ԱՊԱՒԻՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Մարդ էակը որքան որ օժտուած է բանականութեամբ, զանազան կարողութիւններով, ունի նաեւ թերութիւններ եւ տկարութիւններ, եւ այս իսկ պատճառով միշտ ունի «ուրիշի մը» ապաւինելու, իր թերութիւններուն եւ տկարութիւններուն մէջ իր նմանին վստահելու պահանջքը։ Այս պահանջքը շատ բնական է եւ անհրաժեշտ՝ մարդուն գոյապահպանման եւ գոյատեւմանը համար։ Մարդ երբեմն ինքզինք ինքնաբաւ կրնայ կարծել, կրնայ մտածել, թէ ուրիշի մը օգնութեան պէտք չունի, սակայն կը սխալի, քանի որ միշտ պիտի ունենայ պակաս մը, անկարողութիւն մը, քանի որ ան կատարեալ չէ՛։

Մարդուն, ապաւինութիւնը փնտռելիք առաջին Անձը իր Արարիչն է՝ Աստուած՝ իր երկնաւոր Հայրը։ Եւ ասիկա շատ բնական է, քանի որ մանուկ մը ամենէն առաջ իր ծնողքին ապաւինելու, վստահելու պահանջքը ունի. ան իր ամբողջ պահանջներուն համար կը դիմէ իր հօր եւ մօր։

Մարդիկ ալ, իբրեւ «որդի»ներ, անշուշտ թէ պիտի դիմեն իրենց երկնային Հօր՝ Աստուծոյ իրենց ամէն կարօտութիւններուն մէջ։ Մէկ խօսքով, մարդ միշտ պէտք ունի Աստուծոյ խնամութեան, օգնութեան եւ պէտքը ունի Անոր վստահելու, այսինքն հաւատա՛լու…։

Հաւատքը մարդուն նա՛խ «անձնական փարում»ն է Աստուծոյ։ Ան միաժամանակ եւ անբաժանելիօրէն «ազատ հաւանութիւն»ն է Աստուծոյ յայտնած ամէն ճշմարտութեան։ Քրիստոնեայ հաւատքը իբրեւ «անձնական փարում» Աստուծոյ եւ «հաւանութիւն»՝ Անոր յայտնած ճշմարտութեան, տարբեր է մարդկային ոեւէ անձի մը ընծայուած հաւատքէն՝ վստահութենէ՛ն։ Ուստի արդար եւ բարի է լիուլի ապաւինիլ՝ վստահիլ Աստուծոյ եւ բացարձակապէս հաւատալ Անոր ըսածին։

Այս իմաստով ընդունայն պիտի ըլլար եւ թիւր՝ նման հաւատք մը, վստահութիւն մը դնել արարածի մը վրայ, երբ կա՛յ Արարիչը՝ ամենավստահելին եւ ամենահաստատ ապաւինութիւնը, քանի որ Ան Բարի՛ է եւ Նախախնամ։ Եւ քրիստոնեային համար, հաւատալ եւ ապաւինիլ Աստուծոյ անբաժանելիօրէն հաւատալ, վստահիլ եւ ապաւինիլ է Անոր, զոր Աստուած ղրկեց, «Իր սիրելի Որդիին», որուն մէջ դրած է Իր ամբողջ հաճութիւնը։ Աստուած ըսաւ որ զԻնք ունկնդրենք (ՄԱՐԿ. Թ 7)։ Յիսուս Քրիստոս Իր հերթին կ՚ըսէ Իր աշակերտներուն. «Հաւատացէ՛ք Աստուծոյ, հաւատացէք նաեւ Ինծի» (ՅՈՎՀ. ԺԴ 1)։

Մարդ կրնայ հաւատալ Յիսուս Քրիստոսի, քանի որ Ան Աստուած է, մարմնացեալ Բա՛նն է. «Ո՛չ ոք Աստուած տեսաւ երբեք, բայց Միածին Որդին, որ Հօր ծոցն է, Ան յայտնեց մեզի» (ՅՈՎՀ. Ա 18)։ Քանի որ Ինք «տեսաւ Հայրը» (ՅՈՎՀ. Զ 46), ուստի միա՛յն Ինք կը ճանչնայ զԻնք եւ ունի իշխանութիւն զԻնք յայտնելու. (ՄԱՏԹ. ԺԱ 27)։

Արարչագործութենէն ետք, Աստուած չի լքեր Իր արարածները ինքզինքնին։ Ան չի տար անոնց միայն ծնունդ եւ գոյատեւում, այլ կը պահէ զանոնք ամէն վայրկեան գոյութեան մէջ, կը խնամէ, կը հոգայ զանոնք, գործելու կը լքէ եւ կը հասցնէ իրենց վախճանին։ Այս ճշմարտութիւնը կ՚ապացուցանէ՝ թէ արարչագործութիւնը եւ ստեղծագործութիւնը չէ՛ վերջացած, այլ կը շարունակէ մինչեւ վախճան։ Եւ այդ պատճառով է, որ մարդ կ՚աղօթէ, ապաւէն կը փնտռէ իր Արարչին մօտ՝ որ Նախախնամ է եւ Արարի՛չ։ Եւ քանի որ արարչագործութիւնը կը տեւէ եւ չէ վերջացած, ապա ուրեմն աղօթքով կարելի է փոխել վիճակ մը, կացութիւն մը եւ անոր տալ նոր ընթացք՝ արարչագործութեան շարունակականութեան մէջ։

Արդարեւ ճիշ՛դ է, որ Աստուծոյ ստեղծածը «բարի» է, բայց արարչագործութեան եւ ստեղծագործութեան ընթացքին մէջ ան կրնայ «բարեփոխուիլ», եւ ասիկա ներհակ չէ ստեղծագործութեան խորհուրդին, եւ ուրեմն պէտք է հաւատալ, վստահիլ եւ ապաւինիլ Աստուծոյ եւ տեւապէս աղօթե՛լ։

Այս կը նշանակէ՝ թէ Աստուած գերակայ է արարչագործութեան եւ ներկա՛յ է անոր մէջ։

Ըստ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի, Ինք աւելի՛ բարձր է քան մարդուն մէջ գտնուող բարձրագոյնը, աւելի՛ մտերիմ քան մտերմագոյնը։ (Ս. Օգոստինոս Աւրելիոս, «Խոստովանութիւններ»)։

«Այո՛, Դուն կը սիրես ամէն ինչ, որ գոյութիւն ունի, եւ չես խորշիր ո՛չ մէկ բանէ, զոր ստեղծեցիր. քանի որ եթէ Դուն բան մը ատէիր, պիտի չստեղծէիր։ Եւ բան մը ինչպէ՞ս գոյութիւն ունենայ, եթէ Դուն չես ուզեր զայն։ Բան մը ինչպէ՞ս պիտի գոյատեւէ եթէ Դուն չես կանչած զայն։ Բայց Դուն կը խնայես ամէն բանի, որովհետեւ ամէն ինչ Քո՛ւկդ է, Դուն որ հոգեսէր Տէր ես» (ԻՄՏ. ԺԱ 24-26)։

Արարչագործութիւնը ունի իր իւրայատուկ լաւութիւնն ու կատարելութիւնը, բայց ան Արարչին ձեռքէն չելաւ բոլորովին աւարտած։ Ան ստեղծագործուեցաւ «ընթացողի վիճակի մէջ», ան կ՚ընթանայ դէպի նուաճելի վերջին կատարելութիւն մը, որուն սահմանած է զայն Աստուած։ Այն միջոցառումները որոնցմով Աստուած կ՚առաջնորդէ Իր արարչագործութիւնը դէպի այս «կատարելութիւն»ը, մենք զայն կը կոչենք «աստուածային նախախնամութիւն»։

Ուստի ճանչնալ այս կատարեալ առկախութիւնը Արարչէն՝ աղբիւր է իմաստութեան, հաւատարմութեան եւ ազատութեան, ուրախութեան, վստահութեան եւ ապաւինութեան։

Աստուծոյ պէտք է հաւատալ՝ վստահիլ եւ ապաւինիլ ամէն բանի մէջ, քանի որ Ան Իր նախախնամութեամբ կը պահպանէ եւ կը կառավարէ ինչ որ ստեղծած է։ Այս իմաստով, Աստուած նախատիպա՛րն է ծնողներուն՝ որոնք մինչեւ վերջ կը շարունակեն հոգալ եւ խնամել իրենց զաւակները, եւ կը կատարեն անոնց խնդրանքները՝ ինչ տարիք, դիրք կամ վիճակ ալ ունենան անոնք։ Ուստի ծնողք չի նշանակեր միայն անոնք՝ որ կեանք կու տան իրենց զաւակներուն, այլ նաեւ անոնք՝ որ տեւապէս կը հոգան, կը խնամեն զանոնք։ Կարելի՞ է որ ծնողքը մերժէ իր զաւկին խնդրանքը, եւ Աստուած, կարելի՞ է խորհիլ թէ մերժէ իր որդիներուն խնդրանքները՝ բա՛ւ է որ այդ խնդրանքը օգտակար, օրինաւոր, բարեբեր ըլլայ եւ պատշաճի Աստուծոյ կամքին հետ։

Ահաւասիկ, այս պատճառով մարդ պէտք է աղօթէ՝ խնդրէ իր Արարչէն այն՝ որուն կարօտ է եւ պահանջքը ունի։ Եւ Աստուած որպէս բարեխնամ Հայր, անպայման կը պատասխանէ իր որդիներուն աղօթքներուն՝ կու տայ ինչ որ կ՚ուզեն անոնք, պատեհ ժամանակին։

Աստուած ապաւինութեան ճշմարիտ առարկան է, ինչպէս կ՚ըսէ Սաղմոսերգուն. «Սքանչելի բաներով, արդարութեամբ պիտի պատասխանես մեզի, ո՜վ մեր փրկութեան Աստուածը, որ երկրի բոլոր ծայրերուն ու ծովերէն հեռու եղողներուն յոյսն ես» (ՍԱՂՄ. ԿԵ 5)։

Ապաւինի՛նք Աստուծոյ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 21, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2019