ՀԱՒԱՏՔՈՎ ԱՐԴԱՐԱՆԱԼ

«Հիմա որ ա՛լ հաւատքով արդարացած ենք, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ հաշտուած ենք Աստուծոյ հետ։ Քրիստոս Ինք մեզի համար կարելի դարձուց՝ հաւատքով հասնիլ այն շնորհքին, որուն մէջ կ՚ապրինք հիմա եւ կը պարծենանք՝ Աստուծոյ փառքին արժանանալու յոյսով». (ՀՌՈՄ. Ե 1-2)։

Առաքեալը մինչեւ հոս ցոյց տուած ըլլալով՝ թէ բոլոր մարդիկ մեղաւոր են, եւ թէ ուրեմն ամէնքն ալ Աստուծոյ սուրբ օրէնքովը դատապարտեալ են, եւ այս դատապարտութենէն ազատուելու միակ ճամբան շնորհքով է որ Քրիստոսի մահուամբ արդարութիւն կը բերէ եւ հաւատքո՛վ կը ստացուի։

Ուրեմն մարդիկ հաւատքով կ՚արդարանան, եւ ո՛չ ուրիշ կերպով. «Խաղաղութիւն Աստուծոյ հետ»։ Աստուած խաղաղութիւն ունի մեզի հետ, եւ մենք խաղաղութիւն ունինք Անոր հետ, ամէն հակառակութիւն եւ անմիաբանութիւն կը վերնայ Քրիստոսի գործերովը, երբ մենք Քրիստոսը կ՚ընդունինք իբրեւ մեր Փրկիչը։

Ասիկա ճշմարիտ է անոնց համար միայն, որ արդեամբ հաւատացեալ են՝ անկեղծ եւ կատարեալ։

Արդարեւ, Աստուծոյ հետ հաշտութիւնը կը բերէ խաղաղութիւն եւ հանդարտութիւն՝ Աստուած մեղքի թշնամի եւ մեղաւորներու դատաւոր նկատելով սարսափած մարդուն հոգիին, որ խռովայոյզ կիրքերով եւ ներքին վէճերով պառակտեալ է։ Արդարութեան եւ փրկութեան մէջ պարունակեալ բոլոր բաները միա՛յն Աստուծոյ ձրի շնորհքէն են Քրիստոսի վրայ հաւատքով, եւ կը տրուին անխտրաբա՛ր բոլոր անոնց, որոնք Քրիստոսի կը հաւատան։

Այս կերպով ո՛չ միայն Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն կ՚ունենանք, եւ իբրեւ խանդակաթ Հայր կը մօտենանք անոր, այլ եւ կը լեցուինք փառքի յոյսով, եւ յոյսին այն ցնծութեամբը՝ զոր Աստուած պիտի պարգեւէ մեզի։

Ուստի, ճշմարիտ բարեպաշտութիւնը ցնծութիւն, ուրախութիւն յառաջ կը բերէ. (ԵՍ. ԺԲ 3, ԼԵ 10), (ՅՈՎՀ. ԺԶ 22-24), (ՀՌՈՄ. ԺԴ 17)։

Այս ուրախութիւնը վիշտերու մէջ անգամ առատ է. (Ա ՊԵՏ. Ա 6-8)։ Արդարեւ, վիշտերը հարկաւոր են, եւ առաջուց ըսուած էր քրիստոնեաներու թէ սպասելու էին վիշտերու. (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33), (ԳՈՐԾՔ. ԺԴ 21), (ԵԲՐ. ԺԲ 3-11)։ Անապաշխար, չզղջացող մեղաւորները կը բարկանան, կ՚ըմբոստանան եւ թշուառ կ՚ըլլան, երբ վիշտեր կը կրեն, բայց ճշմարիտ քրիստոնեան համբերութեա՛մբ կը սորվի վիշտ կրելով, քանի որ գիտէ թէ «Աստուած ի սէր եւ յօգուտ մարդուն կը տնօրինէ վիշտերը»։

Քրիստոնեան պարտաւոր է համբերել վիշտերու եւ այս համբերութիւնը թէ՛ պարտականութիւն է եւ թէ՛ մեծ օրհնութիւն անոր. (ՅԱԿ. Ա 3-4, Ե 10-11), մանաւանդ երբ վիշտերը մարդոց ձեռքով կու գան։ Քրիստոնեաներ նեղութիւններու մէջ կը պարծին, ո՛չ թէ բուն իսկ նեղութիւններուն համար, կամ թէ որովհետեւ կը կարծեն թէ նեղութիւններ մեղքերու քաւութիւն են (քանի որ նեղութիւնները քաւութիւն չեն կրնար ըլլալ), այլ որովհետեւ անոնց նեղութիւնները Քրիստոսի համար են, կամ Անոր կամքովն են, որպէսզի քրիստոնեաներ աւելի՛ սուրբ եւ աւելի՛ օգտակար մարդիկ ըլլան։

Վիշտերու համբերող մարդը փորձառու կ՚ըլլայ։ Այն մարդը որ վիշտերու մէջ փորձով Աստուծոյ շնորհքին զօրութիւնը գիտէ, հաստատ յոյս կ՚ունենայ նոյն շնորհքը միշտ վայելելու։ Եւ այս յոյսը չի խաբեր, կամ չ՚ամչցներ. (ՍԱՂՄ. ԻԲ 4-5)։ Այս յոյսը ունեցող մարդը ստուգապէս գիտէ թէ ի՛նչ որ յուսայ, պիտի ընդունի, որովհետեւ արդէն «փորձառո՛ւ» է Աստուծոյ սիրոյն, որ աղբիւրէ մը ելած գետի նման անոր սրտին մէջ կը յորդէ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբը եւ կ՚արտադրէ սէր առ Աստուած։

Այն մարդը որ կ՚ընէ աւելի քան, զոր արդարութիւնը կը պահանջէ, ոչ միայն «արդար» է, այլ եւ «բարեգո՛րծ»։ Այսպիսի մարդու մը տեղ կամ անոր համար մեռնիլը սիրոյ գեղեցիկ նշան է, սակայն Քրիստոս մեռաւ մեղաւորներուն, ամբարիշներուն եւ իր թշնամիներուն համար։ Այս կերպով, Քրիստոսի սէրը յայտնեց նաեւ Հօր Աստուծոյ սէրը. (ՅՈՎՀ. Ա 18, Գ 16), (Ա ՅՈՎՀ. Դ 10)։

Ուստի, ի՛նչ որ Քրիստոս մեզի համար ըրաւ՝ ստոյգ առհաւատչեայ է այն բաներուն, զորս պիտի կատարէ մեզի համար։ Ի՜նչ բաներ չենք կրնար յուսալ կենդանի հզօր Փրկիչէ մը՝ որ սիրեց մեզ ա՛յնչափ, որ մեզի համար մեռաւ։

Քրիստոս Իր մահուամբը զմեզ Աստուծոյ հետ հաշտեցուցած եւ Իրեն ստացուած ըրած է. ուստի եւ հիմա որ կենդանի է, անշո՛ւշտ մեզ պիտի ազատէ դժոխքէն եւ ամէն չարիքէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 5, 2021, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Մարտ 9, 2021