Ո՛Չ ԹԷ ՅՈՅՍ, ԱՅԼ ԴԱՇՏԻ ԲՈՅՍ

Ամէ՛ն ժամանակաշրջան ունեցած է իր երիտասարդութիւնը եւ նոյն միջոցին երիտասարդութեան գործունէութիւնն ու ընթացքը քննադատող աւելի մեծ սերունդ։ Մարդկային այս ընթացքը վերջ չէ՛ ունեցած: Մեծ սերունդին համար միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է անհոգ ու անտարբեր երիտասարդութիւն մը, իսկ նորերուն համար՝ հին գլուխ մեծ սերունդ մը եւ այս երկուքը մեռնելու եւ ծնելու հակասութեամբ մի՛շտ ալ յաջորդած են իրարու: Հակասելով հանդերձ ամէն սերունդ գիտակցած է, որ երիտասարդութիւնը ազգի մը ամենէն կարեւոր ուժն է:

Ամէ՛ն ժամանակաշրջան իր գրականութեան ու մամուլին մէջ կարեւորած է երիտասարդութեան դերը, որոնք մի՛շտ ալ մոլորեցնող ու զիրենք ազգային կեանքէն հեռացնող ազդակներ ունեցած ու գտած են:

Մեր թուականէն մօտաւորապէս 70 տարի առաջ, գրող ու խմբագիր Շաւարշ Միսաքեան «Տէր եղէք ձեր կոչումին» խորագրեալ իր խմբագրականին մէջ կ՚ըսէր. «Չկայ հայերէն թերթ մը, որ չփառաբանէ երիտասարդութիւնը իբրեւ վաղուան յոյսը, լոյսը եւ ուրիշ ամէն բան»: Սակայն Միսաքեան, որ այդ թուականներուն արդէն հին սերունդին մաս կը կազմէր, կը քննադատէր իր օրերու երիտասարդութիւնը եւ շատ վիրաւորական ձեւով մը կ՚ըսէր. «Նոր երիտասարդութիւնը ո՛չ թէ վաղուան յոյս կամ լոյս, այլ դաշտի բոյս անգամ չի կրնար դառնալ, առանց սերտօրէն կապուելու իր ժողովուրդի մշակոյթին հետ»։ Խմբագիրը կը բողոքէր, որ իր օրերու երիտասարդութիւնը լաւապէս կապուած չէ իր մշակոյթին ու ազգութեան։ Ինչպէս այսօր մեր երիտասարդութիւնը, նոյնպէս Միսաքեանի ժամանակուայ երիտասարդութիւնը տարուած էր «համաշխարհային ուսում»ով. ամէ՛ն ժամանակաշրջան ունեցած է իր մոլորեցնող ուսուցումներն ու նորութիւնները եւ հիները մի՛շտ ալ անոնց դէմ ուզած են պայքարիլ։ Միսաքեան այդ կրթութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէր, սակայն անոնց կողքին կը կարեւորէր նաեւ ազգայինը։ Անոր բառերով. «Օրուան պահանջն է սերունդ մը, որ միջավայրէն ստացած ուսման վրայ բարդէ, անոր հետ ներդաշնակէ իր հայրենի պատմութիւնն ու մշակոյթը, որպէսզի կարենայ պահել եւ զարգացնել ժառանգութիւնը»:

Հիները որքան ալ քննադատեն նորերը, լաւապէս կը գիտակցին, թէ գոյութիւն ունի ազգային ժառանգութիւն մը, որ, ուզեն կամ չուզեն, պիտի յանձնուի նոր սերունդին, որպէսզի անոնք եւս, իրենց կարգին, այդ մէկը փոխանցեն տակաւին լոյս աշխարհ չեկած սերունդներու: Միսաքեանի համոզումով՝ այդ ժառանգութեան արժէքը չգիտնալը զայն կը վերածէ «անշարժ կալուած»ի մը։ Թէեւ ինչքա՜ն լաւ պիտի ըլլայ մեր մշակոյթը անշարժ պահելը, սակայն այդ մէկը անհնար է. ան ենթակայ է փոփոխութեան եւ սա կը մտահոգէ հին սերունդը։ Նոր սերունդը՝ երիտասարդութիւնը կրնայ աղաւաղել մշակոյթը, որ ունի դարաւոր պատմութիւն մը։ Այդ մէկը մաքուր ու անաղարտ պահելու գիտակցութեան պակասը կը մտահոգէ հիները, որովհետեւ նորերը ամէն վայրկեան պատրաստ են դարաւոր մշակոյթը փոխել եւ կամ պղծել օտարինով:

Պատկերացուցէք հարստութիւն մը, որ սերունդէ սերունդ փոխանցուելով հասած է ձեզի եւ դուք պատճառ կը դառնաք, որ դարաւոր այդ աւանդը առողջ ձեւով չփոխանցուի յաջորդներուն: Այս բոլորը նկատի ունենալով գուցէ Միսաքեան իր խմբագրականը վերնագրած է՝ «Տէր եղէք ձեր կոչումին», որովհետեւ այդ ժառանգութեան տէր կանգնիլը երիտասարդութեան կոչումն ու պարտաւորութիւնն է եւ ո՛չ թէ իրենց կողմէ կատարուած բարիք մը:

Նման մտահոգութիւններով յօդուածի մը կը հանդիպինք մեր թուականէն 41 տարի առաջ՝ 1983 թուականին Լիբանանի մէջ հրատարակուող «Կայծեր» հանդէսին Ա. տարի, յունիս թիւի 38-րդ էջին մէջ։ Գրողը երիտասարդուհի մըն է՝ Ալենուշ Մարուխեան: Երիտասարդուհին կը գրէր. «Մերօրեայ կեանքի պայմանները՝ իրենց ընձեռած բոլոր դիւրութիւններով, հրապուրած են մեր երիտասարդութիւնը եւ ստեղծած կեանքի յատուկ ու հաճելի եղանակ՝ տակաւ առ տակաւ զինք հեռացնելով իր ազգային մտահոգութիւններէն»: Պէտք է նկատի ունենալ, որ երիտասարդուհին այս տողերը կը գրէր այն ժամանակ, երբ համացանցն ու ներկայ արհեստական բանականութիւնը այսքան չէր զարգացած։ Մեր թուականէն 41 տարի առաջ այս տողերը գրի առած երիտասարդուհին վստահաբար այսօր պիտի ընդունի, որ իր ժամանակուան «տակաւ առ տակաւ» հեռացող երիտասարդութիւնը շա՛տ աւելի դրական կողմեր ունէր՝ քան ներկայինը:

Երիտասարդուհին գրութեան մէջ կ՚ըսէ. «Հայ երիտասարդը սկսած է օտարի հոգեբանութեամբ մտածել»։ Ի՜նչ բախտաւորութիւն, որովհետեւ մերօրեայ երիտասարդութիւնը ո՛չ թէ օտարի հոգեբանութեամբ կը մտածէ, այլ ամբողջութեամբ օտարացած հաստատ քայլերով կը հեռանայ հայութենէն, հայ մշակոյթէն ու բոլոր կոչումներէն, որոնք վերը յիշեցինք:

Բայց եւ այնպէս, այս բոլորէն անդին պէտք է ընդունիլ, որ երիտասարդութեան անտարբերութեան մէջ մեղաւոր են նաեւ մեծերը՝ հին գլուխները, որոնք հասկնալով հանդերձ երիտասարդութեան կարեւոր դերը, առիթ չեն ընծայեր, որպէսզի երիտասարդը ունենայ իր ըսելիքը։ Գուցէ աթոռ եւ պաշտօն կորսնցնելու վախով երիտասարդները հեռու կը պահեն ազգային կեանքէն՝ փոխանակ զանոնք որպէս յաջորդներ պատրաստելու: Մեծերու կողմէ ցուցաբերուած անտարբերութիւնն է, որ երիտասարդները կ՚առաջնորդէ խաբուսիկ եւ անցաւոր արժէքներով հետաքրքրուելու:

Տարիներ շարունակ մեծերը ահազանգեցին լեզուի կորուստը։ Անոնք բարձրաձայնեցին, որ սփիւռքի մէջ կամաց-կամաց կը կորսուի հայութիւնը, կը կորսուի լեզուն։ Այդ ահազանգները մնացին օդին մէջ եւ ժամանակ մը ետք սփիւռքի մէջ ունեցանք սերունդ մը, որ արիւնով հայ ըլլալով հանդերձ՝ իր մէջ հայութենէն նշոյլ մը չունի։ Լեզուի կողքին ահազանգ հնչեցուցին տարբեր երեւոյթներու մասին, որոնք այդպէս ալ արձագանգ չգտան ու վէրքը ժամանակի ընթացքին մահամերձ դարձուց հիւանդը: Երկար տարիներ ահազանգեցին մշակոյթի կորուստի մասին եւ մենք այսօր նոյն ահազանգը կը բարձրացնենք, որովհետեւ հայկականը չի՛ հետաքրքրեր նոր սերունդը։ Աւելի քան երբեք վստահ ենք, որ այս ահազանգները եւս պիտի մնան անարձագանգ եւ պիտի կորսնցնենք արդէն կամաց-կամաց օտարացող մեր մշակոյթը:

Ի՞նչ պիտի ըլլայ արդիւնքը… Հիները նորերուն առիթ պիտի չտա՛ն, սակայն ժամանակ մը ետք նորերը (որ արդէն կէս մը հին դարձած են) պիտի ստանձնեն ղեկը եւ պիտի սկսին քննադատել միւս նորերը, որոնք շատ աւելի վատ վիճակ պիտի պարզեն՝ քան ներկայ նորերը, որովհետեւ ժամանակի յառաջդիմութիւնը մեր իրականութեան մէջ որեւէ դրական դեր չի խաղար: Եւ այսպէս, տակաւ առ տակաւ, պիտի դառնանք ազգ մը՝ թանգարանի մէջ, որովհետեւ իւրաքանչիւր օր քայլ մը աւելի հայանալու փոխարէն՝ կ՚օտարանանք:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ ամէ՛ն ազգ կը կարեւորէ երիտասարդութիւնը:

Պատասխան. Իւրաքանչիւր ազգի համար ողնաշար ու ապագայ է երիտասարդութիւնը, որ կը մարմնաւորէ բարգաւաճման ներուժը: Երիտասարդութիւնը իր հետ կը բերէ թարմ հեռանկարներ, նոր գաղափարներ։ Անոնք կ՚ունենան նոր մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու պատրաստակամութիւն՝ խթանելով հասարակութեան յառաջընթացն ու աճը: Երիտասարդութեան որոշում առնելու մասնակից դառնալու իրաւունք տալը կը նպաստէ ազգի բարօրութեան։ Անոնց ձայնին լսելի ըլլալը կը նպաստէ զարգացման եւ աւելի արդար ու առողջ հասարակութեան ձեւաւորման: Երիտասարդութիւնը վաղուան յոյսն ու խոստումն է. անոր հզօրացումն ու ներգրաւուածութիւնը վճռորոշ դեր կը խաղայ ազգերու շարունակական յառաջդիմութեան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Փետրուար 9, 2024