ՍՐՏԻՆ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆԸ
Մարդկային բոլոր յարաբերութիւններ, որպէսզի առողջ ընթացք մը ունենան, անհրաժեշտ է սրտի մաքրութիւնը։
Սրտի մաքրութիւնը, առաքինութեան եւ ազնուութեան հիմն է, որով կարելի է բարեբեր յարաբերութիւններ մշակել, խաղաղութիւն հաստատել եւ մարդկային արժանապատուութիւնը միշտ վե՛ր պահել։ Արդարեւ մարդուս մանաւանդ բարոյական եւ հոգեւոր կեանքը սրտի մաքրութիւն կը պահանջէ, քանի որ անոնք է որ կ՚արտացոլացնեն «ներքին մարդ»ը եւ նկարագիրը կը կազմեն «արտաքին մարդ»ուն՝ որ «ընկերային մա՛րդ»ն է։ Մարդ իր էութիւնը կ՚ապահովէ եւ կը տեւականացնէ հաւաքականութեան մէջ, միշտ պահանջքը ունի իր նմաններուն եւ պարտաւոր ու պատասխանատու է անոնց հետ առողջ կապեր հաստատելու, որպէսզի կարենայ իր նպատակին հասնիլ։
Անհատը պէտք է ընկերութեան մէկ անդամը ըլլայ, որպէսզի ապրի, քանի որ անոր ստեղծումին պատճառներուն առաջնակարգն է՝ իրերօգնութիւն, իրարու տկարութիւններ զօրացնել եւ թերութիւններ լրացնել։
Հաւաքական կեանքը մարդուս համար պահանջք մըն է՝ քանի որ ամէն մէկը իրարու օգնելու կոչուած է, եւ թէ՛ անհատապէս եւ թէ՛ հաւաքաբար կեանքին տեւականացումը եւ պահպանումը այս հիման վրայ կարելի է ապահովել։ Այս կապը որքան զօրաւոր եւ հաստատ ըլլայ, արդիւնքն ալ ա՛յդքան ապահով կ՚ըլլայ։
Եւ մարդկային փոխյարաբերութիւններուն հաստատուն եւ վստահելի ըլլալը կախում ունի մարդոց սրտի մաքրութենէն, այսինքն անոնց անկեղծութենէն։
Մարդիկ եթէ իրարու հետ անկեղծ վարուին, իրենց ամէն մէկուն արտայայտութիւնը եւ վարմունքը մաքուր սրտէ մը բխի, այլապէս ո՛չ մէկ հարց, ո՛չ մէկ անհամաձայնութիւն եւ խռովութիւն կը ծագի եւ մարդիկ մեծ մասամբ խաղաղութեան մէջ կ՚ապրին։ Բայց մարդիկ, ընդհանրապէս խռովասէր են, փոխանակ խաղաղութեան, խռովութիւնը կը նախընտրեն, փոխանակ իրարու օգնելու՝ իրարու փոս փորելու ջանք կը թափեն, փոխանակ համաձայնութեան ձգտելու, տեւապէս իրարու կը հակառակին եւ վերջապէս իրարու երբեք չեն վստահիր, քանի որ իրենք ալ, ամէն մէկը վստահութիւն չեն ներշնչեր եւ այս անվստահութիւնը մարդկային փոխյարաբերութիւններու հիմը կը կազմէ։
Մինչդեռ մարդիկ եթէ մաքուր սիրտով՝ անկեղծութեամբ մօտենային իրարու, պիտի վստահէին, փոխադարձ ապահով պիտի զգային իրենք զիրանք եւ ամէն ինչ կարգին, խաղաղութեան մէջ պիտի ընթանար։ Վստահութիւնը մաքուր սրտի մը արտայայտութիւնն է՝ մաքուր սիրտ մը վստահութիւն կը ներշնչէ եւ փոխադարձաբար՝ կը վստահի. կերպով մը՝ նմանը իր նմա՛նը կը գտնէ։ Բայց անվստահութիւնը վտանգ կը սպառնայ մարդկային յարաբերութիւններուն եւ վնաս կը պատճառէ անոնց ընթացքին։
Այս կը նշանակէ՝ ինչ որ կը տեսնուի «կեղեւ»ին վրայ, պէտք է ըլլայ նաեւ «կեղեւ»ին մէջ՝ հոգեկան կալուածին մէջ։ Ուստի թափանցիկ ըլլալ՝ մարդկային յարաբերութիւններու համար անհրաժեշտ է։ Անորոշութիւններ, անստուգութիւններ վտանգ կը սպառնան մարդկային փոխյարաբերութիւններուն եւ կը վնասեն անոնց էութիւնը։
Արդարեւ, խորհուրդը երբ կը բխի միտքէն՝ խօսքն ալ որ խորհուրդին արտայայտութիւնն է, կու գայ եւ կը դրսեւորուի սիրտէն։ Ուրեմն, խօսքը սերտօրէն կապուած է սրտին՝ որ կը մաղէ, կը զտէ մտքի արտադրութիւնները։ Եւ երբ սիրտը մաքուր է՝ խօսքն ալ մաքուր կ՚ըլլայ եւ որուն բնականաբար կը յաջորդէ գո՛րծը։
Այլապէս եթէ սիրտը մաքուր չէ՝ խորհուրդն ալ կ՚ապականէ եւ պատճառ կ՚ըլլայ չարախօսութեան։
Առանց ներքինին թափանցելու՝ դրսերեւոյթը միշտ խաբէական է, կրնայ շփոթեցնել մարդս. իսկ եթէ ներքինին մասին վստահութիւն ներշնչուած է՝ արտաքինն ալ վստահելի կ՚ըլլայ, քանի որ յստակ կ՚երեւի ամէն ինչ՝ լուսաւոր եւ յայտնի կերպով։
Արդարեւ Յիսուս կ՚ըսէ. «Աստուծոյ Հոգին է, որ կեանք կու տայ, մարդս ո՛չ մէկ բան կրնայ ընել» (ՅՈՎՀ. Զ 63-64)։ Ուստի, մարդ երբ կ՚անդրադառնայ Սուրբ Հոգիի ներկայութեան, կը հնազանդի Անոր եւ ըստ այնմ կը շարժի՝ շիտակ կը խօսի եւ ուղիղ կը գործէ։
Յիսուս կը խօսի նաեւ «Կենդանի ջուրեր»ու մասին, անոնց անհրաժեշտութիւնը մարդուս կեանքին մէջ։ Եւ Յիսուսի ամենամեծ ճշմարտութիւնն էր, որ կը յայտարարէր՝ կենդանի ջուրերուն ակունքը բուն իսկ իրեն դիմող մարդոց մէջ ցոյց տալով։ Արդարեւ Սուրբ Գիրքը կը վկայէ այն ճշմարտութեան՝ թէ սի՛րտն է բուն իսկ ակունքը՝ ուրկէ կենդանի աղբիւրներ պիտի հոսին. «Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ, քանզի կեանքի աղբիւրները անկէ են» (ԱՌԱԿ. Դ 23)։ Ուստի Յիսուս իր ամբողջ կեանքին ընթացքին, իր խօսքերով եւ գործերով ցոլացուց «մաքուր սիրտ»ի մը բովանդակ անբծութիւնը, մաքրութիւնը՝ որ բուն իսկ իր վեհութեան եւ իր աստուածութեանը գերազանց նշանակը եղած էր։ Յիսուս եղաւ տիպարը՝ մաքուր սրտի արտայայտութեան, անկեղծութեան, որուն միջոցով կատարեալ վստահութիւն ներշնչեց զԻնք լսողներուն։
Մարդու մը արժէքը գնահատելու համար միակ ստուգանիշը կամ վաւերանիշը պէտք է փնտռել իր սրտին մէջ, քանի որ մարդ իր սրտին մէջ է որ կ՚ապրի եւ կը շարունակէ ապրիլ իր սրտին թելադրած զգացումներով, մղումներով՝ սիրով եւ միտումներով՝ որոնք իրեն կեանքին ուղեցոյցը պիտի կազմեն։
Սի՛րտն է ամէն բանէ առաջ մարդուս տեղը՝ իր մէջ կը գործէ եւ իր նկարագիրը անով է, որ կը կազմուի, կը ձեւաւորուի։ Սի՛րտն է որ կը քաջալերէ, կը յարատեւէ եւ մարդուս ուժ եւ կորով կը ներշնչէ՝ անոր գերագոյն տենչանքին, վերջնական նպատակին հասնելու համար, սիրտն է որ կը տկարանայ, կը յուսահատի, կը յուսալքուի։ Սի՛րտն է որ կը սիրէ եւ նաեւ կ՚ատէ. կը պաշտէ եւ նաեւ կը խորտակէ, կ՚աղօթէ եւ նաեւ կը հայհոյէ։
Եւ սիրտը կը մոլորեցնէ մարդս եւ կամ ճշմարտութեան կ՚առաջնորդէ՝ աստուածճանաչութեան եւ Յիսուս Քրիստոսի լուսաւոր ճամբաները կը ներկայացնէ։
Կեանքի երկու ճշմարտութիւնները՝ մահը եւ կեանքը սրտին մէջ տեղ կը գրաւեն, ժպիտը եւ արցունքը սրտէն կը ծնին ու կը բխին եւ վերջապէս սիրտն է, որ ասոնցմէ մին կամ միւսը ճաշակել կու տայ մեզի։ Այս պատճառով է որ Սաղմոսերգուն «Սուրբ Սիրտ» կը խնդրէ Աստուծմէ, եւ անոր համար է որ Յիսուս երանի՜ կու տայ անոնց՝ որ «Սրտով սուրբ են», եւ նոյն իմաստով է որ Առակախօսը կը պատուիրէ՝ զգուշութեամբ պահել սիրտը, քանի որ ան գիտէ, թէ՝ «Ծուռ սիրտ ունեցողները Տէրոջ առջեւ պիղծ են, բայց ուղիղ ճամբայ քալողները Անոր հաճելի են» (ԱՌԱԿ. ԺԱ 20)։
Կրօնքէ անկախ բարոյականի մը գաղափարակիցներ նոյնիսկ, իրենց ամբողջ համոզումի դրութիւնը եւ մտային կառուցուածքին անկիւնաքարը կը նկատեն ու կը դաւանին՝ «սրտի մաքրութիւն»ը՝ առանց որու ո՛չ վստահութիւն կրնայ գոյութիւն ունենալ աշխարհի վրայ եւ ո՛չ իսկ որեւէ տոկուն եւ զօրաւոր նկարագիր հաստատել։
Խօսքին կամ դրսերեւոյթներուն կեղծիք կամ պատրանքները երբեք չեն կրցած հիմնական կեանք մը ապահովել իրենց ենթականերուն համար։ Խաբէութիւնը, ի վերջոյ վերածուած է ինքնախաբէութեան եւ կորսնցուցած ամէն վստահութիւն։ Կեղծիք եւ խաբէութիւն երբեք չեն կրնար համընթաց ըլլալ վստահութեան, առաքինութեան եւ ազնուութեան հետ։
Առօրեայ յաջողութիւններ, յաղթանակներ որոնք այդ պայմաններով ձեռք բերուած են, որեւէ արդարացում եւ երաշխաւորութիւն ցոյց չեն կրնար տալ իրենց տեւականութեան համար։ Առանց անկեղծութեան, առանց մաքուր սիրտ ունենալու, միայն երեւոյթներ փրկելու համար ժպտիլը՝ մեր «ներքին մարդ»ուն քայքայումն է՝ որ պիտի պատրաստէ ապահովաբար, եւ ալ անկէ վերջ Յիսուս Քրիստոսի ակնարկած «կենդանի ջուրերու ակունք»ը մենք մե՛ր ձեռքերով ցամքեցուցած պիտի ըլլանք, եւ ատով ցամքեցուցած պիտի ըլլանք բո՛ւն իսկ մեր կեանքին աղբիւրը։ Ուստի հետեւինք Առակախօսին, որ կը պատուիրէ «պահել մեր սիրտը», քանի որ անկէ կը հոսին կեանքի աղբիւրները։ Եւ լսենք Յիսուսի հրաւէրը, երբ կ՚ըսէ. «Կենդանի ջուրերու մօտեցէ՛ք», եւ կը հրաւիրէ կենդանի ջուրեր հոսեցնել մեր որովայնէն։
Այս պատուէրներէն առաջինը՝ Առակախօսին պատուէրը՝ սրտին պահպանութեան կարեւորութիւնը կը շեշտէ, իսկ երկրորդը՝ Յիսուսին պատուէրը՝ այդ անհրաժեշտ պահպանութեան կերպը եւ միջոցը ցոյց կու տայ մեզի։
Մարդ, ընդհանրապէս եւ բնականաբար, սովորութիւն ունի իր թանկագին, կարեւոր առարկաները պահպանելու, խնամք տանելու անոնց այն ամէն պատահականութիւններէ, որոնք վտանգ կը սպառնան եւ կրնան վնաս պատճառել անոնց արժէքին։
Այս կը նշանակէ՝ թէ առաւելագոյն խնամքը պէտք է տարուի մանաւանդ սրտին՝ որ կեանքի աղբիւրն իսկ է եւ ամէն կենդանութիւն եւ ապրո՛ւմ իրմէ կը բխի…։
- Մասամբ օգտուեցանք՝ Մուշեղ Ծ. Վարդապետ Սերոբեան «Ոչ երբեք այնպէս խօսեցաւ մարդ» (ՅՈՎՀ. Է 46) բնաբանով քարոզէն (1904)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 21, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 05/13/2025
- 05/13/2025