ԱՂՕԹՔԻ ՄԷՋ ԱՐԹՈՒՆ ԿԵՆԱԼ

Երբ Աստուծոյ կը մօտենանք, պէտք է Անոր մօտենանք իբրեւ Հայր՝ հօր մտերմութեան, անկեղծութեան մէջ։ Այս մտերմութեամբ պէտք է հայցենք Իրմէ շնորհք եւ օրհնութիւն եւ պարտինք սիրոյ եւ ներողամտութեան ոգի ունենալ մեր սրտին մէջ։

Արդարեւ, ի՞նչպէս կրնանք ըսել՝ «Ներէ՛ մեզի մեր պարտքերը ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտականներուն», (ՄԱՏԹ. Զ 12)՝ երբ մենք արդէն աններող ոգի մը ունինք։ Ուստի, եթէ կ՚ուզենք, որ մեր աղօթքները լսելի՛ ըլլան, պարտինք ներե՛լ ուրիշները՝ ինչպէս եւ ինչքա՛ն կը յուսանք որ ներուի մեզի։

Աղօթքի մէջ յարատեւութիւնը՝ առնե՛լու անհրաժեշտ մէկ պայմանն է։

Պէտք է աղօթենք միշտ՝ յարատեւ, եթէ կ՚ուզենք աճիլ հաւատքի եւ փորձառութեան մէջ։ Պէտք է «ստէպ աղօթքի կայնիլ», «շարունակ աղօթքի ետեւէ ըլլալ», «անոր մէջ արթո՛ւն մնալով գոհութեամբ», (ՀՌՈՄ. ԺԲ 12), (ԿՈՂ. Դ 2)։ Պետրոս առաքեալ հաւատացեալները կը յորդորէ սա խօսքերով. «Զգա՛ստ եղէք, եւ աղօթքի մէջ արթո՛ւն կեցէք», (Ա ՊԵՏ. Դ 7)։

Այստեղ պէտք է յիշել՝ թէ «յարատեւութիւն»ը երբեք անիմաստ եւ կուրաբար՝ թութականման կրկնութիւն չէ, այլ՝ գիտակցութեամբ շարունակել աղօթքը։ Ուստի աղօթքի ատեն անհրաժե՛շտ է գիտակցութիւնը, հաւատքը, աղօթքի նպատակին եւ իմաստին մէջ խորանալ։

Պօղոս առաքեալն ալ կը պատուիրէ. «Ամէն բանի մէջ աղօթքով եւ աղաչանքով, գոհութեամբ մէկտեղ ձեր խնդրուածքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ», (ՓԻԼ. Դ 6)։ «Բայց դուք՝ սիրելի՜ներ», կ՚ըսէ Յուդա առաքեալ. «ձեր անձերը շինելով ամենասուրբ հաւատքին վրայ, եւ Սուրբ Հոգիով աղօթք ընելով, ձեր անձերը Աստուծոյ սիրոյն մէ՛ջ պահեցէք», (ՅՈՒԴԱ Ի 21)։

Այս իմաստով յարատեւ աղօթքը հոգիին անքակտելի կա՛պն է Աստուծոյ հետ, այնպէս որ Աստուծմէ կենդանութիւն կը յորդի մեր կեանքին մէջ, եւ մեր կեանքէն մաքրութիւն եւ սրբութիւն կը ցոլանան առ Աստուած։

Աղօթքի մէջ «արթո՛ւն կենալ» անհրաժեշտ է, եւ ո՛չինչ պէտք է արգելք հանդիսանայ այս բանին մէջ։

Ամէն ջանք ընելու է՝ Յիսուսի եւ մեր հոգիին միջեւ հաղորդակցութիւնը սե՛րտ պահելու համար։ Ամէն պատեհութիւն ձեռքէ պէտք չէ փախցնել երթալու համար հոն՝ ո՛ւր աղօթք կը մատուցուի։

Անոնք որ ճշմարտապէս Աստուծոյ հետ հաղորդ ըլլալ կ՚ուզեն, պիտի երեւան աղօթքի ժողովներու մէջ, հաւաքական աղօթքով, հաւատարիմ՝ իրենց պարտականութիւնը կատարելու, եւ եռանդուն եւ անձկալից քաղելու այն բոլոր օգուտները՝ զորս կրնան ձեռք բերել։ Ուստի ամէն առիթէ պիտի օգ-տըւին անոնք՝ իրենք զիրենք դնելու համար հոն՝ ո՛ւր կրնան լո՛յս ստանալ երկինքէն։

Ընտանեկան շրջանակի մէջ ալ պարտինք աղօթել. եւ մանաւանդ՝ պէտք չէ՛ զանց ընենք առանձին աղօթքը, քանի որ ա՛յդ իսկ է հոգիին կեանքը։ Անկարելի՛ է որ հոգին աճի եւ զարգանայ՝ եթէ աղօթքը զանց կ՚առնուի։ Ընտանեկան կամ հրապարակային՝ հաւաքական աղօթքը չի բաւեր միայն։ Առանձնութեան մէջ թող հոգին պարզուի Աստուծոյ խորաթափանց ակնարկին տակ։

Առանձին աղօթքը պիտի լսուի միայն աղօթքը լսող Աստուծմէն։ Ո՛չ մէկ հետաքրքիր ականջ պէտք է լսէ աղերսներուն էութիւնը եւ իմաստը։ Առանձին աղօթքի մէջ հոգին զերծ է արտաքին ամէն տեսակ ազդեցութիւններէ, զերծ՝ ամէն յուզումէ։

Առանձին աղօթքը հանդարտօրէն, մտերմութեամբ եւ անկեղծութեամբ, այլ ջերմեռանդօրէն, ամբողջ էութեամբ կը բարձրանան առ Աստուած։

«Դուն երբ կ՚աղօթես՝ մտի՛ր սենեակդ, գոցէ՛ դուռը եւ ծածուկ կերպով աղօթէ քու երկնաւոր Հօրդ։ Եւ Հայրդ որ անտեսանելի է եւ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի հատուցանէ յայտնապէս», կ՚ըսէ Յիսուս. (ՄԱՏԹ. Զ 6)։

Այս կը նշանակէ՝ բոլորովին ամփոփուիլ ներաշխարհին մէջ, հեռանալ ամէն տեսակ արտաքին ազդեցութիւններէ, գոցելով ականջները եւ աչքերը։

Ամփոփուած ներաշխարհին մէջ՝ աղօթելու ատեն քաղցր եւ տեւական պիտի ըլլայ ազդեցութիւնը՝ որ կը բխի Աստուծմէ՝ որ կը լսէ ամէն ինչ որուն ականջը միշտ բա՛ց է լսելու սրտաբուխ աղօթքը, եւ դարձեալ, Ան միշտ կը տեսնէ աղօթողը, քանի որ Ան ամենատես է, եւ գաղտուկը կը տեսնէ յստակ կերպով ե՛ւ մանաւանդ Իր հաղորդակիցը՝ հաւատարիմ աղօթողը։

Աղօթէ՛ սենեակիդ մէջ, եւ ամէնօրեայ զբաղումներուդ գացած ատենդ՝ ճամբան կամ գործատեղին՝ սիրտդ յաճախ բարձրացուր Աստուծո՛յ։ Ենովք այսպէս քալեց Աստուծոյ հետ։ Եւ այդ լռին աղօթքները կնդրուկի նման դէպի շնորհներու աթոռը կը վերանան։ Սատանան՝ չարը պիտի չկարենայ յաղթել այն մարդուն՝ որուն սիրտը այսպէս վստա՛հ եւ անտարակոյս կը հանգչի Աստուծոյ վրայ։ Քանի որ իսկական սէրը եւ հաւատքը կ՚ենթադրեն վստահութիւն եւ ապահովութիւն՝ անվտանգութի՛ւն։

Չկա՛յ տեղ կամ ժամանակ՝ ուր յարմար չըլլայ Աստուծոյ աղերս բարձրացնել՝ աղօթե՛լ։ Ո՛չինչ կարող է մեզ արգիլել, որ մեր սիրտը վեր չբարձրացնենք ջերմեռանդ աղօթքով։ Ան միշտ մեզի հետ է եւ ինչո՞ւ մենք չըլլանք միշտ Անոր հետ, քանի որ, «Տէրը իմ Հովիւս է. ես բանի մը կարօտութիւնը պիտի չունենամ … թէեւ մահուան շուքի մէջ, մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ, չարէն պիտի չվախնամ, քանի որ Դո՛ւն ինծի հետ ես …», (ՍԱՂՄ. ԻԳ 1 եւ 4)։ Եւ երբ մարդ ունի ամենավստահելի Հայր մը, ապա ուրեմն ինչո՞ւ մտահոգուի իր կեանքէն, ինչո՞ւ վախնայ չար պատահարներէն։ Ուստի եթէ գիտակցութիւնը եւ հաւատքը ունինք Ամենավստահելիին, այլեւս պատճառ չունինք մտահոգուելու, քանի որ «Այսուհետեւ հոգ մի՛ ընէք վաղուան համար, որովհետեւ վաղուան օրը պիտի հոգայ իրեն համար, ամէն օրուան հոգը բաւական է իրեն», կ՚ըսէ Յիսուս. (ՄԱՏԹ. Զ 34)։ Եւ դարձեալ Ան մեզ կը հրաւիրէ քա՛ջ ըլլալու նեղութիւններու դէմ երբ կ՚ըսէ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին», (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Ուրեմն բա՛ւ է որ աղօթենք եւ աղերս բարձրացնենք Իրեն, որ քաջալերէ մեզ, քաջութիւնը զօրացնէ մեր մէջ եւ Իր քաջութենէն բաժին տայ մեզի մեր նեղութիւններուն մէջ՝ որպէսզի Ի՛ր իսկ օրինակով կարենանք դիմադրել նեղութիւններու եւ յաղթենք աշխարհին։

Ուստի երբեք չտարակուսինք եւ չկասկածինք Աստուծոյ սէրէն եւ Իր խոստումներէն, միա՛յն վստահինք Իրեն որպէս բարեգութ Հա՛յր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 28, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2018