«ԿԱՊՈՅՏ ԱՐԻՒՆՆԵՐ» ՀԵՌՈՒՍՏԱՇԱՐԸ

Խորագիրս կը պատկանի ամերիկեան մէկ ժամ տեւողութիւն ունեցող սերիալի մը, որ տարիներէ ի վեր եւ ամէն ուրբաթ իրիկուն ժամը 10-ին կը սփռուի հեռատեսիլի հանրայայտ կայաններէն մէկէն, իբրեւ շատ փնտռուած եւ յաջողած յայտագիր:

Անկեղծօրէն ըսեմ, որ այս անիծեալ քորոնան պատճառ դարձած էր, որ աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր, ես ալ ինքզինքս կամաւոր «բանտուած» պահեմ տանս մէջ: Նորութիւն մը չէ:

Օրուան ընթացքին բաւական գրել-կարդալէ, քիչ մըն ալ պարտէզով զբաղուելէ եւ աւելին՝ մեզի սահմանուած միայն դեղարան-մարքէթ-բժիշկ տեսնելէ, այցելելէ եւ կամ գնումներ կատարելէ ետք, երեկոյեան, բոլորին նման, ես ալ ինքզինքս հեռուստացոյցին դիմաց զբաղ կը պահեմ, գոնէ օրուան լուրերը եւ քիչ մըն ալ հաճելի ու շարունակական սերիալներով, օրուան մնացեալ ժամերս վատնելու:

Ահա ասոնցմէ է, վերեւ նշած սերիալս:

Յստակ ըսեմ, որ նպատակս այս սերիալի մասին աժան եւ առատ ծանուցում ընել կամ ներկայացնելը չէ: Ամենեւին: Այլ, որովհետեւ հոն բաժին մը գտած եմ, որ իբրեւ գեղեցիկ ու օրինակելի, նոյնիսկ ուսուցանելի եւ դաստիարակիչ երեւոյթ ու տեսարան, զիս մեծապէս տպաւորած է: Անոր համար կ՚ուզեմ այդ մտածումներուս բաժնեկից դարձ-նել ընթերցողս ալ:

Գալով սերիալի նիւթին, նաեւ ըսեմ, որ այդքան ալ հետաքրքրական չէ: Ան պարզապէս կը ներկայացնէ Րիկըն անունով Նիւ Եորքի բնակիչ ընտանիքի մը կեանքը, որուն մեծ հօրմէն սկսեալ՝ մեծ զաւակն ու անոր երեք զաւակները կը ծառայեն այս հսկայ քաղաքի ոստիկանական բաժնին, իբրեւ քաղաքի ընդհանուր յանձնակատար, ոստիկան եւ կամ գաղտնի ոստիկան, ինչպէս նաեւ՝ շրջանի փաստաբանական գրասենեակի պաշտօնեայ:

Անձնապէս, միայն մէկ դերասանի՝ Թամ Սելեքին հարեւանցի անուան եմ: Միւսները ինծի համար նորեր են: Գրեթէ օտարներ: Ու այսպէս ամէն ուրբաթ անպայման նոր հարցեր կամ ոճիրներ կը ներկայացուին սովորական ոստիկանական ֆիլմերու եւ կամ սիրեալներու նման: Ու այս ընտանիքի բոլոր անդամներն ալ առանձնապէս իրենց պաշտօններէն մեկնած հարցերը կը լուծեն:

Բայց ամենէն էականը այն է, թէ ամէն անգամ եւ անպայման այս ընտանիքի բոլոր անդամները անպայման իրենց մեծ հօր տան ընթրիքի սեղանին շուրջ կը բոլորուին ու հոն կը պարզեն, կը վիճին ու կը զրուցեն իրենց հետաքրքրող եւ կամ զբաղեցնող հարցերը եւ կը կատարեն կարծիքներու շատ քաղաքավար եւ յարգալի փոխանակումներ:

Այսքան պարզ եւ անմեղ: Սակայն այս եւ նման տեսարաններ ուրիշ ֆիլմերու մէջ ալ կը պատկերացնեն բեմադրիչները: Սակայն կայ աւելին:

Այսպէս, իբրեւ կաթոլիկ քրիստոնեաներ, մեծով-պզտիկով, մեծ հայրով եւ թոռներով սեղանին շուրջ հաւաքուելէ ետք, նախ կը խաչակնքեն եւ ապա կ՚աղօթեն՝ փառք տալով Ամենակալին:

Ահա այս տեսարանն է, որ զիս տպաւորած է մեծապէս:

Մէկ խօսքով՝ ամերիկեան այս հսկայ քաոսային եւ յաճախ ալ անճանաչելի մթնոլորտին մէջ նման աւանդապահ ընտանիքի ներկայութիւնը կամ պատկերացումը իրապէս, որ քեզ հոգեպէս կը փոխէ:

Ու միշտ զաւակներուս եւ թոռներուս եւ անմիջական շրջապատիս այս օրինակը կը մէջբերեմ: Կը խօսիմ այս մասին: Միւս կողմէ նաեւ համեստօրէն ըսեմ, որ ճիշդ է, որ մերիններն ալ մեր սեղանին շուրջ նախ կը խաչակնքեն եւ ապա «ճաշակեցուք»ը թոռնուհիս արտասանելէ ետք կը սկսինք ընթրիքին, բայց մերիններով չենք «ամբողջանար»:

Նաեւ կը հաւատամ, որ մեզի նման շատ-շատեր այսպէս մեզի պէս ալ են: Բայց նաեւ կը հաւատամ, որ շատ-շատեր ալ նոյնիսկ խաչակնքել ալ չեն գիտեր:

Ահա այս մէկն է, որ իբրեւ հաւատացեալներ եւ կամ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգի զաւակներ, կը մոռնանք: Չենք փորձել պահել մեր աւանդութիւնը: Ազգայինը: Հայկականը:

Անշուշտ խօսքս միայն հաւատքի կամ կրօնքի համար չէ:

Աւանդութիւնը միայն ասոնց կապուած չէ: Այլ՝ ասոր կողքին կան միւսներն ալ: Կենցաղ, հագուստ-կապուստ, խօսակցութիւն, նիստ ու կաց, պատմութիւն եւ տակաւին շատ ուրիշ «բաներ»:  Անգիր ստացուած սովորութիւն: Պատուէր: Կարգ, դիրք, դաւանանք: Այսպէս կ՚ըսեն բառարանները եւ այսպէս ալ աւանդութիւն ըսուածը կը պարզաբանեն:

Ինչ կ՚ուզեն, թող ըսեն, մենք աւանդապահ ժողովուրդ ենք, եւ մեզի համար աւանդութիւնը թէեւ գեղեցիկ երեւոյթ է, բայց է նաեւ սրբութիւն:

Հայ ժողովուրդը հինէն ի վեր միշտ եղած է աւանդապահ ու սերունդէ սերունդ փոխանցած է իր նախնիներու աւանդութիւնները, կրկնած եմ շարունակ:

Մեզի համար աւանդութիւնը նկատուած է, իբրեւ գեղեցիկ սովորութիւն:

Որովհետեւ աւանդութիւնը հարազատօրէն կ՚արտացոլացնէ ժողովուրդի մը կեանքն ու մտածողութիւնը բնորոշող կողմերը։ Պէտք է աւելցնել, թէ աւանդութիւնը նաեւ կը նպաստէ նոյն այդ ժողովուրդի ինքնաճանաչման։

Եւ տակաւին՝ աւանդութիւնը իր մէջ ունի նաեւ որոշ խորհուրդ։ Ան դասատու ալ է, եւ մարդս կը մղէ մտածելու ու նոյնիսկ խորհրդածելու, որովհետեւ անոնք շաղախուած են ուրախութեան, տրտմութեան, բաղձանքի եւ մաղթանքի երանգներով։

Աւանդութեան մէջէն մենք կրնանք պատկերացնել մեր ժողովուրդի ապրած օրերու մտածումներն ու դէպքերու ազդեցութեան տակ ծնած գաղափարները, սովորութիւնները, օրէնքները, բարքերը, ունեցած բնական եւ գերբնական քաջերու պատմութիւններն ու  հրաշալիքները։

Եւ վերջապէս՝ աւանդութիւններն ալ մեր ժողովուրդի քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթին մաս կը կազմեն, որովհետեւ կը բովանդակեն մեր ազգի միտքը, ջիղն ու ոգին, մեր հայրենիքի պատմական դէպքերն ու անոնց հետեւանքները, մեր ժողովուրդի կեանքի ուրախ կամ տխուր պատկերները, որոնք հետեւանքն են երեւակայութեան, ժամանակին եւ ճակատագրին ձգած դրոշմին։

Իսկ եթէ այս բոլորը գիտենք եւ տեղեակ ալ ենք, հապա ի՞նչ բանի կը սպասենք զանոնք պահելու եւ գործածելու համար: Որքանո՞վ տակաւին իբրեւ աւանդապահներ կ՚ապրինք:

Չեմ գիտեր: Պատասխանը մօտս չէ: Նորէն դուք գիտէք:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

bedig43@aol.com

Ուրբաթ, Մայիս 7, 2021