Պիւտճէները եւ հարցեր
Պատրիարքարանի աղբիւրները վերջին օրերուն արձագանգ հանդիսացան կարեւոր որոշումի մը։ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) Ելմտական յանձնախումբի ընդլայնուած կազմով ժողովէն վերջ հրապարակուեցաւ այս որոշումը։ Ուրեմն, յառաջիկայ շրջանին Պատրիարքարանը պիտի չհովանաւորէ տարեկան սիրոյ սեղանը կամ մատաղօրհնութիւնը այն հաստատութիւններուն, մանաւանդ վարժարաններուն, որոնց պիւտճէները հաստատուած պիտի չըլլան VADİP-ի Ելմտական յանձնախումբին եւ նոյնինքն Պատրիարքարանին կողմէ։ Սկզբունքային առումով սա անվիճելիօրէն կարեւոր որոշում մըն է եւ անհրաժեշտ նախադրեալ մը՝ թափանցիկ գործունէութիւնը երաշխաւորելու տեսակէտէ։ Թրքահայ իրականութեան մօտ անյետաձգելի դարձած է արդիւնաւէտութեան մակարդակին բարձրացումը։
Հաւաքական կեանքէ ներս, որեւէ որոշման ճիշդ սկզբունքներու հիման վրայ ընդունուած ըլլալը վերջնականօրէն չ՚երաշխաւորեր անոր արդիւնաւէտ ու նպատակասլաց գործադրութիւնը։ Մէկ կողմէ ենթակառոյցներու պատրաստութիւնը, միւս կողմէ ալ առողջ անցումային շըր-ջանի մը կազմակերպումը՝ առանցքային նշանակութիւն կ՚ունենան նման իրավիճակներու մէջ։ Այլապէս, առանց սկզբունքներու յստակեցման, եթէ որոշուին պատժամիջոցները՝ ապա փակուղիի մը վտանգը կը դառնայ անխուսափելի։ Սա միանշանակօրէն կ՚ենթադրէ կաղ դրութիւն մը, որ կը ծնի կրկնակի չափանիշներ, որոնք ալ, իրենց հերթին, կը ջլատեն հասարակութիւնը։ Որեւէ պատժամիջոց չի կրնար ապահովել աւելի բարձր ձգողականութիւն մը՝ քան արդիւնաւէտ գործող, տուեալ ժամանակի ոգիին ու կարիքներուն համահունչ դրութեան մը խոստացած առաւելութիւններուն հրապոյրը։
Աւելորդ է ըսել, որ մեր համայնքին մօտ զօրակցութեան նախընթացները հետզհետէ կը տկարանան։ Համայնքային բոլոր հաստատութիւնները վերելք մը ունենալու, թռիչք մը ապահովելու համար մեծ ջանք կը գործադրեն, իւրաքանչիւրը իր անկիւնը։ Բայց այդ բոլորը բաւարար չեն ըլլար հաւաքական արդիւնքը բարձրացնելու առումով, որովհետեւ մեր հաստատութիւնները հեռու են գործելէ՝ որպէս լիարժէք ցանց մը։ Նման իրավիճակներու մէջ, ճիշդ է, որ արմատական քայլեր պէտք է առնել, բայց նաեւ գործը պէտք չէ տանիլ ծայրայեղութեան։ Ներքին բնոյթով յարաբերութիւնները նոր հարթութեան մը վրայ դնելու տեսանկիւնէն մեր համայնքին համար անհրաժեշտ է բեկումնային պահ մը։ Պատրիարքական Աթոռը, սկզբունքօրէն, միշտ կը խրախուսէ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուած ջանքերը։ Կարելի է վիճիլ, թէ ան սեփական օրինակով ինչքան կ՚արդարանայ, բայց գործելաոճի հարցերէն անդին, գոնէ անոր առարկայական շահերուն կը համընկնի համայնքային հաստատութիւններուն հնարաւորինս համախումբ ըլլալը։
Ըստ երեւոյթին, այս սկզբունքային հանգամանքով առաջնորդուելով է, որ Պատրիարքարանը հաւանութիւն տուած է վերոյիշեալ որոշման։ Այլապէս, այստեղ լուրջ ռիսքեր գոյութիւն ունին Աթոռին տեսակէտէ։ Այդ ռիսքերը, առաջին հերթին, պայմանաւորուած են VADİP-ի՝ որպէս կառոյց, խոցելի կէտերէն։ Նա՛խ, քիչ չէ թիւը մեր այն հաստատութիւններուն, որոնք VADİP-ի հետ որեւէ առընչութիւն չունին, բայց բնականոն յարաբերութիւն կը պահեն Պատրիարքարանին հետ։ Անոնց միջեւ կան նաեւ այնպիսի մատակարար մարմիններ, որոնք վարժարան մը կը հովանաւորեն։ Հիմա ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Պատրիարքարանը պիտի վտանգէ՞ իր յարաբերութիւնները անոնց հետ։ Եթէ վտանգէ, ապա այդպիսիները քիչ մը եւս պիտի առանձնանան, քիչ մը եւս հակակշիռէ դուրս պիտի մնան ու պիտի ամրապնդուին իրենց ինքնագլուխ գործունէութեան մէջ։ Իսկ եթէ չվտանգէ, ապա այս նորահաստատ հաշուեքննութեան դրութիւնը բացառութիւններու հարցերով զբաղելու պիտի դատապարտուի առաջին իսկ քայլափոխին։
Յետո՛յ, կան հարցեր, որոնք կը վերաբերին ընդհանուր առմամբ VADİP-ի գործունէութեան եւ կառուցուածքին։ Չենք փափաքիր, անշուշտ, ստորագնահատել կամ անտեսել դրական երեւոյթները, սակայն խորքին մէջ VADİP-ի գործունէութեան ընդհանուր արդիւնքները բաւական համեստ են ներկայ դրութեամբ։ Մէկ կողմ թողունք հեռու մնացողները, նոյնիսկ անոր հովանիին ներքեւ համախմբուած հաստատութիւնները այսօր ի զօրու չեն կամ ի վիճակի չեն գործելու՝ որպէս մէկ մարմին։ Նուրբ հարցերու պարագային հասարակաց յայտարար մը գտնելը յաճախ դիւրին չ՚ըլլար այնտեղ։ Տակաւին չենք խօսիր աշխատանքային կարգին վերաբերեալ հարցերուն մասին։ Կ՚երեւի արդէն այս բոլորին բերումով է, որ VADİP-ն ալ նախընտրած է որոշման հրապարակման փուլին Պատրիարքարանին հետ ըլլալ ու մանաւանդ գործադրութեան համար սկիզբէն իսկ ներգրաւել զայն։
Վերջապէս, թրքահայ համայնքին տեսակէտէ ճակատագրական կրնայ դառնալ այս որոշումը։ Պատրիարքարանը զերծ պէտք է պահուի կաղացումներու հետեւանքով մաշելու վտանգէն։ VADİP-ի Ելմտական յանձնախումբը հեռու պէտք է մնայ կամք պարտադրելէ։ Այնպիսի մթնոլորտ մը պէտք է ստեղծուի, որ բոլորը լիիրաւ մասնակից զգան այս նոր դրութեան նախընթացներու ձեւաւորման։ Յաջողութիւնը կախում ունի ինքնաբաւ մեր հաստատութիւններու ընթացքէն։ Եթէ անոնք, որեւէ կարիք չունենալով հանդերձ, յօժար կամքով բաց վերաբերմունք ունենան, ապա կը կանխուի այս հաշուեքննութիւններուն ճնշումի մը վերածուիլը՝ զօրակցութեան կարօտ հաստատութիւններուն վրայ։ Պարտադրանքները, պատժամիջոցները միշտ ընդհանուր գործի ձախողման տեղի կրնան տալ։ Իրարու նկատմամբ հասկացութիւնը եւ բարի կամեցողութիւնը ճանապարհ կրնան հարթել յաջողութեան առջեւ։
Կարճ խօսքով, նման որոշումի մը ընդունուած ըլլալը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ համայնքին տեսակէտէ եւ այս հնարաւորութիւնը պէտք չէ մսխել անհեռատես քայլերով։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Օրակարգի նիւթերը
- 12/09/2024