ՀԱՒԱՏԱԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐ

Հաւատքը մարդուն պատասխա՛նն է Աստուծոյ, որ Ինքզինք կը յայտնէ զանազան միջոցներով, աստուածային գործերով, բնութեան երեւոյթներով եւ Ինքզինք անոր կու տայ, իր կեանքին գերագոյն իմաստը որոնող մարդուն միաժամանակ յորդառատ լոյս կը սփռէ։ Եւ մարդը իր հաւատքը դաւանելու ատեն, կը սկսի ըսելով. «Ես կը հաւատամ»։ Եկեղեցւոյ հաւատքը դաւանուած է «հաւատամք»ին մէջ, հռչակուած է ծիսակատարումին մէջ, ապրուած է պատուիրաններուն եւ աղօթքին գործադրութեան մէջ։ Այս իմաստով մարդ կը հաւատայ՝ հաւատքը զանազան արարքներու մէջ, կեանքին մէջ ապրելով։

Մարդը բազմազան կերպերով, ամբողջ պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ օրս, Աստուծոյ իր որոնումը արտայայտած է իր դաւանութիւններով եւ իր կրօնական վարմունքներով, ինչպէս՝ աղօթքներով, զոհերով, պաշտամունքներով, խորհրդածութիւններով, ծէսերով, եւ այլն։ Եւ արտայայտութեան այս կերպերը, հակառակ երկդիմութիւններուն, զորս կարող են բովանդակել, այնքա՛ն ընդհանրական երեւոյթներ են, որ կարելի է մարդը կոչել «կրօնական էակ»։ Եւ մարդ իր կեանքին, իր էութեան պատճառով պարտաւո՛ր է հաւատալու…։

Խօսքը երբ հաւատալու մասին է, հոս կ՚ուզենք մատնանշել մարդկային իրերամերժ մտածողութիւն մը։

Մերօրեայ կարեւոր մտահոգութեան մը պատճառ դարձած է ներկայ համավարակը. պսակաւոր ժահրի պատճառած այս երեւոյթը վախ եւ մտահոգութիւն է ստեղծած համայն մարդկութեան։ Եւ ո՛չ ոք կ՚ուրանայ ժահրի մը գոյութիւնը, հակառակ որ ան անտեսանելի է, բայց անոր պատճառած չար պատահարները հաւատալ կու տան մարդոց, որ ան գոյութիւն ունի։

Անտեսանելի, փոքր ժահր մը իր ստեղծած երեւոյթներով, հիւանդութիւններով, մինչեւ իսկ մահերով ինքզինք կը յայտնէ եւ հաւատալ կու տայ մարդոց, թէ գոյութի՛ւն ունի։ Տեսանելի գործերով մարդ կը հաւատայ անտեսանելի փոքր ժահրին գոյութեան եւ ո՛չ ոք կը մերժէ անոր էութիւնը, գոյութիւնը։

Բայց մարդիկ հաւատալու մէջ ընդհանրապէս վարանումներ ունին, դարձեալ անտեսանելի բայց անհամեմատաբար մե՛ծ Աստուծոյ գոյութեան մասին։

Ժահրը չարութեան պատճառ է, հիւանդութիւններով կը յայտնէ ինքզինք, մինչեւ իսկ կեանքեր կը խլէ եւ մարդիկ կը հաւատան անոր գոյութեան։

Աստուած անհամար բարիքներու պատճառն է՝ մարդոց առողջութիւն կը պարգեւէ, հիւանդներու բժշկութիւն կը շնորհէ եւ ամենէն էականը եւ կարեւորը՝ կեանքին պատճա՛ռն է, կեանք կ՚ընծայէ, կը ստեղծէ եւ կը կառուցանէ, բարի է եւ բարութեան սկզբնապատճառը։ Եւ մարդիկ տակաւին կը տարակուսին, կը վարանին համոզուելու՝ հաւատալու Անոր էութեան, Անոր գոյութեան մասին։

Ի՞նչ կրնանք ըսել. չարագործին գոյութեան հաւատալ, անոր չարագործութիւններէն վախնալ, անոր մասին մտահոգուիլ, բայց Բարեգործին բարութիւնները անտեսել, անտարբեր գտնուիլ անոնց մասին եւ երբեք չմտահոգուիլ Անոր բացակայութիւնը մեր հոգիներուն մէջ։ Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել այս մարդկային մտքին հակասութիւնը։ Կարելի՞ է մերժել, ուրանալ կեանք տուողը, առողջութիւն պարգեւողը եւ ընդունիլ, հաւատալ կեանք առնողը, հիւանդութեան պատճառ եղողը։

Աստուած ալ ինքզինք կը յայտնէ Իր գործերով. եւ այդ «գործեր»ը մենք կը տեսնենք, կ՚ապրինք մեր կեանքի ամէն մէկ պահուն։ Եթէ կեանք ունինք, կեանքը կ՚ապրինք՝ Աստուծմէ է, եթէ առողջ ենք Աստուծմէ է, եթէ երջանիկ ենք Աստուծմէ է, եւ դեռ, երբեմն ալ ըլլայ, կը վարանինք հաւատալու։ Մինչ եթէ կը հիւանդանանք, մեր առողջութիւնը կը վատթարանայ՝ չենք բժշկուիր, տեւական մահուան վախով կ՚ապրինք, մեր կեանքի մասին կը մտահոգուինք, կասկածամիտ՝ կը մտատանջուինք, գիտենք որ անոր պատճառը, թէեւ անտեսանելի, թէեւ փոքր՝ ժա՛հրն է։

Ո՜հ, մարդկութիւնը կարենար ընդունիլ Աստուծոյ գոյութիւնը՝ ժահրին գոյութիւնը ընդունածին չափ…։

Երբ մարդկութիւնը ընդունած ըլլար Աստուծոյ գոյութիւնը, այն ատեն ժահրն ալ այսքան ազատ համարձակ չէր գործեր եւ չէր կրնար տիրապետել մարդկութեան։ Մարդ եթէ հպատակէր Աստուծոյ, երբեք պիտի չհպատակէր ժահրին։ Բարեգործը եւ չարագործը. նախընտրութիւնը մարդուն է մնացած։

Աստուծոյ հաւատալու, Անոր գոյութիւնը ընդունելու համար կը բաւէ նայիլ բնութեան եւ հոն տեսնել անհամար հրաշալիքներ, բարութիւններ։

Զոր օրինակ, արեւածագը՝ առաւօտը՝ խաւարէն լոյսի փոխանցումը, եւ արեւնամուտը՝ երեկոն՝ լոյսէն դէպի խաւար անցքը եւ այս բնական երեւոյթներուն կանոնաւորութիւնը՝ անսայթաք կրկնութիւնը, տեւականութիւնը. ամբողջ տիեզերքի Արարիչին՝ Աստուծոյ գոյութեան ապացոյցները չե՞ն։

Ժահրը կրնայ հիւանդութեան պատճառ ըլլալ, համավարակ ստեղծել, բայց չի կրնար տիրապետել ամբողջ Բնութեան, չի կրնար մինչեւ վերջ գոյատեւել։ Ժահրին պատճառած հիւանդութիւնը կրնայ բժշկել Աստուած՝ որ ստեղծած է մարդը առողջ։ Ժահրին համավարակը կը փարատի Աստուծոյ միջամտութեամբ, եւ ժահրը կը կորսնցնէ իր ժամանակաւոր զօրութիւնը, բայց Աստուած միշտ կա՛յ եւ կը մնայ յաւիտեան, քանի որ Ան անսկիզբ է եւ անվախճա՛ն։ Եւ Աստուծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ ստեղծուած մարդը, որ օժտուած է աստուածատուր բանականութեամբ, անպայմա՛ն պիտի յաղթահարէ պսակաւոր ժահրին պատճառած ներկայ համավարակը, բայց պէտք է անդրադառնայ որ այդ ուժը, այդ կարողութիւնը իրեն տրուած է իր Ստեղծիչին՝ Աստուծոյ կողմէ։ Եւ գիտնայ, թէ ժահրը աւելի մեծ եւ ազդու չէ քան ամենամեծն Աստուած։

Մաղթելի՛ է, որ այս համավարակը առիթ մը ըլլայ Աստուծոյ գոյութեան, Անոր ամենակարողութեան, Անոր բարի բնութեան անդրադառնալու…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 30, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունուար 9, 2021