Պետրոս Շիրինօղլուի ըսածներուն եւ չըսածներուն լոյսին տակ…

Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB)՝ Ֆէրիգիւղի մէջ կազմակերպուած վերջին ժողովին արձագանգները կը շարունակուին համայնքային շրջանակներէն ներս։ Շատ երկար ժամանակ վերջ առաջին անգամ կարելի եղաւ այս մակարդակի վրայ խորհրդակցութիւն մը իրականացնել։ Ժամկէտը, առաջին հերթին, պայմանաւորուած էր համաճարակի սահմանափակումներու մասնակի մեղմացումով։ Յամենայնդէպս, նիստը զուգադիպեցաւ՝ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ մօտաւոր անցեալին կատարուած ծանրակշիռ յայտարարութիւններուն յաջորդած շրջանին։

Ատենապետ Շիրինօղլու առաջին անգամ ժողովի բացումին գրաւոր պատգամով մը հանդէս եկաւ։ Ելոյթի բնագրին պատճէնը ժողովէն առաջ բոլորին ներկայացուեցաւ։ Սա արտասովոր երեւոյթ մըն էր։ Ան ERVAB-ի նիստին ժամանակ անդրադարձաւ գրեթէ այն նոյն խնդիրներուն, որոնք արծարծուած էին իր՝ մամլոյ միջոցաւ հրապարակուած յայտարարութիւններուն մէջ։ Հասարակաց կէտերը ենթադրելի են՝ վարժարաններու նիւթական անելը, առկախեալ ընտրութիւններով յառաջացած վարչական փակուղին, համայնքային կառոյցներու միջեւ յարաբերութիւններու դրուածքն ու համագործակցութեան հարցերը։ Այս բոլորը շատ երկար ժամանակէ ի վեր թէեւ կը բնորոշեն թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգային առաջնահերթութիւնները, սակայն, շօշափելի որեւէ քայլ առնել կարելի չ՚ըլլար անոնց լուծման ճանապարհին։ Պետրոս Շիրինօղլու ERVAB-ի վերջին նիստին ատեն ընդգծեց, որ վարչայինները եթէ ճիշդ ժամկէտով միջամտութիւնները յապաղեցնեն կամ յետաձգեն, ապա յաջորդ քայլափոխին մեր համայնքը գործնականօրէն պիտի պարտաւորուի ենթարկուելու ժամանակի պարտադրած հետեւանքներուն։ Նոյն ամբողջին մէջ ատենապետի շեշտած հանգամանքներէն մին ալ այն էր, որ մեր համայնքի պարագային ցանկալիի եւ հնարաւորի միջեւ անջրպետը տակաւ կը խորանայ։

Այս հասարակաց կէտերուն առընթեր, Պետրոս Շիրինօղլուի մօտաւոր անցեալի յայտարարութիւններուն եւ ERVAB-ի վերջին նիստի բացման խօսքին բովանդակութիւններու բաղդատութիւնը կարեւոր տարբերութիւն մըն ալ ցոլացուց։ Արդարեւ, մօտաւոր անցեալի յայտարարութիւններուն մէջ Շիրինօղլու շատ լուրջ քննադատութիւններ հասցէագրած էր Պատրիարքարանին։ Նոյն շրջանին ERVAB-ի առցանց փակ աշխատանքային հարթակին վրայ ալ ծանր գրառումներ կատարած էր Պատրիարքարանին դէմ, ինչ որ այդ շրջանակէն դուրս գալով՝ լայն արձագանգ գտած էր նաեւ հանրային կարծիքին մօտ։ Այս բոլորէն վերջ, ERVAB-ի վերջին նիստի բացման գրաւոր պատգամին մէջ Շիրինօղլու շրջանցած էր Պատրիարքարանի վերաբերեալ հարցերը։ Ելոյթին մէջ նոյնիսկ որեւէ ակնարկութիւն չկար այդ մասին։ Բայց եւ այնպէս, թէ՛ հարցումներու պատասխանելու եւ թէ ընդհանուր քննարկումներու ժամանակ Շիրինօղլու զանազան առիթներով խօսեցաւ Պատրիարքարանի մասին։

Ամփոփ գիծերու մէջ, ան առաջին հայեացքով փորձեց խնայել Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքը։ Շիրինօղլուի խօսքով՝ իր մեղադրանքները ուղղուած չէին պատրիարքի անձին, այլ կը թիրախաւորէին այն շրջանակները, որոնք «պաշարած են Պատրիարքարանը»։ Այստեղ, անշուշտ, տրամաբանականօրէն կայ անուղղակի քննադատութիւն մը։ Արդարեւ, տեսականօրէն, եթէ կառոյց մը կը մեղադրուի պաշարուած ըլլալու համար, ապա համապատասխան պատասխանատուութիւններէն զերծ չի կրնար համարուիլ անոր առաջին դէմքը, որ ունի իշխանութիւն եւ որու ձեռքին է ղեկը։ Բայց եւ այնպէս, Շիրինօղլու շեշտը ուրիշ առանցքի մը վրայ դրաւ։ Այսպէս, իր դիտարկումով, համայնքէն ներս կարգ մը շրջանակներ կը ջանան Պատրիարքարանի հակակշիռը ձեռք անցընել եւ անոր հեղինակութեան ետին թաքնուելով՝ պառակտել մեր կառոյցները։ Այս բանաձեւումով Շիրինօղլու մէկ քարով քանի մը թռչուն որսալու նպատակ կը հետապնդէր։ Առաջինը՝ Աթոռին հեղինակութեան յղում ընելով կը թարմացնէր իր յարգանքը անոր նկատմամբ։ Երկրորդ՝ Նորին Ամենապատուութեան նկատմամբ ան կ՚արտայայտէր իր յարգանքը, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, կը հասցէագրէր իր ակնկալութիւնները, որպէսզի ան Պատրիարքարանը զերծ պահէ ազդեցութեան պայքարներէ։ Եւ երրորդ՝ այդ պառակտման վտանգին ակնարկելով, ան համայնքային կառոյցներուն կոչ կ՚ուղղէր, որպէսզի միասնականութիւնը պահպանեն։

Այստեղ ի յայտ եկած պատկերը համահունչ է նաեւ Շիրինօղլուի մօտաւոր անցեալին հնչեցուցած ահազանգին, թէ աշխարհական նշանակեալ դէմքեր Պատրիարքարանի անունով չփորձեն կամք պարտադրել համայնքին ու անոր ընտրեալ վարչայիններուն։

Այս բոլորը կու գան համընկնիլ նաեւ համայնքէն ներս շուրջ երկու տարիէ ի վեր նկատելի դարձած ուրիշ հակասական երեւոյթի մը հետ։ Խօսքը կը վերաբերի ERVAB-ի եւ Պատրիարքարանի նախատեսած, «կեդրոնական սեղան» կոչուած կազմաւորման։ Թէեւ դրական ակնկալութիւններ կային, որպէսզի այդ երկուքը փոխլրացումով ընթանան, սակայն, յառաջացած հակասութիւնները արդէն գործնականօրէն չեն արդարացուցած սպասումները։ Այդ երկուքը, կազմին մէջ ընդգրկուած հասարակաց տարրերով հանդերձ, աստիճանաբար չեն ընդելուզուած ակնկալուած ձեւով, այլ խաչաձեւումները պատճառ դարձած են լար-ւածութիւններու։ Երկգլխանի վիճակ մը ծագած է եւ մէկը միւսի գործունէութեան դաշտը սահմանափակելու ուղղեալ ձգտումներ ունենալու կէտին հասած է խնդիրը։ Շիրինօղլուի վերջին շրջանի քայլերը, ըստ երեւոյթին, հարթած են այս հարցերը։

Համայնքային վարիչները դպրոցներու նիւթական դժուարութիւններու առաջնահերթութենէն շեղելու կարելիութիւն չունին այս փուլին եւ կը գիտակցին, որ առանձինն ի վիճակի պիտի չըլլան փրկութեան ձեւեր գտնելու։ Ուստի, ըստ երեւոյթին, անոնք յառաջիկայ շրջանին գործնականօրէն վարչական հարցերու մէջ պիտի վերադառնան իրերու նախկին կամ աւանդական դրուածքին՝ գոնէ մինչեւ առկախեալ ընտրութիւններու երանելի պահով մը կատարուիլը։ Աւելի հեռահար կանխատեսումներ ընելու համար այս պահուն առարկայական բաւարար ազդանշաններ գոյութիւն չունին թրքահայ իրականութեան մէջ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունիս 10, 2021