ԽՕՍՔԸ ՄԵԿՆԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

Խօսք մը շիտակ մեկնաբանել՝ խօսքը ճիշդ հասկնալ կը նշանակէ։ Խօսքը ճիշդ հասկնալ շիտակ գիտութիւն առնել կը նշանակէ, քանի որ միայն հասկնալով է որ ճշմարտութեան կարելի է հասնիլ։

Որեւէ գիրքի մը խօսքերը մեկնելու համար կարգ մը կանոններ կան։ Առաջին կանոնն է. գիրքին խօսքերը հասկնալ իրենց ընդհանուր կամ հասարակ, սովորական իմաստով, եթէ մասնաւոր պատճառ չկայ անոնց ուրիշ նշանակութիւն տալու, հասկնալու։ Բայց թէպէտ, այն ընդհանուր կանոնին համեմատ, գիրքին խօսքերը պէտք է հասկնալ իրենց հասարակ կամ ընդհանուր հասկցուած նշանակութեամբ, նոյն գիրքին մէջ կրնան գտնուիլ նաեւ բացատրութեան յատուկ ձեւեր՝ որոնք լեզուին սեփական ոճերը ըլլալով կը նշմարուին նաեւ նախադասութիւններու մէջ։ Զոր օրինակ, երբեմն յոգնակի կը գործածուի՝ ուր կայ աւելի քան մէկ անհատ, թէեւ խօսքը ըլլայ անոնց մէկուն վրայ միայն կամ ակնարկուի մին միայն։ Այս ուղղութեամբ, Սուրբ Գիրքի մէջ. «Ծնողաց» կամ «Նախահարց» անուանումները շատ անգամ կը գործածուին անոնց զաւակին եւ սերունդին փոխարէն։

Քանի մը թիւեր կը գործածուին փոխանակ անորոշ թիւերու, զոր օրինակ, «Տասը» թիւը կը նշանակէ ո՛չ միայն «տասը», այլ եւ «քանիցս տասը»։

Սուրբ Գիրքին մէջ «Եօթը» եւ «Եօթանասուն» թիւերը եւս գործածուած են մեծ եւ կատարեալ, բայց «անորոշ թիւ» նշանակելու համար։ Ուստի, «եօթանասուն անգամ եօթը» կը նշանակէ՝ անսահման…։

Խօսքը մեկնելու երկրորդ կանոնն է՝ խնդրոյ առարկայ բառին հետ այն խօսքին մէջ պարունակուած միւս բառերուն իմաստին եւս ի մտի ունենալով պէտք է որոշել եւ մեկնաբանել՝ թէ գրողը ի՛նչ բան հասկցնել ուզած է այդ բառով։

Զոր օրինակ, «Հաւատք» բառը ունի այլ եւ այլ նանակութիւն Սուրբ Գիրքի մէջ։ Եւ ամէն անգամ պէտք է ի մտի ունենալ անոր հետ կապուած ուրիշ բառերուն, որպէսզի հասկցուի, թէ ո՛ր նշանակութեամբ գործածուած է այս ինչ կամ այն ինչ տեղ։ Արդարեւ, միայն տառացի՝ բառ առ բառ մեկնաբանութիւն մը կրնայ մեծ սխալ իմաստներու տանիլ։ Եւ դարձեալ այս կանոնով, այսինքն՝ բառը մերձաւոր բառերով մեկնաբանելու հարկաւորութեամբ, «Մարմնեղէն սիրտ» խօսքին մէջ՝ «մարմնեղէն» ըսուած է «քարեղէն»ին հակառակը հասկցնելու նպատակաւ։ Երբեմն, եւս «մարմին» կը նշանակէ «մարդկային բնութիւն»՝ առանց նկատելու անոր մեղաւորութիւնը։ Բայց աւելի յաճախ կ՚առնուի մարդկային ապականեալ եւ մեղաւոր բնութեան փոխարէն։ Դարձեալ, ուրիշ առում մը ունի՝ որով կը հասկցուին այն բաները, որոնք կրօնքի մէջ արտաքին եւ արարողական ըլլալով բոլորովին տարբեր են անոր ներքին եւ հոգեւոր բաներէն, մանաւանդ Մովսիսական արարողութիւնները նկատի են առնուած այս «տարբեր հոգեւոր բաներ»ուն մէջ։

«Փրկութիւն» բառը երբեմն կը նշանակէ արտաքին չարիքէ ազատութիւն։ Նաեւ կը նշանակէ «բժշկութիւն». «Հաւատքով եղած աղօթքը պիտի փրկէ». (ՅԱԿ. Ե 15), այսինքն՝ պիտի բժշկէ հիւանդը։

«Շնորհք» բառին ընդհանուր նշանակութիւնն է բարերարութիւն, պարգեւ։ Երբ Աստուծոյ վրայ է խօսքը, կը նշանակէ՝ Աստուծոյ բարերարութիւնը՝ զոր մարդոց ըրաւ, եւ որուն արժանի չեն մարդիկ. «Իր նախասահմանութիւնը եւ շնորհացը նայելով». (Բ ՏԻՄ. Ա 9)։ Կը նշանակէ նաեւ այլ եւ այլ պարգեւները՝ որոնք կու տայ այս շնորհքը, զոր օրինակ՝ «արդարացում»ը։

Կը նշանակէ նաեւ «յաւիտենական փառք»։

Կարդացուածը հասկնալու համար ճիշդ մեկնաբանութիւնը անհրաժեշտ է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 8, 2024