ԱԶՆԻՒ ՄԱՐԴ ԸԼԼԱԼ…

Ազնուութիւնը յատկանիշ մըն է կատարեալ մարդ ըլլալու։ Արդարեւ, ազնուութիւնը դասակարգէ, հարստութենէ, տիտղոսէ, դիրքէ եւ աստիճանէ բոլորովին անկախ վիճակ մըն է։ Այս իմաստով իրապէս վիճելի է, թէ ազնուութիւնը ընդոծին յատկութիւ՞ն մըն է, թէ՝ ստացական։ Բայց սա յստակ է, որ ազնուութիւնը դասակարգի կամ տիտղոսի մէջ փնտռել եւ գտնել կարծել պարզապէս կանխակալութիւն մըն է, եւ նաեւ ախտաժէտ մտայնութիւն՝ որ դարերու ընթացքին դասակարգեր ըմբոստացուցած է խորհուրդով եւ գործով։

«Ազնիւ մարդ»ը միշտ ազնիւ եղած է՝ ամէն դիրքի մէջ, ամէն տեղ եւ ամէն պայմաններու մէջ։ Անգլիացիներ կ՚ըսեն՝ թէ իսկական ազնուական մարդը այն է՝ որ եթէ նոյնիսկ սենեակին մէջ առանձին է, իր թէյի գաւաթին մէջ շաքարի հատիկը յատուկ ունելիով կը դնէ։ Այս ալ կը նշանակէ, որ ազնուութիւնը ո՛չ թէ ցուցամոլութեան ընթացք մը, կամ վիճակ մըն է, այլ մարդու մը նկարագիրը՝ անոր ինքնութիւնը կազմող տարրերէն մէկը եւ կարեւորագոյնն է։

Ուրեմն հարցը սա է. նկարագիրը ընդոծի՞ն է, թէ՝ ստացական։ Այս հարցումին պատասխանը կու տայ նաեւ ազնուութեան ընդոծին կամ ստացական յատկութիւն մը ըլլալու պատասխանը։

Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս մասին սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ. նկարագիրը ծնունդո՞վ մարդուս մէջ հաստատուած է. «հաստատուա՛ծ» է, թէ ոչ աւելի վերջ, հետզհետէ «կազմուած» յատկութիւն մըն է։

Սա յստակ է որ մարդ որքան ալ փոխուի, որքան ալ նորոգուի, կը շարունակեն մնալ կարգ մը աստենական հետեւանքներ իր բնութեան, զոր օրինակ, տառապանքը, հիւանդութիւնը, մահը եւ կամ կեանքին յարակից մարդկային բեկուն բնութիւնը, ինչպէս նկարագի՛րը՝ իր տկարութիւններով կամ ամրութեամբ։ Ցանկութիւնները զսպելու եւ հակակշռելու կարողութիւնը ստուգանիշ մըն է ազնուութեան։ Կիրքերու, ցանկութիւններու դէմ պայքարելու համար մարդուս մէջ դրուած է զօրութիւն մը՝ որուն աստիճանը կ՚որոշէ ազնուութիւնը։ Այս մասին Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «… ոեւէ մարզիկ մրցանակին չի կրնար տիրանալ՝ եթէ դրուած կանոններուն համաձայն չմրցի» (Բ ՏԻՄ. Բ 5)։ Եւ այս կը նշանակէ, որ ըստ օրէնքի մարտնչողը կրնայ արժանանալ պսակի։ Ուստի մարդկային առաքինութիւնները, որոնք ձեռք ձգուած են դաստիարակութեամբ, ինքնակամ արարքներով եւ միշտ վերսկսուած յարատեւ ճիգերով, մաքրազտուած եւ վեր բարձրացած են աստուածային շնորհքով. Աստուծոյ օգնութեամբ, անոնք կը դարբնեն նկարագիրը եւ հեշտութիւն կ՚ընծայեն «բարի»ին կիրարկումին մէջ։ Առաքինի մարդը երջանիկ է զանոնք գործադրելով։ Եւ ուրեմն կը հետեւի, թէ նկարագիրը ընդոծին արժէք մըն է, որ կեանքի ընթացքին, զանազան ազդակներով հետզհետէ կը զարգանայ։

Ազնուութիւնը ուրեմն ո՛չ արիւն է, որ ինչպէս կ՚ուզեն ոմանք համոզել, կը հոսի որոշ դասակարգի մը երակներուն մէջ, ոչ ալ մենաշնորհ մըն է, որուն կ՚երազեն տիրանա՛լ մարդիկ, զանազան նիւթական միջոցներով՝ ոսկիով կամ ադամանդով։ Ազնուութիւնը միտքով, հոգիով, նկարագրով եւ վարմունքով շարունակ բարձր, վեհանձն, ընտիր եւ պարկեշտ եւ պատուաւոր ըլլալու հանգամանքն է՝ որ կը խորշի ամէն ստորին, կոպիտ, գձուձ եւ տմարդի ընթացքներէ։ Ազնուութիւնը յատկութիւն մըն է, որ ենթակային մտածումներէն, խօսքերէն, վարմունքէն եւ մինչեւ իսկ նայուածքէն կը ճառագայթէ եւ կը գրաւէ շուրջը գտնուողները։

Ազնուութիւնը «հունտ» մըն է, որ յարմար միջավայրի մը մէջ հետզհետէ կ՚աճի։

Այս խորհրդածութիւններէ եւ կեանքի փորձառութիւններէ կարելի է հետեւցնել թէ՝ ազնուութիւնը բնատուր յատկութիւն մըն է։ Տարակոյս չկայ, թէ ոմանք ի ծնէ կամ ի բնէ աւելի՛ ազնիւ ծնած են, աւելի՛ ազնուական են, ինչպէս ուրիշներ կոշտ են եւ կոպի՛տ։ Ազնիւ մարդը, գեղեցիկ ծաղիկի մը պէս իր անուշ բոյրովը կը լեցնէ իր միջավայրը եւ այդ կը սկսի մանուկ հասակէն իսկ։

Այսուհանդերձ, ոմանք ալ ազնուութիւնը կ՚ըմբռնեն որպէս ընդոծին յատկութիւն մը ըլլալէ աւելի ստացական, որ կրնայ աճիլ եւ ուռճանալ ծաղիկի մը նման, որ իր ստացած անհրաժեշտ սնունդին եւ ջերմութեան չափովը կը սփռէ իր գեղեցկութիւնը եւ անուշ բուրումը։ Այսպէս մտածողներուն կարելի է հարցնել՝ թէ եթէ հունտը լաւ չէ, կարելի՞ է այդ հունտը աճեցնել որպէս լաւ «ծաղիկ»։ Այս խնդրական է, քանի որ «Եթէ կ՚ուզէք լաւ պտուղ ունենալ՝ ծառը առողջ պահեցէք, իսկ եթէ ծառը լաւ չպահէք՝ պտուղն ալ գէշ կ՚ըլլայ», կ՚ըսէ Յիսուս. (ՄԱՏԹ. ԺԲ 33)։ Այս ալ ցոյց կու տայ թէ՝ նկարագիրը եւ ուրեմն ազնուութիւնը ընդաբոյս յատկութիւն մը՝ առաքինութիւն մըն է, որ կրնայ զարգանալ հետզհետէ եւ արմատանալ մարդուս մէջ…։

Ուրեմն ազնուութեան առաջին պայմանն է լաւ «խորք» մը ունենալ, ծինային-ժառանգական ընտիր յատկութիւններով օժտուած ըլլալ, ծնողք մը՝ անմիջական միջավայր մը, եւ անոնցմէ ստացուած իմացական եւ բարոյական «սնունդ» մը։

Արդարեւ ոմանք շա՜տ բան կը պարտին այս «խորք»ին եւ իրապէ՛ս «բախտաւոր» են, իսկ ուրիշներ՝ «դժբա՛խտ» այս մասին։

«Ազնիւ մարդ» ըլլալու ստուգանիշը ո՛չ թէ արտաքին մարդուն արտայայտութիւնները, այլ՝ ներքին մարդուն կեցուա՛ծքն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 8, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2019