ԸՆՏԱՆԻՔ, ՊԱՏԻԺ ՈՒ ՕՁ

Խրիմեան Հայրիկ իր «Դրախտի ընտանիք» աշխատութեան երկրորդ գլուխին մէջ կը խօսի Ադամի եւ Եւայի դրախտէն դուրս դրուելու մասին. այդ մէկը պատիժ էր տրուած մարդուն, սակայն այդ պատիժի կողքին Աստուած մարդուն տուած էր այլ երանութիւններ. անոնց տուած էր երկրի բոլոր կենդանիներուն վրայ իշխելու հրամանը, ինչպէս նաեւ զանոնք պսակած էր՝ հրամայելով «աճեցէ՛ք... ու լցէք երկիրը»:

Ադամ եւ Եւա դուրս դրուեցան դրախտէն, սակայն անոնց հետ միասին դուրս եկաւ նաեւ օձը. իրականութեան մէջ օձը մի՛շտ ալ ներկայութիւն էր ընտանեկան կեանքէն ներս. ան առաջին հերթին իր խորամանկութեամբ թշնամի դարձուց արարիչն ու արարածները. պատճառ եղաւ որ Դրախտի առաջին ընտանիքը դուրս դրուի դրախտէն, սակայն օձը այնքանով չի՛ բաւարարուեցաւ. անոր նպատակը առաջին իսկ օրէն ընտանիքի խաղաղ ընթացքը քանդելն էր: Այդ պատճառով իր երկրորդ ծրագիրը կ՚ըլլայ Կայէնի սիրտին մէջ նախանձ սերմանել. Խրիմեանի բառերով. «նա թոյն թափեց նախ Կայէնի ոխակալ սիրտը՝ հարազատը հարազատին դէմ զինեց, նախաձեռն սպանութեան ոճիրը»: Աբէլի սպանութիւնը պարզապէս շարունակութիւնն էր օձի ծրագիրներուն. օձին ճամբով էր որ ընտանիքէն ներս առաջին անգամ սուգը մուտք գործեց: Կը տեսնենք, թէ առաջին ընտանիքին մէջ եւս գոյութիւն ունէր նախանձը՝ ինչ որ գոյութիւն ունի մերօրեայ ընտանիքներուն մէջ. զարմանալի ձեւով այսօր մայրը կը նախանձի իր աղջկան, աղջիկը՝ իր մօտ, հայրը՝ որդուն եւ հակառակը եւ կ՚ապրին այն ընտանեկան միջավայրը՝ որ օձը կ՚ուզէր տեսնել:

Ադամ եւ Եւա Աբէլի մահէն ետք ունեցան իրենց միւս որդին՝ Սէթը. Կայէնի եւ Սէթի միջոցով ընտանիքը սկսաւ բազմանալ. սակայն կար յստակ տարբերութիւն մը. Կայէնի սերունդը ագահ, ինքնասէր ու վայրագ էր, իսկ Սէթինը՝ երկիւղած ու Աստուածապաշտ: Այս մէկը խորհրդանիշն է դաստիարակութեան. Կայէն ագահ ու ինքնասէր էր եւ իր սերունդը նոյն օրինակով հասակ առաւ, մինչ Սէթ Աստուածավախ ըլլալով Աստուածավախ սերունդ մը լոյս աշխարհ բերաւ: Աստուածաշունչի այս առաջին տողերուն մէջ նոյնիսկ կարելի է գտնել կրթութեան եւ օրինակ դառնալու կարեւորութիւնը: Օձի չարիքներուն դիմադրելը դաստիարակութեան հետ աղերս ունի. Աստուածավախ ու պարկեշտ ընտանիքի մը մէջ ապրող մարդը անձնատուր չ՚ըլլար օձի խաբկանքներուն, մինչ առողջ դաստիարակութենէ հեռու ապրողը անձնատուր ըլլալով կեանքի կը կոչէ օձի բոլոր մտածումներն ու ծրագիրները:

Խրիմեան Հայրիկ խօսելով այդ օձերուն մասին կ՚ըսէ, թէ կարելի չէ զանոնք մեր կեանքէն վերացնել. օձերը մի՛շտ ալ գոյութիւն պիտի ունենան մարդկային կեանքէ ներս. խօսելով անոնց մասին Խրիմեան կ՚ըսէ. «Չարերը միշտ մարդկային ընկերութեան գայթակղութիւն են եւ միշտ կու գան մեր կենաց ճանապարհին վրայ, յորմէ խուսափիլ անկարելի է»:

Ցաւ ի սիրտ, օձը շատ աւելի զօրաւոր դուրս եկաւ քան մարդկութիւնը. ան յաջողեցաւ չարութիւն սերմանել նաեւ Սէթի որդիներուն մէջ եւ ապականեց ամբողջ ընտանեկան կեանքը. Ջրհեղեղի ժամանակ երկիրը ամբողջ ապականած էր եւ լեցուած չարութեամբ. Աստուած արդար գտաւ միայն Նոյն ու անոր ընտանիքը: Նոյը պարզապէս խորհրդանշան է Աստուծոյ եւ Աստուածահաճոյ ընտանիքի մը կապին. Աստուած օրհնեց ու փրկեց Նոյը պատուհասէն՝ որովհետեւ արդար մարդ էր Նոյ եւ հետեւաբար արդար ու Աստուածային դաստիարակութեան տէր էին նաեւ անոր զաւակները: Պէտք է հասկնալ, որ Աստուած պատրաստ է պաշտպանել ու փրկել այն ընտանիքի անդամները՝ որոնք իր շունչով, իր պատուիրաններով դաստիարակուած են: Միւս բոլոր չար ընտանիքներուն վերջը՝ կորուստ էր, սակայն Նոյինը փրկութիւն եւ հայ ընտանիքը պարտի նմանիլ Նոյի ընտանիքին, ըլլայ արդար ու Աստուածահաճոյ՝ որպէսզի Տէրը օրհնէ այդ ընտանիքը:

Հայ ժողովուրդին համար Նոյը տարբեր արժէք մը ունի՝ նկատի ունենալով որ Նոյեան տապանը կանգ առաւ Արարատի վրայ. այդ երեւոյթը Խրիմեանի տողերէն կը կարդանք հետեւեալ ձեւով. «Ահա Ծիրանի գօտին կամար կը կապէ Այրարատեայ աշխարհին վրայ, ձգելով մէկ ծայրն ՚ի Մասիս եւ միւսն յԱրագած»:

Այս գլխուն մէջ եւս կը տեսնենք, թէ Խրիմեան Հայրիկ իւրաքանչիւր Աստուածաշնչական դէպք կը փորձէ մեր մարդկային կեանքին կապել. այս գլուխին մէջ Հայրիկ կը խօսի նահապետական ընտանիքի մասին եւ երանելի կը գտնէ ընտանիքներու մէջ տեղ գտած անցեալի յարգանքը. հետեւեալ տողերով կը նկարագրուի այդ յարգանքը. «Նահապետական ընտանեաց մէջ շատ նշանաւոր էր ծնողաց յարգանք ու որդւոց պատկառանք. երանի՜ թէ այս վսեմ առաքինութեան օրինակը եւ յիշատակը անցեալ եւ ներկայ որդիներ անմոռաց պահէին միշտ ընկերական կեանքին մէջ»:

Այս գլխուն մէջ խօսեցանք Ադամի եւ Եւայի մասին. պէտք է յայտնել, որ շատեր կը հաւատան Ադամի եւ Եւաի մարմնական գոյութեան, իսկ ուրիշներ այդ մէկը պարզապէս մարդկութեան խորհրդանիշ որպէս կ՚ընդունին: Այսօրուան մեր նպատակը անոնց գոյութեան վերլուծումն ու ուսումնասիրութիւնը ընելը չէ. անոնք խորհրդանիշ ալ եղած ըլլան, էապէս մարդ արարած ալ եղած ըլլան, պարզ է, որ անոնց օրինակը մեր ընտանեկան կեանքը կը պարզէ, ուր կայ բարիք, սակայն բարիքի կողքը՝ չարիքներ. կայ սէր ու միութիւն, սակայն միաժամանակ կայ նախանձ ու ատելութիւն եւ այս բոլորի կողքին ընտանիքին մօտ Աստուած մը՝ որ թէ՛ կը պատժէ եւ թէ կ՚օրհնէ. այս մեր մարդկային կեանքի ամբողջութիւնն է՝ որ եղած է անփոփոխ աւելի քան հազարամեակներ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Նոյեան տապանը ո՞ւր կանգ առաւ:

Պատասխան. Ըստ Ծննդոց գիրքին, ջրհեղեղին դիմանալէ ետք Նոյի տապանը վերջապէս կանգ առաւ Արարատ լերան վրայ: Արարատ լերան ճշգրիտ վայրը, ինչպէս նկարագրուած է Աստուածաշունչի մէջ, կը շարունակէ քննարկման առարկայ ըլլալ: Շատեր կը կարծեն, թէ ան Թուրքիոյ մէջ գտնուող մերօրեայ Արարատ լեռն է, իսկ ուրիշներ կ՚առաջարկեն Մերձաւոր Արեւելքի այլ վայրեր: Հակառակ շատ կարծիքներու, շօշափելի ապացոյցներ եւ փաստեր գոյութիւն չունին։ Ճշգրտութիւնը որպէս առեղծուած կը շարունակէ մնալ հարցական:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2024