Ըլլալ պաղարիւն ու չափաւոր
Անցեալի մէջ դաւանափոխ կամ կրօնափոխ եղած հայոց մերօրեայ շառաւիղներուն վերադարձի հարցը ունի բարդ երեսակներ։ Հայաստանի մէջ մկրտուելու ցանկութիւն յայտնած ու մերժուած երեք ծպտեալ հայերու հարցը վառ օրինակ մըն է այս առումով։ Յայտնի է, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը ներդաշնակ ձեւով կը գործեն թէ՛ հաւատարիմ մնալու համար Հայ Եկեղեցւոյ սկզբունքներուն եւ նուիրականութիւններուն եւ թէ թիւր տպաւորութիւնները կանխելու նպատակով։
Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան արժանի է Հայաստանի խորհրդարանի պատգամաւորներէն Արագած Ախոյեանի պնդումը։ Ըստ իրեն, երեք ծպտեալները չեն կրցեր մկրտուիլ Հայաստանի մէջ եւ այսպէսով «վերահաստատուեր ու ապացուցուեր է», որ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ Արամ Արք. Աթէշեան կը գործէ Թուրքիոյ իշխանութիւններու ցուցմունքներով։ Երեւոյթը քննադատելի է քանի մը տեսանկիւնէ։ Նախ, արդեօք ի՞նչ փաստերու եւ ապացոյցներու հիման վրայ կը խօսի Ախոյեան։ Եթէ ունի, թող ըսէ, իսկ եթէ ոչ, միթէ պատգամաւորի մը յարի՞ր է նման գործելաոճը։ Այս նիւթը արդէն ցաւոտ է հայկական աշխարհի տեսանկիւնէն։ Ախոյեան, որպէս կնքահայրի թեկնածու, ինչպէ՞ս կրնայ ինքզինքին վերապահել եկեղեցական իշխանութեան դէմ ըմբոստանալու իրաւունք։
Ու վերջապէս… Ախոյեան երեսփոխան է Հայաստանի, որ չունի բնականոն յարաբերութիւններ Թուրքիոյ հետ։ Այս վիճակին մէջ, Երեւանի պաշտօնական դիրքորոշումներուն հետ հակասելով՝ ան յաճախ կ՚այցելէ Թուրքիա։ Կա՞ն Թուրքիայէն ալ երեսփոխաններ, որոնք իր նման կ՚երթան Հայաստան։ Ջուրի ճամբա՞յ… Եւ այսքանէն վերջ, երկրի հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդի պարագային զրպարտութիւններ, նաեւ անտեղի ու անօգուտ ակնկալութիւններ՝ երկրի իշխանութիւններու հասցէին։
Ինչո՞ւ չըլլալ աւելի պաղարիւն ու չափաւոր։ Ինչո՞ւ չգործել աւելի կշռադատուած ու շրջահայեաց։ Ինչո՞ւ հեռու չմնալ կրօնական զգացումներու կեղեքումէ։ Ինչո՞ւ չխուսափիլ աժան պիտակաւորումներէ։
Շարքը աւելի չերկարենք, որպէսզի Պարոն Ախոյեանին համար չփակուի ինքնաքննադատութեան ճանապարհը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Օրակարգի նիւթերը
- 12/09/2024