ԱՂՕԹՔ՝ «ՆԱՐԵԿ»ԷՆ - Ա. -

Այսօր, մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն կը ներկայացնենք Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» գիրքէն՝ «Նարեկ»էն աղօթք մը՝ որ հրաշագործ ազդեցութիւն պիտի ունենայ մեր կեանքին վրայ՝ մեր զանազան նեղութիւններուն մէջ։

«Նարեկ»ի Բան ՀԹ, ահաւասիկ։

Ա.- Յիշէ, ո՛վ Տէր գթութեանց, Տէր, արդարութիւնը սիրող ճշմարիտ Աստուած, վերստին նայէ՛ իմ միշտ սխալական բնութեանս վրայ. զննէ՛ մարմինիս մէջ ամէն կողմ շրջան ընող արեան շարժումը. իբրեւ բժիշկ մօտեցիր եւ պիտի տեսնես, թէ՝ իբրեւ մարդ, խակամիտ խորհուրդներուս թերութեամբը ես միշտ հակամէտ եմ այս Բանին՝ որուն Դուն իսկ, որ չեղած բաներն ալ կը տեսնես, վկայութիւն տուիր, Դուն՝ որ անմասն ես խաւարի ստութենէն։

Հետեւաբար, աւելի իրաւացի է, որ ես իբրեւ երկրածին մահկանացու, պարտուած ըլլամ քան թէ Քու խօսքդ սուտ ելլէ, վասնզի Դուն գիտես արդէն, մեր ստեղծուածքը չար է, եւ ընդաբոյս է մեր չարութիւնը՝ եւ մեր մտածումները յաւիտեան չեն փոխուիր, հոգեհանճար Իմաստունին կանխաւ ըսածին համեմատ։

Բ.- Թեթեւցո՛ւր սաստկութիւնը ինծի սպասող տանջանքներուն, որոնք գեհեանի որդիս յաւիտենական մահուան զարդը կ՚ուզեն ընել, ջնջէ՛ ամօթալից մեղքերս, որոնք վերջին դատաստանին օրը պիտի յայտնուին թշուառիս։

Մշտապարգեւ ողորմութիւնովդ հաշտութեան պատիժ տուր ինծի, որպէսզի սոսկալի դատաստանը, անկաշառ եւ անխաբելի դատաւորը, ահռելի ամօթը, սարսափելի կշտամբանքը, անխափանելի յանդիմանութիւնը, անճողոպրելի տագնապը, անխրախուսական պակուցումը, անվերջ դողումը, անսփոփելի լալիւնը, ատամներու անբուժելի կճրտումը, անառողջանալի ապականութիւնը, Քու աստուածային խօսքիդ սարսափելի անէծքը, գթութեան փակումը եւ ողորմութեան արգելումը աչքիս առջեւ չերեւին կենսաբեր զղջումին տեղ՝ անյուսալի ապուշութիւն պատճառելով ինծի։

Երբ երկինքը գալարուի եւ երկիրը դղրդի իր յատակին կարծրութեամբը, խռոված ծովու կոհակներու պէս, որոնք կարծես նախ կը փախչէին իրարմէ եւ յետոյ իրարու հանդիպելով կը կասին։ Երբ լայնատարած թանձր գետինը սարսի հիմերէն, եւ ներքին խորութիւններու թնդաձայն ուժգնակի բախումներէն կործանին լեռները, եւ վառին, հալին քարերը եւ բոլոր տարրերը, յետոյ երկինքի երեսը մաքրուի անեղծ յստակութեամբ, բոլոր արարածները իրենց տարրերով միասին բոլորովին կերպարանափոխ ըլլան, այն ատեն գործերուն ծածկութիւնները կը հրապարակուին, աներեւոյթ կիրքերը կը յայտնուին, ամէն մարդու ներքին վարքը իր մարմինին վրայ կը նկարուի։

Երկինքի Թագաւորը ատեան կը նստի հատուցումին վճիռը ձեռքը։

Այն ատեն եօթն անգամ վա՜յ ինծի, կրկնակի թշուառիս։ Ողբալի հոգիս ի՞նչ պիտի ընեմ այն սոսկալի օրը, որուն մտաբերումը այնքան սարսափելի է որքան բուն իսկ պատահումը։ Մարգարէներէն մէկը անկէց անզերծելի փախչելու տագնապի աճապարանքը կը նմանցնէ սոսկումին՝ առիւծի ձեռքէն փախչոցին, որուն արջ մը կը պատահի եւ որ արջէն փախչելով երբ տուն կը մտնէ եւ ձեռքը պատին կը կրթնցնէ, օձ մը կը խածնէ զայն։ Եւ աւելի եւս կը սաստկացնէ տեսարանին քստմնելի պատկերը, ըսելով. Ոչ ապաքէն խաւար է Տէրոջը օրը, օր խաւարի եւ մթութեան, օր ամպի եւ մառախուղի։

Գ.- Երբ կենակից պահապան հրեշտակը, որ հոգիին հզօր ոստիկանն է, իրաւամբ ամբաստանէ, եւ ահաւոր հատուցանողը արդարօրէն յանդիմանէ, Թագաւորին թիկնապահները անխնայօրէն կը խուժեն, ոմանց կեանքի կը հրաւիրեն, ուրիշները ամօթի կը դատապարտեն. ոմանց ծիծղուն՝ զուարթուն դէմք կը ցուցնեն, իսկ ինծի՝ ահարկու եւ քստմնելի կերպարանք. ոմանց լուսեղէն պատկեր կը մատուցանեն. արդարներու՝ ձայն աւետաւոր, իսկ ինծի՝ անվախճան վիշտերու գոյժ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 7, 2024, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2024