ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԻՐԱՒՈՒՆՔ

Յաճախ կը խօսինք իրաւունքի մասին, որ անձին ամենակարեւոր եւ յատկանշական արժէքներէն մին է եւ առաջնակա՛րգը։ Արդարեւ իրաւունք եւ պարտք անբաժանելի են եւ մարդկային կեանքը կը հիմնաւորուի այս երկուքին ներդաշնակուած, հաւասարակշռուած առանցքին վրայ։ Իրաւունքի եւ պարտքի ներդաշնակութիւնը արժէք մը, արժէչափ մըն է անձին մտային եւ հոգեկան կեանքին մակարդակին նկատմամբ։

Իրաւունքը, իր ամենալայն իմաստով, անձին ազատութեան այն տարածքն է՝ ուր բանականութեամբ կը գործադրէ իր կամքը եւ կ՚արտաբերէ իմացականութիւնը։ Ուստի իրաւունքը այս կամքին եւ իմացականութեան արմատացած անհրաժարելի կարողութիւնը եւ զօրութիւնն է ինքնակամ վճռելու կատարելիք այն գործերը, որոնք կը մնան իր ազատութեան սահմաններուն մէջ։ Եւ ուրեմն ինքնակամութեամբ իւրաքանչիւր ոք տէ՛րն է իր անձին։ Իրաւունքը, մարդուն մէջ զօրութիւն մըն է աճումի եւ հասունութեան՝ ճշմարտութեան եւ բարութեան մէջ։ Իրաւունքը կը հասնի իր կատարելութեան, երբ ան կը ներդաշնակուի եւ կը համակշռուի պարտք եւ պարտականութեան հետ։

 Արդարեւ, այս իմաստով, իրաւունքի սահմանն է իրաւատէրին պարտքը եւ պարտականութիւնները։

Իրաւունքը անձնական կարողութիւն մըն է, որ ներդաշնակութիւն պէտք է ունենայ նաեւ հասարակաց բարիքին, հասարակաց շահերուն հետ, որ կը նշանակէ՝ հաւասարակշռել անհատականը եւ ընկերայինը։

Իրաւունքը իր բովանդակութեամբ, հիմունքներով մեծ կապեր ունի իրաւաբանութեան եւ ընկերաբանութեան հետ։ Իրաւունքը, մշակուած, քննութեան երթարկուած էական գաղափարները եւ տեսութիւնները շօշափելի կը դարձնէ արտաքին գործողութիւններու միջոցով։ Եւ այս պատճառով «իրաւունք» եւ «անձ» կը կազմեն «միութիւն» մը՝ մէկը միւսը լրացնող։

Իրաւունք կայ որ կարելի է փոխանցել, կարելի է նոյնիսկ հրաժարիլ պարագային համեմատ, իրաւունք կայ որ կարելի է գործադրուիլ փոխանակաբար, օրինաւոր փոխանակագրութեամբ ուրիշի մը ձեռքով։ Այս կարգին են առեւտուրի, առուծախի, եւ այլն գործողութիւններ, որոնք կարելի է փոխանորդի մը միջոցով, իրաւատէրին որոշ հրահանգով կամ հրամանով գործադրուին։ Անշուշտ փոխանորդը պարտաւոր է շարժիլ ըստ բուն իրաւատէրին կամքին համաձայն եւ տրուած իրաւասութեան եւ հրահանգին սահմաններուն մէջ՝ յարգելով օրինաւոր պայմանները։

Սակայն կան նաեւ «անձին սերտօրէն կապուած» իրաւունքներ, որոնք կարելի չէ՛ փոխանցել, կարելի չէ՛ նաեւ փոխանորդի մը միջոցով գործածել եւ գործածութիւնը իրականացնել։

Այս տեսակի իրաւունքի մը ամենէն յայտնի օրինակն է ամուսնութեան կապ հաստատելու, կամ ըսենք՝ ամուսնական համաձայնութիւն իրականացնելու իրաւունքը։ Արդարեւ, մա՛րդ, ո՛չ ոք կրնայ այս իրաւունքը փոխանցել ուրիշի մը, եւ կամ իր անունով եւ իր հաշուոյն գործածելու եւ գործադրելու համար փոխանորդ կարգել ուրիշ մը եւ այդ մասին պատրաստել փոխանորդագիր մը։ Ամուսնութեան կապը խորհուրդ մըն է, որ կարելի է հաստատել միա՛յն երկու հոգիով՝ անձնապէս, անկախ եւ ազատ կամքով։ Մարդ, թէեւ որոշ պարագաներու եւ պայմաններու բերմամբ կրնայ հրաժարիլ այդ բոլորովին «անձնական» իրաւունքէն, բայց չի կրնար փոխանցել զայն, եւ չի կրնար գործածել իր այդ իրաւունքը փոխանորդի մը միջոցով։ Ասիկա ներհա՛կ է ամուսնութեան գաղափարին…։

Խորհուրդներու յարգանք ցոյց տալ մարդուս առաջնակարգ պարտականութիւններէն մին է։

Խորհուրդը, որպէս գաղափարական «գաղտնիք» մըն է, ապա ուրեմն մարդ պէտք է յարգէ նաեւ ամէն գաղտնիք եւ յար-գանք ցոյց տայ անոր՝ որ պէտք է գաղտնի՛ մնայ, չգիտցուի ուրիշի մը կողմէ։

Այս սկզբունքը կարելի է, եւ պէ՛տք է գործադրուի նաեւ գաղտնի քուէարկութեամբ կատարուելիք ընտրութիւններու մասին։

Արդարեւ, երբ կ՚ըսենք թէ «գաղտնիք»ը պէտք է յարգուի, ասիկա անհատական եւ ընկերային կենսական հիմք մը ունի եւ կ՚ենթադրէ ծանր պատասխանատուութիւն՝ թէ՛ անհատներու եւ թէ՛ ընկերութեան նկատմամբ։ Բան մը, որ գաղտնի է, պէ՛տք է «գաղտնի՛» մնայ…։

Գաղտնապահութիւնը առաքինութիւն է եւ ազնուութիւն, եւ նաեւ պարտականութի՛ւն։

Այս ուղղութեամբ, գաղտնիք չէ այն, երբ ուրիշ մէկ հոգի մը իսկ տեղեկացած է, ուղղակի կամ անուղղակի միջոցներով։ Գաղտնիքն ալ, իրաւունքի նման անձին սերտօրէն կապուած արժէք մըն է եւ այն որ պէտք չէ գիտցուի ուրիշի մը կողմէ, պէտք չէ որ յայտարարուի, ծանուցուի, հրապարակուի նոյնիսկ մէկ հոգիի, քանի որ մէկ հոգիի գիտցածը այլեւս «գաղտնի» չէ, գաղտնիք ըլլալու հանգամանքը կորսնցուցա՛ծ է։

Եւ ուրեմն, երբ որեւէ ընտրութիւն նախատեսուած եւ տնօրինուած է կատարել գաղտնի քուէարկութեամբ, պէ՛տք է յարգուի եւ պահպանուի այդ գաղտնութեան սկզբունքը։ Այս կը նշանակէ, որ գաղտնի քուէարկութեան մը պարագային՝ քուէարկելու իրաւունք ունեցող անձը երբե՛ք չի կրնար փոխանցել իր քուէարկելու իրաւունքը ե՛ւ պարտականութիւնը «ուրիշ»ի մը, փոխանագրելով եւ նշանակելով «ուրիշ» մը, որ իր տեղը, իր անունով քուէարկէ։ Այլապէս «գաղտնի քուէարկութեան սկզբունք»ը ոտնակոխ եղած պիտի ըլլայ, քանի որ քուէարկողը յայտնած կ՚ըլլայ իր նախընտրութիւնը, իսկ փոխանորդագրեալն ալ կը տեղեկանայ քուէի գաղտնիքին եւ «գաղտնի քուէարկութեան սկզբունք»ը կը խախտի։

Գաղտնի քուէարկութեան պարագային՝ այս իրաւունքը ե՛ւ պարտականութիւնը ուրիշի փոխանցել եւ ուրիշ մը փոխանորդ կարգել բացարձակապէ՛ս օրինազանցութիւն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 3, 2019, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2019