Վերյիշելով հանգուցեալ Փիլօ Աթանը

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը ըրած է տեղին կարգադրութիւն մը։ Հաստատութեան համալիրէն ներս երէկ պաշտօնապէս բացուեցաւ նոր բաժանմունք մը, որ ձօնուած է հոգաբարձութեան նախկին ատենապետներէն Փիլօ Աթանի յիշատակին ու վերանուանուած՝ համապատասխանաբար։ Հաւաքական գիտակցութեան, յիշողութեան ու երախտագիտութեան տեսակէտէ գնահատելի մօտեցումի մը պտուղն է այս կարգադրութիւնը։

Հանգուցեալ Փիլօ Աթան եղած է մեր համայնքի արդի պատմութեան վարչական տիրական դէմքերէն մին։ Հոգաբարձութեան նոր կարգադրութիւնով իր յիշատակը կ՚անմահանայ եւ անունը կը յաւերժանայ՝ քսան տարիներ անխափան ծառայութիւն մատուցած հիւանդանոցին մէջ։

Մօտաւոր անցեալին հոգելոյս Փիլօ Աթան հեղինակութիւն մըն էր մեր համայնքային կեանքէն ներս։ Ուղղամիտ եւ արդարամիտ համայնքային վարիչ մըն էր։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ղեկը ստանձնած էր շատ ճակատագրական ժամանակաշրջանի մը մէջ եւ յաջողած էր փոխել անոր ճակատագիրը։ Հաստատութեան ծով կարիքներու դիմագրաւման համար համայնքէն ներս ստեղծած էր զօրաշարժ։ Եւ ստեղծած այդ զօրաշարժը նախախնամական եղած էր ոչ միայն Ազգային հիւանդանոցին, այլ մեր ամբողջ համայնքին տեսակէտէ։

Փիլօ Աթան հիւանդանոցի ղեկը ստանձնած էր նիւթական մեծ դժուարութիւններու ժամանակաշրջանի մը մէջ։ Ձեռնհաս գործարար մըն էր եւ իր կեանքի փորձառութիւնը, տեսիլքը ամբողջութեամբ ներդրած էր կայունութեան ու վերելքի շրջան մը ապահովելու համար։ Մերօրեայ հեռաւորութենէն դիտուած, կարելի է անվարան ըսել, որ յաջողած էր։

Իր հոգաբարձութեան գլուխը գտնուած շրջանին, պետութեան վերաբերմունքը այսօրուան հետ անբաղդատելի էր փոքրամասնութիւններու հաստատութիւններուն նկատմամբ։ Այդ բարդ կացութեան մէջ Փիլօ Աթան եղած էր Ազգային հիւանդանոցի եւ մեր համայնքի շահերու անվհատ պաշտպանը։ Քանի քանի անգամներ մայրաքաղաք երթալով, պետական աւագանիին հետ շփումներ մշակելով, բարձրաստիճան դիւանակալներու հետ երկխօսութիւն հաստատելով փորձած էր լուծումներ գտնել մեր հարցերուն համար։ Այդ բոլորին շուրջ ազատ-համարձակ հանդէս կու գար նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներով։

Փիլօ Աթան միեւնոյն ժամանակ միասնականութեան խորհրդանշան մըն էր համայնքային կեանքէն ներս։ Իր պաշտօնավարած, համայնքային կեանքին ներգրաւուած ժամանակաշրջանը անցումային փուլ մը կը համարուէր թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ։ Սա այն ժամանակաշրջանն էր, երբ մօտաւոր անցեալի տասնամեակներուն գաւառներէն Պոլիս հաստատուած մեր համայնքի անդամները սկսած էին աստիճանաբար մասնակցութիւն բերել թրքահայ հաստատութիւններու ղեկավարման։ Սեբաստացի մըն էր Փիլօ Աթան, հպարտ սեբաստացի մը, սակայն, անվհատ ջատագով մըն էր՝ որպէսզի մեր համայնքային կեանքէն ներս տիրէ համախմբուածութեան ու զօրակցութեան մթնոլորտ, ամրապնդուի փոխադարձ սէրը եւ սերունդներու միջեւ տեղի ունենայ հարթ անցում մը։ Իր պատկերացումներով, այդ շրջանի հերթի փոխանակումները պէտք է ըլլային հեզասահ։ Եւ իր մարմնաւորած կերպարով՝ Փիլօ Աթան եղած էր երաշխաւոր մը այդ ուղղութեամբ։

Եթէ այսօր գրեթէ բոլորը կ՚ընդունին, որ 1990 եւ 1998 թուականներու պատրիարքական ընտրութիւնները տեղի ունեցած էին հնարաւորինս նուազ ցնցումներով, ապա այս երեւոյթին մէջ մեծ ու անփոխարինելի եղած էր Փիլօ Աթանի դերակատարութիւնը։ 1990 թուականի ընտրութիւններուն ան եղած էր ազգային պատգամաւոր եւ լուրջ կամք դրսեւորած էր՝ որպէսզի այդ շրջանի կարգ մը գայթակղեցուցիչ երեւոյթները բացայայտուին եւ երաշխաւորուի ընտրութիւններու արդարութիւնը։ 1998-ին ալ գլխաւորած էր Նախաձեռնարկ մարմինը եւ այդպէսով դարձեալ իր ներդրումը ունեցած էր՝ որպէսզի ամէն ինչ տեղի ունենայ պատշաճութեան սահմաններու մէջ։

Ժամանակները փոխուած են։ Այսօրուան աշխարհի մէջ վառ անհատականութիւններու ձգողականութեամբ պայմանաւորուած ազդեցութիւնները անբաղդատելիօրէն սահմանափակուած են։ Բայց եւ այնպէս, բոլոր ժամանակներու դերակատարները պատմութեան կշիռքին վրայ կը դրուին՝ իրենց ապրած ու գործած ժամանակահատուածի պայմաններու, արժէքներու եւ մտածելակերպի լոյսին տակ։

Հոգելոյս Փիլօ Աթանն ու իր մարմնաւորած կերպարը այդ փորձաքարին առջեւ կը բիւրեղանան որպէս՝ յանձնառու, հեռատես համայնքային վարիչի մը խորհրդանշանը։ Ուստի, Փիլօ Աթանի անունը արդարօրէն այսօր քանդակուած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի պատերուն վրայ։ Իր անունը լոկ փորագրութիւն մը չէ այնտեղ։ Փիլօ Աթանի հոգին կը թեւածէ հիւանդանոցի համալիրէն ներս եւ հոգաբարձութիւնն ալ առած է գնահատելի քայլ մը՝ այդ ճշմարտութիւնը արձանագրելով շօշափելիօրէն։

Բի՜ւր յարգանք հոգելոյս Փիլօ Աթանի անթառամ ու պայծառ յիշատակին։

Ուրբաթ, Մայիս 11, 2018