ՍԻՐԵԼԻ ՔԱՀԱՆԱՅԻՆ

Ըստ երեւոյթին ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի յունուար 30, 2023 համարին մէջ մեր գրած «Պատմիչները ստախօսներ են» խորագրեալ յօդուածը վշտացուցած է Արժ. Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Արզումանեանի փափկասուն սիրտը, որ Կիկոսի մահուան կողքին հաւանաբար կը շարունակէ հաւատալ նաեւ Ձիւնանուշի մը գոյութեան:

Թող հեքիաթապաշտ Քահանայ Հայրը չվշտանայ երբ «չգիտնալը ամօթ չէ՛» ըսելով փորձենք մի քանի տեղեկութիւններ փոխանցել նոյնինքն այն հաստատութեան մէջ գոյութիւն ունեցող գիրքերէն՝ որուն ճամբան այնքա՜ն ծանօթ է մեզի՝ ինչքան Քահանայ Հայրը՝ եկեղեցւոյ: 

Քահանայ Հօր խռովքը հասկնալի կը գտնենք, որովհետեւ շատեր առանց «հայրենասիրութիւն» բառին էութիւնը հասկնալու զայն կը շփոթեն մոլեկրօնութեան հետ՝ նմանելով այն պառաւներուն, որոնք առանց քահանային խօսածը հասկնալու կը համոզուին եւ համամիտ կը դառնան իրենց իսկ չհասկցածին՝ հարցականի տակ դնելը նոյնիսկ մեղք նկատելու աստիճան:

Ինչեւիցէ... անցնինք մեր նիւթին:

Սիրելի Քահանայ Հայրը եթէ Հայոց Պատմութեան մասին քիչ մը ծանօթութիւն ունենար, պիտի գիտնար, թէ ոսկեդարեա՜ն հայ մատենագիրներէն Մ. Խորենացի եւ Փ. Բիւզանդ՝ որ նոյն ժամանակաշրջանի մասին գրած են՝ հակասութիւններու քաոս մը կը կազմեն. այլ խօսքով եթէ Խորենացի կ՚ըսէ սեւ, Բիւզանդ կը նկարագրէ ճերմակ եւ մեր սիրելի Քահանայ Հայրը կ՚ուզէ երկուքն ալ որպէս ճիշդ ընդունինք՝ այլապէս կրնայ հարցականի տակ դրուիլ մեր հայրենասիրութիւնը. սիրելի Քահանայ Հայրը զիս չակերտաւոր «մասնագէտ» կը կոչէ եւ նկատի ունենալով իր «մասնագիտութեան» հանդէպ սէրը, կ՚անցնինք անչակերտ մասնագէտի մը.-

Յայտնի հայագէտ, բանասէր եւ ակադեմիկոս Ստեփան Մալխասեանց խօսելով երկու պատմիչներու միջեւ գոյութիւն ունեցող հսկայական հակասութիւններուն մասին՝ իր 1896 թուականին հրատարակած «Ուսումնասիրութիւն Փաւստոս Բիւզանդի պատմութեան» աշխատութեան մէջ կը գրէ.- «Պատմական այն անցքերում, որոնք տարբեր են աւանդւում Փաւստոսից եւ Խորենացուց՝ բանասիրութիւնը ներկայումս սխալ է համարում Խորենացին եւ ոչ ընդ հակառակն» («Ուսումնասիրութիւն Փաւստոս Բիւզանդի պատմութեան», Ստեփան Մալխասեանց, Վիեննա, 1896, Մխիթարեան տպարան, էջ 12): Այլ խօսքով՝ Խորենացիի եւ Փ. Բիւզանդի պատմութիւնը համեմատելով ժամանակակից հայ թէ օտար այլ պատմիչներու հետ, պիտի տեսնենք, թէ Փ. Բիւզանդին գրածները շա՛տ աւելի իրաւացի եւ համատեղ են այլոց պատմութեան՝ քան Խորենացիինը:

Նզովեալ թող ըլլա՛ն Մալխասեանց եւ բոլոր բանասէրները, որոնք կը համարձակին սխալ ու սուտ ներկայացնել Խորենացիի ներկայացուցած պատմութենէն շատ մը մասեր:

Թող բանասէրը շարունակէ խօսիլ. «բանասէրները կամենում են ապացուցանել, թէ պատմութեան հեղինակը ականատես կամ ժամանակակից է եղել իւր պատմած դէպքերին» (նոյն անդ, էջ 14). այլ խօսքով՝ պատմիչներ իրենց ըսածները որպէս անհերքելի ճշմարտութիւն ներկայացնելու սիրոյն կը խաբէին ըսելով, որ անձամբ ականատես եղած են իրենց գրած եղելութիւններուն, ինչ որ պատմիչի մը հեղինակութիւն կրնայ տալ: Չտեսածին մասին եւ կամ պարզապէս լսածին մասին գրելը ինչքանո՞վ ճիշդ կրնայ ըլլալ սիրելի Քահանայ Հօր համար... չեմ գիտեր, սակայն եթէ ամէն լսածին կոյրի մը պէս հաւատացող ու ընդունող մըն է... կեանքը պէտք է որ շա՜տ դժուար եղած ըլլայ իրեն համար:

Կաղանդ պապային իրական չըլլալը նոր գիտցող մանուկի մը ընդվզումով, թող սիրելի Քահանայ Հայրը թափթփածութիւն, անգիտութիւն եւ նման «ութիւն»ով բառեր շարադրելու փոխարէն ականջ տայ բանասէրին խօսքերուն.- «Մանրամասնութիւնների, բնական նկարագիրների աղբիւրը գտնւում է հեղինակի երեւակայութեան մէջ. երբ հեղինակի մէջ զարգացած է այս ընդունակութիւնը՝ նա առանց կարօտելու աչքի կամ ականջի թելադրութեան, ստեղծում է կենդանի պատկերներ». այլ խօսքով՝ որպէսզի իրենց գրածները որպէս ճիշդ ընկալուին, գրած են այնպէս՝ որպէս թէ ականատես եղած ըլլան:

Շարունակենք:

Հայ պատմաբան, գրականագէտ ու հրապարակախօս Լէօ «Դրուագներ Հայաստանի պատմագրութեան (V-VIII դդ.)» խորագրեալ աշխատութեան մէջ Տրդատ թագաւորի խոզի կերպարանք ստանալն ու Լուսաւորիչի ապրածները «առասպելական» կը կոչէ:

Մեր Քահանայ Հօր սիրելի Ագաթանգեղո՞սը.- տեսնենք հակասութիւնները. Պատմիչը իր աշխատութեան 12-րդ գլխուն մէջ կը գրէ. «իմաստութեամբ կամիցին ունկնդիր լինել օգտակար պատմութեանս: Արդ՝ հրաման հասեալ առ իս ոմն Ագաթանգեղոս, որ ի քաղաքէ ի մեծն Հռովմայ եւ վարժեալ հայրենի արուեստիւ...». Ագաթանգեղոս ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս Հռոմէացի, սակայն քիչ մը աւելի ետք (գուցէ մոռնալով նախապէս ըսածը) ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս հայ...:

***

Մեր նպատակէն հեռու կը տեսնենք հակասութիւններու շարունակութիւնները, որովհետեւ զանոնք հասկնալու համար հակասութիւնները տեսնելէ եւ ուսումնասիրելէ աւելի տրամաբանութեան պէտք մը կը ծագի. քննարկման ենթարկելով Ագաթանգեղոսի, Խորենացիի կամ այլոց պատմութիւնը զիրենք անպատուել եւ կամ արժեզրկել չի՛ նշանակեր։

Սիրելի Տէր Հայր, այնպէս ինչպէս այսօր դուք պիտի չկարենաք ձեր յօդուածը հրատարակած թերթին մէջ գրել նոյնինքն այդ կուսակցութեան ղեկավարութեանց կամ սկզբունքներուն դէմ բան մը՝ պարզապէս իրենց թերթն է ըսելով, նոյն տրամաբանութեամբ ալ պատմիչը պիտի չկարենար գրել՝ երբ զինք հովանաւորողն ու պաշտօնի կանչողը Թագաւորը ի՛նք է: Կը հասկնամ, որ կը փորձէք հայրենասէր երեւիլ, սակայն հայրենասիրութիւնը գիտակցութեան մէջ կը կայանայ եւ ո՛չ թէ կոյր մոլեռանդութեան:

Որպէս եկեղեցական վստահաբար կրնաք ծանօթ ըլլալ եկեղեցւոյ սրբադասման օրէնքներուն եւ կանոններուն. մերը պարզապէս պատմիչները մեծարելու եւ քիչ մըն ալ ձեր ըրածին պէս «աստուածացնել»ու փափաք է պարզապէս:

Մերօրեայ բանասէր Վանօ Եղիազարեան 2014 թուականին հրատարակած իր «Հայ հին գրականութեան պատմութիւն» գիրքին մէջ չհասկցողներուն համար կը փորձէ բացատրել. «Հին շրջանում հայոց թագաւորները եղել են պաշտամունքի առարկայ, դարձել կիսաստուածներ՝ կրելով վիշապամարտիկ աստուածների ու դիւցազունների առասպելական յատկանիշներ». պարզապէս պէտք է հասկնալ, որ պատմիչները իրենց սուտերը ո՛չ թէ ժողովուրդը խաբելու, այլ իրենց ներկայացուցած կերպարները անմահացնելու եւ Աստուածացնելու փափաքը ունեցած են: Եթէ քիչ մը կարդացած կամ ուսումնասիրած էք, պիտի գիտնաք, թէ Մեսրոպ Մաշտոց ի՛նչ ձեւով կատարեց տառերու գիւտը, սակայն պատմիչը զայն Աստուածացնելու եւ ժողովուրդին մօտ երկիւղածութիւն ստեղծելու համար Աստուածային ձեռքի մը երեւումը նկարագրեց՝ անոնց Աստուածապարգեւ ըլլալը ըսելու եւ այս ճամբով տառերու եւ լեզուին նկատմամբ երկիւղածութիւն մը ստեղծելու համար:

Ծայրայեղ ու կոյր «հայրենասիրութիւն»ը իսկական հայրենասիրութեան հետ չշփոթէք՝ նմանելով այն կուսակցականներուն որոնք կուսակցութեան համար հոգի կու տան՝ սակայն իսկութեան մէջ ո՛չ անոր պատմութիւնը գիտեն, ո՛չ սկզբունքները եւ ո՛չ նպատակները:

Հայ պատմիչներուն դերը անուրանալի է, սակայն նոյնքան ծիծաղելի անոնց առասպելաբանութիւնները որպէս ճշմարտութիւն ընդունիլը:

Հետեւաբար, եթէ մինչեւ օրս պատմութեան առասպելաբանութիւնները իրականութիւն կը կարծէիք... կը ցաւինք, որ քանդեցինք ձեր վարդագոյն երազները, ուր հայրենասիրութեան թմբուկին տակ ձեր երազները կ՚օրէիք: Յոյսով օր մը ազատուելով ձեր «հայրենասիրութիւն» կարծած այս վիճակէն, սկսիք համոզուիլ ու տրամաբանել, որ պատմիչները որպէս մարդ արարածներ՝ ինչպէս նաեւ ընդօրինակողներն ու սերունդէ սերունդ փոխանցողները եղած են մահկանացուներ՝ հետեւաբար սխալելու եւ շատ անգամ դիտմա՛մբ սխալ գործելու ենթակայ անհատներ:

Պէտք է համոզուիք, որ հայոց պատմութիւնը որպէս կատարեալ ճշմարտութիւն ընդունելու փոխարէն, պէտք է տրամաբանել, կարդալ, համեմատել, ուսումնասիրել եւ զանազանել առասպելաբանութիւնը պատմութենէն, իսկ պատմութիւնը՝ հաճոյապատումէն:

Եթէ նոյն ժամանակաշրջանի մասին, նոյն անձերուն եւ դէպքերուն մասին երկու պատմիչ իրարու երկու հակասական տեղեկութիւններ կը փոխանցէ... տեղ մը պէտք է արթննալ եւ տրամաբանել, որովհետեւ երկուքը միասին՝ իրենց հակասութիւններով հանդերձ ճշմարիտ չեն կրնար ըլլալ:

Վերջապէս յարգելով հանդերձ հեքիաթները իրականութիւն կարծելու ձեր վիճակը, կ՚առաջարկեմ անգամ մը եւս կարդալ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մեր յօդուածը, մտածել այդ ժամանակաշրջանի վիճակին, թուղթի եւ թանաքի չգոյութիւնը նկատի ունենալ եւ եզրակացնել, որ անոնք ձեր նման իրենց տան հանգիստին մէջ չէ՛ որ գրած են այդ պատմութիւնը եւ հետեւաբար չեն եղած այնքան հանգիստ՝ ինչքան որ դուք էք այս պահուս:

Յ.Գ. Հետեւեալ գրութեան պատասխանելու պարագային կը խնդրեմ նախապէս Կլենտէյլէն վերադառնաք հայրենիք եւ միասնաբար մուտք գործենք Մաշտոցի անուան գրադարան, բանասէրներու եւ ուսումնասիրողներու ճամբով քիչ մը աւելի փաստելու, որ հեքիաթները մանկութեան ժամանակ ընդունելի կրնան ըլլալ...

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -163-

Տարիներ առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հաղորդավար մը ուղիղ եթերի ժամանակ յայտարարեց, թէ Կաղանդ պապան իրականութեան մէջ գոյութիւն չունի: Այս յայտարարութիւնը ցնցեց Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան մեծամասնութիւնը եւ իր զաւակը առնողը հասաւ հոգեբանին եւ հոգեբոյժին դուռը:

Ըստ երեւոյթին, ամէ՛ն տեղ մարդկութիւնը սուտերով ապրիլը աւելի կը նախընտրէ՝ քան ճշմարտութեան բարձրաձայնումը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 8, 2023