ՏԵՂԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ - Բ -

Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել տեղանուններ, որոնք տարբեր շրջաններու տարբեր ձեւեր եւ հնչիւններ ստացած են. պատմական տեսակէտով տեղանունի մը անցեալի եւ ներկայ ձեւը գիտնալ կարեւոր կը համարենք, քանի որ այդ փոփոխութեան մասին տեղեկութիւն ունենալ կարդացուածը աւելի դիւրահասկնալի կ՚ընէ։ Տեղանունները քաղուած են՝ «Հայոց Եկեղեցին - 1913», Մաղաքիս Արքեպս. Օրմանեանի գիրքէն, ինչպէս նաեւ «Տարածուած աշխարհագրական տեղանուններու ցանկ»էն եւ «Հայաստանի եւ յարակից շրջաններու տեղանուններու բառարան»էն։

Տեղանունները ընտրուած են ընդհանրապէս աւելի շատ գործածուած անուններէն։

ՖԱՏԻՍԱ. «Ֆաթսա», «Fatisa»։

ՖԱՏԻՍԱՆԷ. «Ֆաթսա», «Fatisane»։

ԼԱԳԻԱԶԱ. «Այաս», «Lagiaza»։

ԼԱՈԴԻԿԵԱ. «Լադիկ», «Ladik»։

ՈՐՈՄԱՆԴՈՆ. «Հուրման-Տերեսի»։

ՄԱՐԶՎԱՆ. «Marzvan», «Թէոդոսուպոլիս», «Նէապոլիս», «Մերզիֆուն», «Մերզիֆոն, «Փագիմոն»։

ԱՄԱՌԱ. «Ամասիա», «Amar'a»։

ԱՄԱՍԻԱ. «Ամասիասու», «Ամասիասույու», «Amasia»։

ԷՎԳԱՌ. «ԵՎՔԱՐԱ»։

ԷՖԼԵՆՈՒՍ. «Օսմանճըգ»։

ԲՈԼՈՆԻԱ. «Լեհաստան»։

ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ. «Շվեյցարիա»։

ԼԻԹՈՒԱՆԻԱ. «Լիտվա»։

ՆԻՍ. «Նիցցա»։

ՇՈՒԷՏ. «Շվեդիա»։

ՍԻՊԵՐԻԱ. «Սիպիր»։

ՍՔՈԹԼԱՆԴ. «Շոտլանդիա»։

ՏԱՆԵՄԱՐՔ. «Դանիա»։

ՔՐՈՒԱԹԻԱ. «Խորվաթիա»։

ՍԱՄԱՐԻԱ. «Սամիրիյէ»։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ. «Երուշալիմ», «Քուտիւս»։

ԱՄՄՈՆ. «Ամմոն»։

ԵՓԵՍՈՍ. «Էֆէս»։

ԼԻԿԻԱ. «Լիքիա»։

ԿԱՊԱԴՈՎԿԻԱ. «Գաբատոքիա»։

ԿԻԼԻԿԻԱ. «Գիլիգիա»։

ԿՐԵՏԷ. «Կիրիթ»։

ԿԻՐԵՆԻԱ. «Գիրենէ»։

ԵԳԻՊՏՈՍ. «Մըսըր»։

ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆ ԾՈՎ. «Աքտէնիզ»։

ԱԹԷՆՔ. «Աթինա»։

ՄԱԼԹԱ. «Մալթա»։

ԱՔԱՅԻԱ. «Ահայա»։

ԳԱՂԱՏԻԱ. «Կալաթիա»։

ԲԻԹԱՆԻԱ. «Պիթինիա»։

ՓՌԻԳԻԱ. «Ֆրիգիա»։

ԿԻՊՐՈՍ. «Գըպրըզ»։

ԳԱԼԻԼԵԱ. «Կալիլէ»։

ԲԵՐԵԱ. «Բերէա»։

ՄԵՌԵԱԼ ԾՈՎ. «Էօլիւ տէնիզ», «Լութ Կէօլիւ»։

ՔՈՐԱԶԻՆ. «Հորազին»։

ԿԱՓԱՌՆԱՈՒՄ. «Գաֆէրնահում»։

ԿԱՆԱ. «Գանա»։

ԵՄՄԱՈՒՍ. «Էմմաուս»։

ՆԱԶԱՐԷԹ. «Նասըրա»։

ՓԻԼԻՊՊՈՍԻ ԿԵՍԱՐԻԱ. «Ֆիլիբբի Գայսէրէսի»։

ԲԵԹԱՆԻԱ. «Պէյթանեա»։

ԲԵԹԼԵՀԷՄ. «Պէյթ-լէհէմ»։

ԿԱԶԱ. «Գազա»։

ՍԻԿԻԼԻԱ. «Սիճիլեա»։

ՀՌՈՄ. «Ռոմա»։

ԱՐԻՄԱԹԵԱ. «Արամաթեա», «Արիմաթէա»։

ԼՈՒՔԻԱ. «Չալթա Ըրմաք»։

ՉԱԹԱԽ. «Չաթաք»։

ՋՐԱՁՈՐ. «Չալաբ»։

ՉԱԼԴԻՐ. «Չըլդըր»։

ՎԱԳՖ. «Վագըֆ»։

ԲԱԲԵՐԴ. «Բայբուրդ», «Պայպուրթ», «Baberd», «Պայպուրտ»։

ԱՅՆԹԱՊ. «Anteba», «Անթէպ»։

ԱՆՏԱՔ. «Antak'ia», «ԱՆԹԱՔԻԱ»։

ԱՆՏԻՈՔ. «Անթաքիա»։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 25, 2019, Իսթանպուլ 

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2019