ՍԻՐՈՅ ՊՏՈՒՂԸ՝ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ

Խաղաղութիւնը չէ՛ միայն չգոյութիւնը պատերազմին, ան չի սահմանափակուիր միայն հակադիր ուժերուն հաւասարակշռութիւնը պահպանելով։ Ուստի, ընկերային կեանքի մէջ, խաղաղութիւնը կարելի չէ ձեռք ձգել առանց անհատներու ներքին խաղաղութեամբ, առանց մարդկային էակներու միջեւ ազատ եւ խղճամիտ փոխյարաբերութիւններով եւ հաղորդակցութեամբ, առանց անձերու եւ հաւաքականութիւններու արժանապատուութեան յարգանքի, առանց եղբայրակցութեան յարատեւ գործադրութեան։

Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ՝ թէ խաղաղութիւնը կարգ եւ կանոնին անդորրութիւնն է։ Խաղաղութիւնը ըստ մարգարէին՝ արդարութեա՛ն գործն է. (ԵՍ. ԼԲ 17)։ Եւ վերջապէս՝ խաղաղութիւնը սիրոյ արդիւնքն է։

Յիսուս, խաղաղարարները երանելի՛ կ՚անուանէ. (ՄԱՏԹ. Ե 9)։ Եւ քանի որ խաղաղութիւնը սիրոյ արդիւնք է, եւ քրիստոնէութիւնն ալ սիրոյ վարդապետութիւն է, ուրեմն քրիստոնէութիւնը, նաեւ խաղաղութեան կրօնն է։ Այս իմաստով, երկնաւոր խաղաղութիւնը՝ Քրիստոսի խաղաղութիւնը տիպարն է երկրաւոր խաղաղութեան։ Ուրիշ խօսքով՝ երկրաւոր խաղաղութիւնը պատկերը եւ արգասիքն է Քրիստոսի խաղաղութեան։ Ուստի Յիսուս սպաննեց ատելութիւնը Իր մարմինին մէջ եւ հաշտեցուց մարդիկն Աստուծոյ հետ՝ խաղաղութիւնը հաստատելով, քանի որ «Ան մեր խաղաղութիւնն է» (ԵՓՍ. Բ 14)։ Եւ շատ բնական է եւ բանական՝ թէ սիրոյ կրօնը ըլլայ նաեւ խաղաղութեան կրօն։

Եւ երբ կը խորհրդածենք խաղաղութեան վրայ, կը մտաբերենք՝ ազնիւ բարեկամ Տքթ. Վարդ Շիկահերի «Բառը՝ իր մոգական հմայքով» քրոնիկը։ Խաղաղութեան գաղափարին տարբեր տեսանկիւնէ  մը կը մօտենայ հեղինակը եւ «խաղաղութիւն» բառին կու տայ իսկապէ՛ս մոգական իմաստ մը։ «Խաղաղութիւնը բառ մըն է, որ իր մոգական հմայքով թառ կու գայ միշտ մեր հոգիներուն մէջ, մեր շրթներուն վրայ», կ՚ըսէ Տքթ. Վարդ Շիկահեր, եւ կը շարունակէ. «Ամբո՛ղջ աշխարհ կարօտն ունի անոր քաղցր ներգործութեան, անոր անսասան պահպանումին, ա՛մէնուր, ա՛մէն ծագի վրայ։

«Բովանդակալից սահմանում մը ունի Սբինոզա, Հոլանտացի իմաստասէրը.- խաղաղութիւն չի՛ նշանակեր պատերազմի անգոյութիւնը կամ բացակայութիւնը։ Անիկա առաքինութիւն մըն է, հոգեվիճակ մը, բարիք մըն է, վստահութիւն է ու արդարութիւն։ Ան կ՚ուզէ յայտնանշել, թէ դժուա՛ր բան է ապահովել տեւական խաղաղութիւնը, անոր անխախտ տիրակալումը։ Ճշմարիտ սէր ու անայլայլ եղբայրակցութիւն անհրաժեշտ են այդ անփոխարինելի բարիքը մշտապէս իրականացնելու համար։

«Լուռ կը շարունակուի -կորիզային զինարշաւ-ը, կ՚աւելնայ թիւը -կորիզային կեդրոն-ներու, աշխարհի տարածքին։ -Միջուկային մարտ-ի արհաւիրքը կ՚իշխէ հա՛նուր մարդկութեան մօտ, կը պահէ հոգիները յարաճուն մղձաւանջի ու տագնապանքի ալքերուն մէջ։

«Անձկութեամբ իրարու կը հային ժողովուրդներ ու միահամուռ կը ցանկան, որ հիւլէական ուժի վտանգներ կանխուին փութով, չէզոքցուի ու վե՛րջ գտնէ զինարշաւն՝ այդ ուժի հիմունքով չկատա՛րուին նոր զետեղումներ, նուա՛զի թիւը ներկայ նման հաստատութիւններուն։ Առ այդ, տեղի կ՚ունենան բողոքարար գնացքներ, ուր մարդիկ սրտհատնումով ձայն կու տան իրենց մտահոգութիւններուն։ Կ՚ուզեն լսելի ընել իրենց բաղձանքները։ Կը պահանջեն որ հիւլէական զօրութիւնը գործածուի միայն մարդոց բարիքին, իբրեւ ուժի աղբիւր՝ ճարտարարուեստի, գիտարուեստի, բուժական եւ այլ բարենպաստ ձեռնարկներու ու մարզերու մէջ։

«Բժիշկներ ալ կը շարունակեն իրենց պարբերական բողոքարար գնացքները։ Անոնք ամէն առթիւ, կը յայտնեն, թէ անզօր կը մնայ բժշկութիւնը կորիզային աւերներու դիմաց, բուժական միջոցներու ուղղութեամբ։ Առ այդ ահազանգ կը հնչեցնեն սրտադողով, կորիզային պատերազմի մը աղէտին՝ իրենց այդ անզօրութեան ալ մասին։ Մինչդեռ իրենց կոչումն է պահպանել մարդոց առողջութիւնը, ամէնո՛ւրեք եւ ա՛մէն ժամանակ, դարմանել՝ վէրքերն ու ախտերը։ Ուխտի համազօր այդ կոչումը հիմա նոր պարտադրանքի մը, բարոյական նոր հարկի մը բեռը կը դնէ անոնց ուսերուն վրայ։

«Կ՚ըսուի, թէ ա՛նոր համար է որ Հիպպոկրատէսի աւանդական երդման բանաձեւին վրայ, զանազան երկիրներ ուշագրաւ յօդ-ւած կ՚աւելցնեն, որու էութիւնը հետեւեալն է.- գիտեմ, թէ որքա՜ն արհաւրալից ու զարհուրելի են կորիզային պատերազմի մը աւերածութիւնը եւ աշխարհակործման հետեւանքները, որոնց առջեւ այնքա՛ն ողորմելի կը մնայ բժշկութիւնը, դարմանական միջոցներու մէջ։ Ի՛մ ալ պարտքս է նպաստել խաղաղութեան պահպանման, այդ ահե՜ղ մարտի հաւանականութիւնը չքացնելու ջանքերուն»։

Ահաւասիկ, այսպէս, Տքթ. Վարդ Շիկահեր տարբեր անկիւնէ մը կը դիտէ խաղաղութիւնը եւ մեզի ցոյց կու տայ՝ թէ ան որքա՛ն կարեւոր է եւ անհրաժեշտ մարդկային ո՛չ միայն բարոյական, այլ նաեւ մարմնական կեանքին համար։

Արդարեւ, հասարակաց բարիքը կ՚ընդգրկէ խաղաղութիւնը, այսինքն տեւողութիւնը եւ ապահովութիւնը արդար կարգի մը։ Ան կ՚ենթադրէ ուրեմն որ իշխանութիւնը պարկեշտ միջոցներով ապահովէ ընկերութեան եւ անոր անդամներուն՝ իւրաքանչիւր անհատի «անվտանգութիւն»ը։ Ան կը հիմնաւորէ անհատական եւ հաւաքական օրինաւոր ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը։

Խաղաղութիւնը՝ իր ամենալայն իմաստով կը նշանակէ թէ՛ հաւաքական եւ թէ անհատական խաղաղութիւն, այսինքն՝ թէ՛ արտաքին, թէ՛ ներքին խաղաղութիւն. ուստի անոնք որ Ապաշխարութեան խորհուրդը զղջացեալ անկեղծ սրտով եւ կրօնական բարձր տրամադրութեամբ կ՚ընդունին, անոնց մէջ կը յաջորդեն սրտի խաղաղութիւնը եւ խղճմտանքին անդորրութիւնը, որոնց կ՚ընկերակցի հոգեկան հզօր մխիթարութիւնը։ Ուստի խաղաղութիւնը, այս իմաստով, կեանքին բարիքներուն վերստացումն է, որուն մէջ կը գտնուի ամենաթանկագինը՝ Աստուծոյ Բարեկամութի՛ւնը։ Իսկ խղճմտանքին կրթութիւնը ամբողջ կեանքին պարտականութիւնն է։ Խղճմտանքին կրթութիւնը կ՚երաշխաւորէ մարդուն ազատութիւնը եւ ծնունդ կու տայ սրտի խաղաղութեան։

Ինչպէս կ՚ակնարկէ Տքթ. Վարդ Շիկահեր, խաղաղութիւնը մարդկային կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման նկատմամբ կարեւոր ազդակ մըն է։

Որքան կարեւոր է մարմնական առողջութիւնը մարդուս համար, նո՛յնքան անհրաժեշտ է ներքին խաղաղութիւնը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 3, 2019, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2019