ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

«Արժանապատուութիւն» իր լայն առումով կը նշանակէ անձին պատիւը, յարգը եւ վարկը ճանչնալ, եւ պահպանել զայն։ Արժանապատուութիւնը, արդարեւ, սերտօրէն կապուած է անձին ինքնութեան հետ։ Արժանապատուութեան դէմ գործուած ամէն վատ արարք կը վիրաւորէ անձը։ Եւ այս իմաստով՝ վարկաբեկում, ապերախտութիւն, երախտամոռաց անտարբերութիւն, անվարձահատոյց դիրքորոշում՝ արժանապատուութեան վիրաւորման, անշահ գործ՝ վատ արարքներէն մի քանին են միայն։

Անկ է մարդկային արարածին ձգտիլ ազատօրէն իր արժանապատուութեան պահպանման։

Մարդկային անձին արժանապատուութիւնը իր մէջ կը ներփակէ եւ կը պահանջէ «ուղղամտութիւն»ը բարոյական խղճմտանքին։ Բարոյական խղճմտանքը իր մէջ կը բովանդակէ գիտակցութիւնը բարոյականութեան սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ անոնց գործադրութիւնը տուեալ պարագաներու մէջ՝ պատճառներու եւ բարիքներու գործնական դատողութեան միջոցով, եւ վերջապէս՝ կը բովանդակէ դատումը կատարուելիք կամ արդէն կատարուած շօշափելի արարքներուն մասին։ Բարոյական բարիին շուրջ ճշմարտութիւնը՝ որ հռչակուած, յայտնուած է «իմացականութեան օրէնք»ին մէջ, գործնականապէս եւ շօշափելի կերպով ճանչցուած է խղճմտանքին խոհեմ դատողութեամբ։

Խոհեմ կը կոչուի այն մարդը, որ ընտրութիւն կը կատարէ այս դատումին համեմատ։ Եւ խղճմտանքը թոյլ կու տայ ստանձնել կատարուած արարքներուն պատասխանատուութիւնը։

Մարդկային անձին յարգանքը կ՚ընդգրկէ յարգանքը այն իրաւունքներուն՝ որոնք կը բխին արարածի իր արժանապատուութենէն։ Այս իրաւունքները ընկերութենէն կանխագոյն են եւ իրենք զիրենք կը պարտադրեն անոր։ Անոնք կը հիմնաւորեն ամէն իշխանութեան բարոյական օրինաւորութիւնը։

Ընկերութիւն մը՝ որ կ՚արհամարհէ զանոնք կամ կը մերժէ ճանչնալ զանոնք իր դրական օրէնսդրութեամբ, կ՚արհամարհէ իր իսկ բարոյական օրէնսդրութեան։ Անձերուն վայելած հաւասար արժանապատուութիւնը կը պահանջէ, որ մարդիկ հասնին կեանքի աւելի արդար եւ աւելի մարդկային պայմաններու։

Տնտեսական կամ ընկերային չափազանցուած անհաւասարութիւնները մարդկային միեւնոյն ընտանիքին անդամներուն կամ՝ ժողովուրդներուն միջեւ, գայթակղութիւն կը պատճառեն։ Անոնք արգելք են ընկերային արդարութեան, իրաւախոհութեան, մարդկային արժանապատուութեան, ինչպէս նաեւ ընտանեկան, ընկերային եւ միջազգային խաղաղութեան։

Մարդուն արժանապատուութիւնը կը պահանջէ, որ ան շարժի ըստ գիտակից եւ ազատ ընտրանքի մը՝ մըղւած եւ վճռուած անձնական համոզումով եւ ո՛չ թէ միայն բնազդային մղումներու կամ արտաքին ստիպողութեան ազդեցութեան տակ։

Արդարեւ, մարդ կը հասնի արժանապատուութեան երբ ձերբազատուելով կիրքերու ամէն ստրկութենէն, բարիին ազատ ընտրանքով, կը քալէ դէպի իր վախճանը՝ իր նպատակին եւ իր իսկ հնարամտութեամբ համապատասխան եւ ընտիր միջոցներ կը գտնէ։

Իրենց արժանապատուութեամբ բոլոր մարդիկ անձեր են եւ իրենց բնութեան կողմէ մղուած են եւ բարոյական ստիպողութեամբ պարտաւորուած են փնտռելու ճշմարտութիւնը, բարութիւնը եւ գեղեցի՛կը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2023