ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ԽՕՍԻ ՄԱՐԴՈՒՆ

Բնութեան եւ յայտնութեան միջոցով, Իր նախախնամութեամբը եւ Իր Սուրբ Հոգիին ազդեցութեամբը՝ Աստուած կը խօսի մարդուն։ Բայց ասիկա բաւական չէ, պէտք է նաեւ մա՛րդ բանայ իր սիրտը Աստուծոյ։

Աստուած միշտ կը խօսի մարդոց, բայց քիչեր են, որ կ՚անդրադառնան Անոր խօսքին, Անոր յայտնութեան եւ քիչեր կը բանան իրենց սիրտը Անոր։

Աստուած հաւատարիմ է, բայց մարդ նոյնքան հաւատարիմ չէ Անոր հանդէպ։ Արդարեւ, հաղորդակցութիւնը պէտք է երկկողմանի ըլլայ՝ մէկը երբ կը խօսի, միւսը պէ՛տք է մտիկ ընէ եւ պատասխանէ անոր։ Եւ ահաւասի՛կ, Աստուծոյ եւ մարդուն հաղորդակցութիւնն ալ պէտք է հիմնուած ըլլայ այս սկզբունքին վրայ։

Մարդ երբ կը խօսի, Աստուած անպայմա՛ն կը լսէ եւ կը պատասխանէ՝ ուշ կամ կանուխ, ժխտական կամ դրական, բայց անպայմա՛ն կը պատասխանէ, քանի որ Ան հաւատարիմ է իր հայրութեան, իր նախախնամութեա՛ն։ Բայց մարդ նոյնքան հաւատարիմ չէ իր Արարիչին եւ իր Նախախնամին՝ երբեմն անտարբեր, երբեմն անհաւա՛տ…։

Ուստի, մարդ, հոգեւոր կեանք եւ կորով ստանալու համար՝ պէտք ունի իրական եւ անկեղծ յարաբերութիւն մշակել իր երկնաւոր Հօր հետ։ Աւելի պարզ խօսքով՝ որդին պէտք է անկեղծ եւ մտերիմ ըլլայ իր հօրը հետ, ի՛նչ որ բանականութիւնն ալ ա՛յս կը պահանջէ։ Քանի որ յարաբերութեան մը մէջ եթէ անկեղծութիւն, մտերմութիւն եւ հաւատարմութիւն գոյութիւն չունի, այլապէս այդ յարաբերութենէն որեւէ օգուտ սպասել անկարելի է։

Ուրեմն, մարդ, նախ կրնայ միտքով Անոր վերանալ, կրնայ խորհրդածել Անոր գործերուն, ողորմութիւններուն եւ օրհնութիւններուն՝ ամէն բարիքներուն վրայ, մտածել Անոր մասին. բայց այս, լայն առումով, Աստուծոյ հետ հաղորդակցիլ չի՛ նշանակեր։

Արդարեւ, Աստուծոյ հետ իսկական իմաստով հաղորդակցելու համար՝ մարդ պէտք է բան մը ունենայ ըսելու Անոր՝ իր ներկայ կեանքին մասին։

Յետոյ, մարդ կրնայ երկար աղօթել, ժամերո՜վ աղօթել, բայց եթէ այդ մեքենաբար կատարուած կրկնութիւններ ըլլայ, այդ ալ, իր ընդարձակ իմաստով՝ Աստուծոյ հետ հաղորդակցիլ չէ՛, քանի որ հոն կը պակսին թէ՛ միտքը եւ թէ հոգին՝ սի՛րտը։

Աղօթել՝ անկեղծ կերպով եւ մանաւանդ գիտակցաբա՛ր, սիրտը բանալ է Աստուծոյ՝ իբր մտերիմ բարեկամ մը եւ հաւատարիմ, հարազատ որդի մը։ Ո՛չ թէ որովհետեւ հարկ է մարդուն իր ի՛նչ ըլլալը գիտցնել Աստուծոյ, քանի որ Ան արդէն գիտէ եւ կը ճանչնայ զինք, այլ՝ որպէսզի կարելի ըլլայ զԻնք ընդունիլ՝ սրտին մէջ, հոգիին մէջ, մտքին մէ՛ջ։

Ուստի, սա պէտք է լա՛ւ ըմբռնել, թէ՝ աղօթքը երբեք զԱստուած մինչեւ մարդս չ՚իջեցներ, այլ՝ մարդը մինչեւ Անոր կը բարձրացնէ՛։

Աղօթքը, ուրիշ խօսքով, ո՛չ թէ զԱստուած մարդուս կը մօտեցնէ, այլ մարդս՝ Աստուծո՛յ։

Յիսուս Քրիստոս, երկրի վրայ ապրած ատեն՝ Իր աշակերտներուն սորվեցուց, թէ ի՛նչպէս պէտք է աղօթել։ Ան սորվեցուց անոնց՝ ամենօրեայ պէտքերն ու պահանջները ներկայացնել Աստուծոյ, եւ իրենց հոգը, բոլոր մտահոգութիւններ եւ նեղութիւնները Անոր վրայ ձգել։ Եւ վստահեցուց անոնք՝ թէ իրենց աղերսները պիտի լսուին եւ անպայման պիտի պատասխանուին, եւ ուրեմն աղօթել այս վստահութեամբ։

Յիսուս Ի՛նք տիպարը եղաւ աղօթողը, երբ մարդոց մէջ ապրած ատեն յաճախ աղօթելով՝ ցոյց տուաւ թէ՝ աղօթքը պէտք է ըլլայ յարատե՛ւ։

Յիսուս Իր վրայ առաւ մարդոց բոլոր տկարութիւնները, թերութիւնները, կարօտութիւնները, ցաւերը, նեղութիւնները եւ մանաւանդ մե՛ղքերը։ Մարդոց բոլոր մեղքերը իր վրայ կրեց, այնպէս որ խնդրարկու մը, աղաչող մը դարձաւ՝ Իր Հօրմէն խնդրելով միշտ զօրութիւն նոր մթերքի, որպէսզի կարենար առաքելութիւնը շարունակել, պարտականութիւնները կատարել եւ ամէն տե-սակ փորձութիւններու դիմադրել։

Ամէն բանի մէջ. ամբողջ կեանքի ընթացքին՝ մարդուն տիպա՛րն է, օրինակն է Յիսուս։

Եւ ան որ կը շարժի ըստ այդ Տիպարին, ա՛ն է ճշմարիտ եւ անկեղծ քրիստոնեա՛ն։

Մարդուս տկարութիւններուն, թերութիւններուն, մեղքերուն, փորձութիւններուն մէջ հարազատ եւ սիրալիր, ճշմարիտ «Եղբայր» մըն է Յիսուս. «ամէն կերպով փորձը առած՝ մեզի նման»։ Եղբա՛յր է, քանի որ Ան Որդին է Հօր, եւ մենք բոլորս որդիներն ենք Հօր։

Բայց որքան որ Յիսուս իր վրայ առաւ մարդոց մեղքը, Ինք անմեղ ըլլալուն՝ Իր բնութիւնը միշտ մեղքէն ե՛տ կեցաւ եւ մեղքը երբեք չպատեց Իր Հոգին։ Հոգեկան եւ մտաւոր բոլոր տագնապները եւ չարչարանքները կրեց՝ մեղսալից աշխարհի մէջ, սակայն զերծ մնաց անոնց վատ ազդեցութիւններէն։

Յիսուս անմեղ էր, միշտ անմեղ մնաց եւ անմեղ խաչուեցաւ։ Եւ Անոր անմեղութիւնը յայտնուեցաւ իր հրաշալի՛ Յարութեամբ։

Իր մարդկային բնութիւնը աղօթքը պահանջ մը դարձուց Իրեն։ Աղօթքը վահան մը եղաւ Իրեն ամէն չարութեան դէմ, ինչպէս մեզի համար ալ պէտք է ըլլայ այդպէս, քանի որ մարդ գոնէ աղօթքի պահուն, անշուշտ եթէ անկեղծ է իր աղօթքին մէջ, հեռու կը մնայ փորձութիւններէ, չարութիւններէ։

Յիսուս, երբ կ՚աղօթէր՝ Իր Հօրը հետ հաղորդակցութեան մէջ էր, սփոփանք եւ ուրախութիւն կը գտնէր։ Աղօթքը մեզի համար ալ պէտք է սփոփանքի, մխիթարութեան եւ ուրախութեան ապահով միջոց մը ըլլայ, քանի որ այդ պահուն Հօր հետ հաղորդակցութեան մէջ ենք, կեանքի ամէն հոգերէ հեռո՛ւ՝ ամենէն ապահով, խաղաղ եւ երանելի՜ պահը…։

Ուստի, եթէ մարդոց Փրկիչը, Աստուածորդին աղօթելու պէտքը կը զգար, ո՛րքան աւելի մե՛նք, տկարութիւններով, թերութիւններով եւ մեղքերով լեցուն մահկանացուներս, պարտինք յարատեւ, անդադրում եւ ջերմեռանդ աղօթել եւ հաղորդակցիլ Հօր հետ՝ մեր Արարչին եւ Նախախնամին հե՛տ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 5, 2017, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2017