ՃԻ՞ՇԴ ԿԸ ԽՕՍԷՐ… ԹԷ ՍԽԱԼ

Տարիներ շարունակ մամուլի էջերուն մէջ գրեցինք եւ կարդացինք սփիւռքի մէջ գոյատեւել փորձող հայկական դպրոցներու ճակատագրական վիճակին մասին, անոնց գոյութիւնը կենսական ու կարեւոր նկատելով ապագայ սերունդներու դաստիարակութեան սրբազան առաքելութեան մէջ: Անոնց մեծամասնութիւնը եղան քննադատութիւններ՝ ի դիմաց մայրենիին հանդէպ անտարբեր գաղութներու, որոնք երկրի տեղական լեզուն աւելի կարեւոր նկատեցին՝ քան մայրենին:

Յետ ցեղասպանութենէն ցայսօր, սերնդափոխութեանց միջեւ յառաջացած վիհերու ճամբով վճռուեցաւ Հայ Դպրոցին եւ հայ լեզուին ճակատագիրը, ու անոնց կարեւորութիւնը կամաց կամաց այլափոխուեցաւ անկարեւոր դրութեան, հայերէնը օտարացնելով նոյնինքն հայուն, որուն վերապրելու եւ հայութիւնը ապրեցնելու կտակը փոխանցուած էր:

Ցեղասպանութենէն ճողոպրած առաջին սերունդը ամէ՛ն բանէ աւելի էական նկատելով դպրոցի գոյութիւնը՝ գլխաւոր առաջնահերթութիւն նկատեց դպրոց հիմնելը՝ ապաստան մը շինելէ շա՛տ աւելի առաջ: Յաջորդող սերունդները սակայն, նոյն նախանձախնդրութիւնը չունեցան եւ իրենց նախնիներու ամենակարեւոր նկատած հաստատութիւնը՝ Հայ Դպրոցը լուսանցքէ դուրս դասեցին:

Սփիւռքի ներկայ եղերական վիճակը վերջին տասնամեակի մը ծնունդը չէ. աւելի քան կէս դար առաջ եւս Ամերիկայի եւ Եւրոպական կարգ մը երկիրներու մէջ հասակ կ՚առնէին հայերէն խօսիլ չգիտցողներու սերունդներ, որոնց դիմաց անտարբեր էին բոլորը, շատ անգամ նոյնի՛սկ ղեկավարները: Գուցէ անտարբերութենէ աւելի կեանքին հետ քայլ պահելու պայքարը պատճառ դարձաւ հայերէն լեզուին եւ դպրոցին հանդէպ տածուած կարեւորութեան ուծացման, որովհետեւ սփիւռքի հայը կա՛մ հայութիւնը պիտի ընտրէր ու ետ մնար տուեալ երկրի կեանքի գնացքէն, եւ կամ գնացքին հետեւելով հեռանար իր սրբազան արժէքներէն: 

Ու այս քաոսային իրավիճակին դիմաց 1948 թուականի Ամերիկայի առաջնորդ Տիրան Արք. Ներսոյեան կը գրէր յօդուած մը՝ որ բաւականին մեծ աղմուկ պիտի յառաջացնէր սփիւռքի, ինչպէս նաեւ Հայրենիքի մէջ:

Այժմ կը կարդամ «Հայաստանեայց Եկեղեցի»ն՝ Ամերիկայի առաջնորդարանի պաշտօնաթերթի 6 յունիս 1948 թուականի հրատարակութիւնը, ուր Տիրան Եպսկ. Ներսոյեան կը գրէ «Հայերէնը Ամերիկայի մէջ» խորագրեալ խմբագրական մը: (Յայտնենք, թէ 9 հոկտեմբեր 1948-ի թիւով կը փոխանցուի, թէ «յիշեալ խմբագրականը  Սրբազան Առաջնորդի գրիչէն ելած չէ»):

Յօդուածագիր Սրբազան Հայրը կը խօսի իր ժամանակաշրջանի ամերիկահայ գաղութին մասին ուր հայկական դպրոցին տեղ գոյութիւն ունի ուսուցման կեդրոն մը, «ուր շաբաթը մի քանի ժամ աշխատանք կը տարուի մեր փոքրիկներուն սորվեցնելու իրենց նախահայրերու լեզուն»: Այդ մի քանի ժամուան ուսուցման անգամ հայ մանուկն ու պատանին դժկամելով կ՚երթայ, որուն համար սրբազան հայրը կը գրէ. «Զարմանալի չէ որ կը դժկամակի յաճախել հայ դպրոց, ուր իրեն պիտի ջանան սորվեցնել իր քիչ անգամ գործածած լեզուին ընթերցումն ու գիրը: Ծերունիներու բերնէն լսած այդ լեզուն ինչո՞ւ պարտաւոր ըլլար սորվիլ, կը մտածէ փոքրիկը»: Ու այս բոլոր ճշմարտութեանց դիմաց սրբազան հայրը տարուած բոլոր ջանքերն ու աշխատանքները կը նկատէ «հոսանքին հակառակ թիավարութիւն»:

Առաջնորդ սրբազանը հարցականի տակ կը դնէ, թէ ինչո՞ւ համար հայերէն լեզուն պէտք է սորվեցնել նոր սերունդին. որպէսզի մէկ կողմէն կարդա՞ն մեր գրականութիւնը եւ միւս կողմէ շարունակե՞ն գրողներու գործը... «ցնորական է երեւակայել նման բան: Ասիկա բացարձակապէս անկարելի նպատակ մըն է»: Առաջնորդը կը շարունակէ. «Ցնորական է դարձեալ երեւակայել, որ ամերիկահայ դպրոցներու պահպանումով կարելի է շարունակ ե բաւարար թուով ընթերցողներ հայթայթել ամերիկահայ մամուլին համար»: Եւ ի վերջոյ սրբազան հայրը դիտել կու տայ, որ հայերէնը վերապահուած պիտի մնայ միայն եկեղեցւոյ ծիսակարգին:

Չեմ գիտեր. այպանե՞լ սրբազան հայրը, թէ՝ շնորհաւորել իր անկեղծ վերլուծութեան ու հեռատեսութեան համար: Այսօր նոյնը չէ՞ ամերիկահայութեան պարագան:

Սրբազան հօր այս յօդուածին դիմաց ատենի Գէորգ Զ. Նորնախիջեւանցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կ՚արտայայտուի. «եթէ այս մանուածապատ դատողութիւնները իբրեւ հիմ եւ ճշմարտութիւն ընդունինք, այն ատեն պիտի առնենք նաեւ յաջորդաքայլը, այսինքն հայ եկեղեցիին ծէսը, հայ եկեղեցական արարողութիւնները կատարելու են ոչ հայերէն լեզուով...»:

Այդ ժամանակուայ մամուլը Ներսոյեան Սրբազանի այս արտայայտութիւններն ու մտածումները կը դատէ որպէս «վնասակար եւ վտանգաւոր» ճամբայ: Սակայն հիմա մենք 73 տարիներ ետք կատարենք արդար գնահատական մը... Սրբազանին հետեւողութիւնները ճշմարիտ չե՞ն:

Վերլուծութիւնը ընթերցողին:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՌՈՒԲԷՆ ՄԱՄՈՒԼԵԱՆ
(1897-1987)

Մեր թուականէն 124 տարիներ առաջ՝ 8 հոկտեմբեր 1897-ին Թիֆլիզի մէջ ծնած է 20-րդ դարու մեծագոյն թատերական եւ ժապաւէններու բեմադրիչ Ռուբէն Մամուլեան:

Մամուլեան ծնած է Թիֆլիզի մեծահարուստ ընտանիքներէն մէկուն մէջ: Փոքր տարիքէն՝ եօթ տարեկան հասակին ընտանիքին հետ մեկնած է Ֆրանսա, ուր ստացած է իր ուսումը, սակայն ժամանակ մը ետք դարձեալ վերադարձած է Թիֆլիզ: Իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է նախ Մոսկուայի, ապա Լոնտոնի իրաւաբանական համալսարաններէն ներս, ընթացքին յաճախելով ռուսահայ բեմադրիչ Եւգինէ Վախթանգովի թատերական ներկայացումներուն: Մամուլեան ուսումը աւարտելէ ետք վերադարձած է Թիֆլիզ, ուր Լեւոն Քալանթարի եւ Ի. Խաչատրեանի հետ միասին 1918-ին հիմնած է բեմական արուեստի կեդրոն մը: Բեմադրիչը սկսած է 1920 թուականէն թատերական եւ երաժշտական ներկայացումներ ունենալ Թիֆլիզի, Լոնտոնի, Փարիզի եւ Նիւ Եորքի մէջ:

Մամուլեան իր առաջին ժապաւէնը՝ «Ծափահարութիւններ»ը նկարահանած է 1929 թուականին, որուն մէջ ի գործ դրած է մինչեւ այդ ժամանակ նկարահանման ասպարէզին մէջ չօգտագործուած նորութիւններ: Շարունակաբար սկսած է նկարահանել իր միւս ժապաւէնները. ինչպէս՝ «Քաղաքի փողոցները» (1931), «Տոքթոր Ճէյքը Եւ Մըստըր Հայտը», «Սիրիր ինձ այս գիշեր» եւ այլ ժապաւէններ: Անոր նկարահանած «Քրիստինա թագուհին» արժանացած է մրցանակի: Ռուբէն Մամուլեան թատերական գործունէութեան կողքին զբաղած է գրականութեամբ եւ իր աշխատութիւնները հրատարակած է «Աբիգայլ» խորագրեալ գիրքին մէջ՝ 1964-ին: Կատարած է նաեւ թարգմանական աշխատանք, հայերէնի վերածելով Շէյքսփիրի գործերէն շատերը: Մամուլեանի անունին աստղը տեղադրուած է Հոլիվուտի Փառքի ծառուղիին մէջ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1997 թուականին Մամուլեանի պատկերով հրատարակած է նամականիշ:

Ան մահացած է 4 դեկտեմբեր 1987-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2021