Պէյօղլու. նոր ու բարդ մեկնարկ…

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ հարթ ձեւով՝ ինչպէս արդէն կը նախատեսուէր։ Երկար գործընթաց մը, բարդ աշխատանք մը յաջողութեամբ պսակուեցաւ՝ վերածուելով հաւաքական ձեռքբերումի մը։ Իսկապէս, համայնքը մեծ նախաձեռնութիւն մը ի կատար ածեց։ Սա շատ կարեւոր փուլ մըն է, բայց եւ այնպէս, պէտք է ընդունիլ, որ այդ հաւաքական ձեռքբերումը պէտք է ունենայ տրամաբանական շարունակութիւն, որպէսզի յաջորդ քայլափոխին ակամայ վրայ չհասնի հաւաքական անպատասխանատուութիւնը։

Պէյօղլուի պարագային այս մեկնարկը, անխուսափելիօրէն կ՚ենթադրէ թէեւ նոր, սակայն բարդ՝ թէկուզ եւ աւելի բարդ մեկնարկ մը։

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս առկայ են ծով կարիքներ։ Այս ամբողջին մէջ կան հրատապօրէն դիմագրաւուելիք պահանջներ՝ մանաւանդ ընկերային օժանդակութեան առումով, յետերկրաշարժեան իրավիճակով պայմանաւորուած։ Միւս կողմէ, կան երկարաժամկէտ հարցեր, որոնք գոյաբանական նշանակութիւն ունին համայնքին տեսակէտէ՝ ապագայի կառուցման ճանապարհին։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը վերակազմակերպուելու անյետաձգելի հրամայականին դէմ յանդիման կը գտնուի, այլապէս այս համայնքը ապագայ պիտի չունենայ։

Այս եւ նման բոլոր խնդիրներու կիզակէտին կը գտնուին համայնքի հաւաքական միջոցներու արդիւնաւէտ տնօրինման վերաբերեալ հրամայականները։ Պէյօղլուի նման քանի մը կառոյցներու տնօրինած հաւաքական հարստութիւնը ճակատագրական նշանակութիւն ունի համայնքի ապագայի կառուցման նպատակասլաց կազմակերպման տեսակէտէ։

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց նորընտիր թաղային խորհուրդը հաւաքական մեծ զօրակցութեան, նաեւ նոյնքան մեծ սպասումներու պայմաններուն ներքեւ՝ իսկապէս վիթխարի պատասխանատուութիւն մը պիտի ստանձնէ։ Մէկ կողմէ տասնամեակներէ ի վեր լիարժէք իմաստով թափանցիկութենէ հեռու գործելաոճը, իսկ միւս կողմէ շրջանառութեան մէջ մտած ահաւոր պնդումները՝ յառաջիկայ շրջանին իսկապէս պիտի դժուարացնեն նորընտիր թաղային խորհուրդին գործը։ Անցեալի հետքերը, ազդեցութիւնները ակնթարթի մը մէջ չեն կրնար վերանալ։ Պաշտօնական տուեալներու կամ վիճակագրութիւններու բացակայութեան հետեւանքով թէեւ դժուար է լսումներու պարագային ըլլալ չափազանց վստահ, սակայն, նորընտիր թաղային խորհուրդը պաշտօնավարութեան սկիզբին ակամայ մեծ խոչընդոտներ յաղթահարելու պիտի պարտաւորուի։ Միայն ու միայն վերավարձակալուած եկեղեցապատկան կալուածներու վերաբերեալ խօսակցութիւններն իսկ բաւարար են տարրական պատկերացում մը կազմելու համար։

Ուստի, Պէյօղլուի նորընտիր թաղային խորհուրդը գործի պիտի կոչուի իր ապահոված մեծ ժողովրդականութիւնը դրամագլուխի վերածելու ստիպողութեամբ։ Այդ դրամագլուխը պիտի ըլլայ յաջողութեան գրաւականը։ Այսինքն, այդ ժողովրդական զօրակցութիւնը պէտք է վերածուի՝ ամուր կամքի, նպատակասլաց աշխատանքի, ռազմավարական մտքի, խմբային ոգիի, պողպատէ ջիղերու, ծով համբերութեան եւ յստակ մարտավարութեան։

Ուրեմն, բարի երթ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց նորընտիր թաղային խորհուրդին՝ «Լուսաւոր ապագայ»ի տեսիլքի ճանապարհին։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մարտ 14, 2023