգամ ցուցահանդէս կազմակերպած է 1964 թուականին, որու ընթացքին 25 գործ նուիրած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին:

Անոր նշանաւոր գործերէն են «Մայրութիւն»ը, «Արեւին նայող կինը», «Նստած կինը» աշխատութիւնները:

Նուարդ Զարեան 87 տարեկան հասակին մահացած է 31 յունուար 2005 թուականին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Օգոստոս 6, 2021