ՉԱՓԵՐՈՒ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Չափերը, ընդհանրապէս յարաբերական են, յատկապէս ժամանակը, որ կը փոխուի ժամանակաշրջաններու եւ վայրերու յարաբերականութեամբ։ Ժամանակի հատուածներու նկատմամբ, պատմութեան մէջ կը հանդիպինք զանազան չափաւորումներու։ Զոր օրինակ, Հրեաներ երկու կերպով կը հաշուէին տարին։ Մէկ կերպին համեմատ, տարին կը սկսէր Գարնան։ Այս «սրբազան» համարուած տարւոյն առաջին ամիսն էր «Ապիպ», որ կը սկսէր այժմու մարտ ամսոյն վերջին կիսուն, կամ ապրիլի առաջին կիսուն մէջ պատահող, այսինքն՝ Գարնան գիշերահաւասարին ամենէն մօտ, նոր լուսնէն։ Այս ամսոյն մէջ էր որ Իսրայելացիներ ելան Եգիպտոսէ, այս պատճառով եւ Աստուած պատուիրեց որ Հրեաներու «տարւոյն ամիսներուն առաջինը ըլլայ այն։ Հրեաներու մեծ տօնը, «Պասեք» կամ «Զատիկ», կը սկսէր այս ամսոյն 14-ին» (ՂԵՒ. ԻԳ 5)։

Տարին հաշուելու միւս կերպին համաձայն, «քաղաքային» համարուած տարին կը սկսէր Աշնան։ Սրբազան տարւոյն եօթներորդ ամիսն էր քաղաքայինին առաջին ամիսը, եւ կը պատահէր այժմու սեպտեմբերին կէսէն մինչեւ հոկտեմբերի կէսը տեւող միջոցին։

Այս ամիսէն կը սկսէին երկրին «Հանգստութեան շաբաթ»ը կամ «Հանգստեան տարի»ն եւ Յոբելեանը (ՂԵՒ. ԻԵ 8-9)։ Հրեաներու «Քաւութեան» մեծ օրը կը պատահէր այս ամսոյն 10-ին. դարձեալ, ուրիշ մեծ տօն մը, այն է՝ «Տաղաւարահարաց» տօնը, կը պատահէր եւ կը պահուէր նոյն ամսոյն 15-ին։

«Տարի»ն կը բաժնուէր 12 լուսնական ամիսի. ասոնց վրայ կ՚աւելնար տասներեքերորդ ամիս մը, երբ հարկ ըլլար տարեգլուխը բերել բուն ժամանակին, այսինքն՝ Գարնան գիշերահաւասարին. եւ այս «աւելցուած ամիս»ը եօթը անգամ կը պատահէր 19 տարուան մէջ։

Հրեաներու մէջ կրկին էր նաեւ օրը. բնական եւ քաղաքային։ «Բնական օր»ը կամ ցերեկն էր արեւին ծագելէն մինչեւ մտնելու միջոցը, եւ գերութենէն ետքը բաժնուեցաւ տասը երկու անհաւասար ժամերու։ Իսկ «քաղաքային օր»ը՝ որ առհասարակ գործածական էր, կը հաշուէր երեկոյէ երեկոյ. այսպէս կը տարբերէր Հռոմայեցիներու օրէն, որ ըստ արդի Եւրոպական հաշուի՝ էր կէս գիշերէ կէս գիշեր, եւ կը բաժնուէր երկու հաւասար մասերու, այն է՝ «ցերեկուան» եւ «գիշերի»։

«Ցերեկ»ը կը բաժնուէր տասներկու ժամի. երրորդ, վեցերորդ եւ իններորդ ժամեր նուիրուած էին աստուածային հրապարակական պաշտամունքի։ Այս բաժանումը տակաւին կը պահուի Հրեաներու մէջ։

Դարձեալ, ցերեկը, շատ հին ժամանակ եւ մինչեւ Բաբելոնեան գերութիւնը, կը բաժ-նըւէր սապէս.

- Արեւագալ,

- Առաւօտ կամ Այգ,

- Տօթաժամ, որ կէսօրէն երեք ժամ առաջ կը սկսէր եւ կը տեւէր երեք ժամ,

- Միջօրեայ կամ Կէսօր,

- Զովագին ժամանակ որ կէսօրէն երեք ժամ ետքը սկսելով կը տեւէր երեք ժամ,

- Երեկոյ։

Երբեմն կէսօրէն մինչեւ արեւուն մտնելը կը կոչուէր «Երեկոյ» (=իրիկուն) եւ կը բաժնուէր երկու մասի, ուստի եւ կ՚ըլլար «կրկին երեկոյ» կամ իրիկուններ, ասոր համար է որ Հին Կտակարանին մէջ «իրիկուան դէմ» թարգմանուած ասացուածին Եբրայեցերէն բնագիրն է «Իրիկուններու մէջտեղը» (ԵԼՔ. ԺԲ 6), (ՂԵՒ. ԻԳ 5)։

Գիշերը շատ հին ատեններ կը բաժնուէր «Պահ» կոչուած եւ երեք մասերու. «Առաջին պահ»՝ արեւուն մտնելէն մինչեւ կէսգիշեր, «Միջին պահ»՝ կէսգիշերէն մինչեւ երեք ժամ ետքը, եւ «Առաւօտեան պահ»՝ Միջին պահուն վերջէն մինչեւ արեւուն ծագելը։ Բայց մեր Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի ժամանակ, Հռոմայեցիներու սովորութեան համեմատ, գիշերը կը բաժնուէր չորս «պահ»ի եւ իւրաքանչիւր պահ երեք ժամ էր (ՄԱՐԿ. ԺԳ 35). առաջինը կը կոչուէր «Երեկոյ», երկրորդը՝ «Կէսգիշեր», երրորդը՝ «Հաւախօս» (ՄԱՏԹ. ԻԶ 34), եւ չորրորդը՝ «Առաւօտ»։

Վերոյիշեալ տեղեկութիւններու միջոցաւ Սուրբ Գիրքի այլ եւ այլ խօսքերը կը լուսաբանուին կամ կը մեկնաբանուին։ Զօր օրինակ, Պասեքի տօնին ժամանակին վրայ տրուած տեղեկութենէն կը հասկցուի, թէ խաւարումը որ պատահեցաւ Քրիստոսի խաչելութեան օրը վեցերորդ ժամէն մինչեւ իններորդը՝ չէր կրնար ըլլալ բնական խաւարում, քանի որ խաչելութիւնը եղաւ Զատկի կամ Պասեքի տօնին, այսինքն՝ Ապիպ ամսոյն 14-ին, որ էր լուսնի լրման ժամանակ, եւ ուստի լուսինը չէ՛ր կրնար ըլլալ այն ատեն գտնուիլ արեգական եւ երկրիս մէջտեղ, այսինքն աշխարհի եւ արեւին մէջտեղ, որպէսզի խափանէր արեւը։ Ուրեմն խաչելութեան ընթացքին պատահած «խաւարում»ը բնական խաւարում չէ՛ր…։

Ժամերու մասին տրուած տեղեկութենէն կը տեսնուի, թէ «իններորդ ժամ»ը որու ատեն Քրիստոս բարձրաձայն աղաղակելով աւանդեց հոգին, այսինքն՝ իր անձը մեղքերու համար զոհ ըրաւ (ԵՍ. ԾԳ 10), երեկոյեան պաշտամունքի կամ սովորական զոհին մատուցման ժամանակ էր։ Նոյն տեղեկութիւնները կը մեկնեն նաեւ Պետրոսի «Դեռ օրուան երրորդ ժամն է» (ԳՈՐԾ. Բ 15) պատասխանը՝ զոր ան Պենտեկոստէի (Հոգեգալստեան) օրը տուաւ այն մարդոց, որոնք զանազան լեզուներով խօսող աշակերտներուն համար կ՚ըսէին. «Անոնք նոր գինիով լեցուեր են»։ Կը մեկնեն, քանի որ «երրորդ ժամ»ը, ինչպէս ըսուեցաւ, առաւօտեան պաշտամունքի ժամն էր, եւ Հրեաներ այն ժամանակէն առաջ ո՛չ կ՚ուտէին եւ ոչ իսկ կ՚ըմպէին։

Յովհաննէսի սա խօսքին համար եւս, թէ Պիղատոս դուրս հանեց Յիսուսը եւ ժողովուրդին ցոյց տուաւ «վեցերորդ ժամ»ուն (ՅՈՎՀ. ԺԹ 14)՝ կարելի է հաւանականապէս ըսել, թէ Աւետարանիչը կը խօսի ըստ Հռոմայեցիներու սովորութեան՝ որ օրը կը հաշուէին կէս գիշերէն, մինչդեռ Մարկոս Հրեաներու սովորութեան համեմատ հաշուելով՝ կ՚ըսէ, թէ «երրորդ ժամ» էր երբ Յիսուս խաչ հանուեցաւ (ՄԱՐԿ. ԺԵ 25)։

Ուստի Հրեաներու «երրորդ ժամ»ը՝ Հռոմայեցիներու «իններորդ ժամ»ն էր. այսինքն՝ Պիղատոսի Յիսուսը ժողովուրդին ցուցընելէն երեք ժամ ետքը։

Այսպէս կը տեսնուի, թէ Յովհաննէս եւ Մարկոս միաբան են. տարբերութիւնը «հաշուել»ու կերպին մէջ է միայն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 17, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2020