ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ԴԻՏԵԼ

Մարդիկ ընդհանրապէս անտարբեր կը գտնուին բնութեան պարզած հիանալի՜ տեսարանները, գեղեցկութիւնները դիտելու եւ զանոնք վայելելու, եւ կը նախընտրեն իրենց աչերը կառչած պահել «պատկերացիր գործիք»ին՝ հեռուստատեսիլին, դիտելու համար մարդոց բեմադրած զանազան «տեսարան»ները։

Որպէսզի թիւրիմացութեան մը տեղի չտրուի, ըսենք որ մեր նպատակը երբեք անտեսել եւ վարկաբեկել չէ մարդկային ստեղծագործութիւնները՝ որոնց մէջ կը գտնուին արուեստի բարձր ճաշակի օրինակներ։ Անշո՛ւշտ որ մարդ պիտի հետաքրքրուի իր նմաններուն արտադրած գործերով՝ ուր կայ մարդկային հոգիին բարձր գնահատելի թռիչքները եւ դարձեալ մտքի արտացոլացումները։ Բայց ասիկա չի նշանակեր, որ մարդ բոլորովին անտարբեր պէտք է ըլլայ բնութեան հրաշալիքներուն, անիմանալի գեղեցկութիւններուն՝ որոնք նաեւ մեծ ազդեցութիւն կը գործեն մարդ էակին հոգեւոր եւ մտային աշխատանքներուն վրայ։ Բնութիւնն է արդարեւ մարդկային զգացումներուն եւ մտային աշխատանքին ուղղութիւն տուողը։ Մարդ չի կրնար անտեսել եւ անտարբեր գտնուիլ բնութեան հանդէպ, քանի որ ան կ՚ապրի բնութեան մէջ՝ բնութեան բարիքներուն օգնութեամբ, յաճախ բնական պայմաններու բարեբեր միջավայրին օգտագործումով։

Ոմանք անտարբեր չեն բնութեան հրաշալիքներուն. կը սիրեն իրենց աչերը յառած պահել այն համայնապատկերին՝ զոր Աստուած Իր հրաշալի՜ ստեղծագործութեամբ կը ցուցադրէ բնութեան լայնատարած բեմին վրայ։

Ի՜նչ վայելք է դիտել բնութիւնը իր բազմատեսակ երեսակներով՝ որոնց ամէն մէկը հրաշալիք մըն է եւ կը պատմէ Արարչին՝ մեծ Արուեստագէտին՝ Աստուծոյ փառքը։ Եւ եթէ մարդիկ ունին «գլուխ գործոց» գեղարուեստական հրաշալիքներ, բնութեան ամէն մէկ գեղեցկութիւնն ալ, ամէն մէկ տեսարանն ալ Աստուծոյ «գլուխ գործոց»ն է՝ անթերի եւ կատարեալ, գեղեցկութեան մտատիպար գործը…։

Արդարեւ, մարդկային գեղեցկութեան մտատիպարն է բնութիւնը՝ ուր ամէն ինչ պարզ է, ինքնուրոյն, անկեղծ եւ բնական։ Բնութեան գեղեցկութեան մէջ ո՛չ մէկ բան կեղծ է, ո՛չ մէկ բան շինծու, այլ՝ բնական, անաղարտ, անխարդախ եւ անբիծ։ Բնութիւնը իր պարզութեան մէջ ո՜րքան ճոխ է եւ առատ բարիքներով լեցուն։ Բնութեան պարզ գեղեցկութիւնն է, որ գեղեցկութեան զգացումը կը ներշնչէ մարդուն եւ առիթ կու տայ, որ ան գեղարուեստական հրաշալիքներ արտադրէ։

Արդարեւ գեղարուեստը՝ բնութեան եւ մարդկային հոգիին միացած կէտն է. բնութեան եւ հոգիին հրաշալի՜ ներդաշնակութի՛ւնն է։

Եւ այս իմաստով, մարդիկ ի՛նչ որ ալ ստեղծեն իրենց հանճարովը երբեք չեն կրնար մրցիլ եւ գերազանցել Աստուած, որ ամէն ստեղծագործութեան նախապատճառը, ակն ու աղբիւրն է։ Աստուած ամէն ստեղծագործութեան սկզբնակէտը եւ նախատիպարն է։

Մարդ էակը «հրեշտակներէն քիչ մը վար» դրած է Աստուած։ Իրաւ է, որ մարդ «Աստուծոյ պատկերով եւ Անոր նմանութեամբ» ստեղծուած է, բայց միւս կողմէ, ո՜վ կրնայ Աստուծոյ մեծութիւնը, Անոր անբաւելիութիւնը՝ չբովանդակուող եւ չպարունակուող էութիւնը չափել, սահմանել եւ կամ ըմբռնել։ Մարդ էակը կարելի է թերեւս բաղդատել, բայց Անբաղդատելիին՝ Աստուծոյ հետ՝ երբե՛ք։ Ուստի Աստուծոյ գործերուն վրայ նայինք, զոր օրինակ, Բնութիւնը դիտենք եւ անոնց մասին մտածենք, որպէսզի Աստուծոյ անիմանալի մեծութիւնովը գրաւուինք, յափշտակուինք եւ գոնէ մասամբ ըմբռնենք զայն։

Բնաւ իրիկնամուտի պահուն դիտա՞ծ էք երկինքը, այդ հրաշալի՜ տեսարանը երբ արեւը հետզհետէ կը պատրաստուի գլորուիլ հեռաւոր հորիզոններու ետին։ Բայց հրավառ գունտը յանկարծ կը քօղարկուի ամպերով, մո՜ւթ ամպերով, որոնք հորիզոնին վրայ դարանակալ են եղած կարծես ճիշդ այդ դերին համար։ Հապա արեւածագի՞ն. ի՜նչ հիանալի տեսարան մը կը պարզուի, երբ կը սկսի նոր օր մը՝ նոր կեանք մը… եւ եթէ ուշադրութեամբ՝ հոգիի եւ մտքի աչերով դիտենք այդ խիստ տպաւորիչ տեսարանները, ահաւասիկ հոն պիտի տեսնենք զԱստուած բնութեան այդ անմրցելի գեղեցկութեան մէջ։

Ո՛ւր որ գեղեցկութիւն կայ՝ որ բնական է եւ պարզ, ահաւասիկ հո՛ն է Աստուած։ Չէ՞ որ մարդիկ ալ կը ճանչցուին իրենց գործերով, իրենց յատուկ ստեղծագործութիւններով…։

Արեւը քօղարկել փորձող մո՜ւթ ամպերը կ՚ըսեն աշխարհի, ի՛նչ որ աշխարհ կ՚ըսէ Յիսուս Քրիստոսի. «Մենք յաղթեցի՛նք…»։ Եւ մո՜ւթ ամպերը կը շարունակեն. «Ահաւասիկ, արեւին փառքը խափանեցինք, մեր սեւ եւ խաւար փէշերուն մէջ ծրարելով անոր ոսկեղէն շողերը»։

Կարելի՞ է հաւատալ այս սնամէջ, խաբէական, գոռոզ յայտարարութեան։

Թէեւ կատարեալ պատրանք՝ զգայախաբութիւն մըն է ասիկա, բայց ինչպէ՞ս չհաւատալ, քանի որ տիրող մթութիւնը երեւութապէս կը հաստատէ յայտարարութիւնը։ Եւ սակայն ամպերը քիչ յետոյ կը ցրուին, ասդին անդին կը տարածուին եւ կ՚անյայտանան, անհետ կը կորսուին… բայց արեւը միշտ կայ եւ կը մնայ, ուրիշ հորիզոնի մը վրայ դարձեալ կը ծագի եւ յաջորդ օր նոյն տեղէն ցոյց կու տայ իր փառքը։ Բայց ո՞ւր են այն դաւադիր ամպերը՝ մո՜ւթ եւ կարծեցեալ յաղթական ամպերը՝ որ կը գոչէին. «Մենք յաղթեցի՛նք…»։

Դիտենք, դիտել փորձենք բնութիւնը, քանի որ ան մեզի շա՜տ բան պիտի պատմէ Անիմանալի, Անըմբռնելի Ճշմարտութեան մասին՝ Լոյսին, Իմաստութեան, Անհասանելիին մասին, եւ բոլոր այն իրողութիւններուն մասին, որոնք անծանօթ է մնացած մեզի եւ աներեւոյթ, եւ այդ իսկ պատճառով կը դժուարանանք «հաւատալ»ու…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 23, 2019, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2019