ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՄԱՐՄՆԱԿԱՆԷՆ ԱՆԴԻՆ

Հիւանդութեան մը դէմ մղուած պայքարը իրականութեան մէջ լոկ «առողջութեան» փնտռտուք մը չէ. անոր մէջ մեծ դեր ունի նաեւ ուրախութեան ու երջանկութեան դերը, որովհետեւ ուսումնասիրողներ կը հաստատեն, որ երջանկութիւնն ու ուրախութիւնը մեծ դեր ունի հիւանդութիւններու դէմ պայքարող անձերու բուժման առողջ գործընթացին մէջ: Այդ իսկ պատճառով հիւանդութեան դէմ մղուած պայքարը մարմնական ըլլալէ անդին նաեւ ներքին հոգեկան պայքար մըն է, որ ընդհանուր բարեկեցութիւն կը ստեղծէ մարդու մօտ եւ կը դիւրացնէ դէպի առողջութիւն տանող ճամբաները:

Յաճախ կը կարծենք, որ ուրախութիւնը եւ կամ տխրութիւնը միայն հոգեկան աշխարհին հետ աղերս ունին, սակայն գիտութիւնը կը պնդէ, որ անոնք իրենց մարդու հոգեկան վիճակէն անդին ազդեցութիւն կ՚ունենան նաեւ մարմինի վրայ. ուրախութիւնն ու տխրութիւնը կրնան ազդել արեան ճնշման եւ այլ մարմնական կազմութիւններուն: Ուրախութիւնը իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ նաեւ սիրտին, կը բարելաւէ անոր տրոփը, ամրացնելով մկանները եւ բարձրացնելով կենսունակութիւնը:

Հիւանդի մը համար հիւանդանոցային «լաւ» մթնոլորտի մը կողքին հարկաւոր է ստեղծել խաղաղ ու ուրախ մթնոլորտ, որովհետեւ ուրախութեան զգացումը կը խթանէ, որպէսզի անոր մէջ արթննան դրական յոյզեր. ինչպէս օրինակ՝ գոհունակութիւն, սէր, որոնք կ՚օգնեն հաւասարակշռել յուզական հաւասարակշռութիւն. այդ յոյզերն են որ կ՚օգնեն, որպէսզի մարդ պայքարի ստեղծուած մարտահրաւէրներու հետ, հիւանդին տալով համբերութիւն, ինչպէս նաեւ պատկանելիութեան զգացում, որոնք դրական ազդեցութիւն կրնան ունենալ բուժական ընթացքին վրայ: Համոզուած ենք, որ հոգեկան վիճակի ոչ-առողջ վիճակը շատ աւելի վատ պատկեր մը կրնայ ունենալ՝ քան ամենէն ծանր մարմնական հիւանդութիւնը, որովհետեւ ոչ-առողջ հոգեկան վիճակ մը ամենէն պարզ հիւանդութիւնը անգամ կրնայ «մահուան» չափ ծանր ազդել, մինչ ուրախ հոգեկան վիճակ ունեցողինը՝ ամբողջութեամբ հակառակը:

Բնական է, որ հիւանդներ փնտռեն ներկայութիւն, ինչպէս նաեւ ուշադրութիւն, ինչ որ որոշ հանգստութիւն մը կը պատճառէ. յաճախ կը տեսնենք, որ հիւանդի հարազատները կը փորձեն հիւանդին շրջապատը զարդարել զիրենք հետաքրքրող նիւթերով, կը խօսին յետհիւանդութեան շրջանին մասին, երազներ կը հիւսեն, կը ծրագրեն ու կը խանդավառուին. նոյնիսկ եթէ հիւանդութիւնը ըլլայ անբուժելի, շատ դրական ազդեցութիւն մը կ՚ունենայ թէ՛ հիւանդին եւ թէ անոր հարազատներուն համար, որոնք թէեւ մարմնապէս առողջ, հոգեպէս մահամերձ վիճակ մը կ՚ունենան:

Գիտութիւնը կը փաստէ, որ երկար ժամանակ տեւած տխրութիւնն ու մելամաղձոտ վիճակը կրնայ տկարացնել մարմնի դիմադրականութիւնը, աւելի դիւրացնելով մարմինի մէջ տեղ գտած հիւանդութիւններու տարածման գործը: Տխրութիւնը նաեւ կ՚ունենայ իր հոգեբանական ծանր ազդեցութիւնները. օրինակի համար, հիւանդը կրնայ աւելիով զգալ իր ցաւերուն «սրութիւն»ը. այդ ցաւերը աւելիով յոգնածութիւն ու անհանգիստ վիճակ մը կը ստեղծեն իր մօտ: Յաճախ հիւանդը կը կարծէ, որ այդ բոլորը հիւանդութեան բերած յոյզերն են, սակայն տխրութիւնը մեծապէս կ՚ազդէ անոնց ազդեցութիւնը զգալուն:

Այս յօդուածը հիւանդներէն աւելի կը գրենք անոնց հարազատներուն ու մտերիմներուն մասին, որովհետեւ անոնց պահուածքը եւ կեցուածքը մեծ ազդեցութիւն ունի հիւանդին հոգեկան աշխարհին համար. յաճախ կը տեսնենք, թէ մայրեր եւ հարազատներ կ՚արտասուեն հիւանդի մը գլխուն. հասկնալի է, որ հարազատի մը «կորուստ»ի գաղափարը ծանր է, սակայն այդ պահին արտասուելը ժխտական ազդցութիւն մը ունենալէ բացի ո՛չ մէկ բանի կը ծառայէ:

Յաճախ ականատես կ՚ըլլանք նաեւ, որ հարազատներ հիւանդի մը ներկայութեան կը բարձրաձայնեն հիւանդանոցային ծախսերը եւ կը դժգոհին, կը գանգատին. իրաւունք կու տանք, որովհետեւ ամբողջ աշխարհի մէջ բժշկութիւնը իր ունեցած զարգացումներով աւելի մատչելի դառնալու փոխարէն աներեւակայելի արագութեամբ կը սղէ. սակայն հիւանդի մը ներկայութեան դրամական խնդիրներու մասին խօսիլը զինք կը վիրաւորէ եւ հոգեկան վէրք մը կը ստեղծէ անոր մօտ՝ մանաւանդ երբ հիւանդը նիւթապէս անապահով վիճակ մը ունենայ:

Այս առիթով կ՚ուզենք տեղ տալ մանուկներուն. դժբախտաբար աշխարհի բոլոր կողմերը այսօր բազմահազար մանուկներ հիւանդութեամբ կը տառապին. շատ մը գեղանի մանուկներ կը կորսնցնեն իրենց մազերը՝ որ աշխարհի մեծագոյն հարստութիւններէն մէկն է իրենց համար. անոնց պարագային ուրախութեան կարեւորութիւնը քառապատիկ աւելի կը կարեւորենք եւ փա՛ռք այն մարդոց, որոնք անձնազոհութեամբ յանձն կ՚առնեն այցելել այդ մանուկներուն եւ նուէրներով ուրախացնել զանոնք:

Ինչքանով ճիշդ՝ թող գիտութիւնը փաստէ, սակայն հոգեբանական ուսումնասիրութիւններ կը պնդեն, որ անոնց մօտ ստեղծուած ուրախ վիճակը կ՚արագացնէ բուժումի ընթացքը. վստահաբար լսած էք հոգեբանական այն ուսումանասիրութեան մասին, որ հիւանդի մը տուած են ոչ մէկ ազդցութիւն ունեցող դեղահատ մը եւ ժամեր ետք հիւանդը ինքզինք առողջ զգացած է. այս մէկը ճշմարտութիւն է, որովհետեւ հիւանդութիւնը մարմնականին չափ եւ աւելի հոգեկան պայքար մըն է:

Այս բոլորի լոյսին տակ եթէ հարցնէք, թէ պետութեան մը կատարած ամենէն կարեւոր գործը ի՞նչ է. մեր պատասխանը պիտի ըլլայ առողջապահական համակարգի զարգացումը, որ կարեւոր է՝ ինչքան երկրին բանակը, տնտեսութիւնը եւ կամ այլ հարստութիւնները:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞րն է աշխարհի ամենէն առաջին հիւանդանոցը:

Պատասխան. Կ՚ենթադրուի, որ պատմութեան մէջ ամենէն հին հիւանդանոցը Հին Յունաստանի մէջ կառուցուած Ամֆիարաուսի հիւանդանոցն է (Hospital of Amphiaraus), որ կառուցուած է մօտաւորապէս Ք.Ա. 700 թուականին: Այդ հիւանդանոցը նուիրուած էր յունական բժշկութեան աստուծոյ՝ Ասքլեփիոսին (Asclepius): Աւելի հին քաղաքակրթութիւններու մօտ ալ կային տարբեր հաստատութիւններ եւ տաճարներ, որոնք նուիրուած էին հիւանդութիւնները բուժող աստուածներու, սակայն անոնցմէ ամենէն յստակ տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Յունաստանի վերոյիշեալ տաճարը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2024