Դատավճիռ

Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքին շուրջ Սահմանադրական ատեանին կողմէ արձակուած վճիռը չափազանց նշանակութիւն ունի թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ։ Սա մէկ կողմէ իրաւունքի հարց մըն է, իսկ միւս կողմէ ունի նաեւ այլ չափումներ։ Խնդրի սեփականութեան իրաւունքի վերաբերեալ երեսակը շատ նուրբ է։ Արդարեւ, Սանասարեան խանը Իսթանպուլի սիրտին վրայ կոթողային շէնք մըն է եւ, դժբախտաբար, տասնամեակներէ ի վեր իրաւունքի ոտնահարման, յափշտակութեան խորհրդանշան մը դարձած է։ Հիմա անոր սեփականութեան իրաւունքի հարցին առջեւ ստեղծուած լուծման հեռանկարը, երկրի գերագոյն դատական մարմնին արտայայտած կամքը կը ստեղծեն նոր հորիզոններ։ Այստեղ թէ՛ կը վերադարձուի յափշտակուած իրաւունք մը եւ տասնամեակներ շարունակ հանդուրժուած անիրաւութիւն մը կը յաղթահարուի, միեւնոյն ժամանակ, խնդիրը կրնայ նպաստել Պատրիարքական Աթոռի պաշտօնական կարգավիճակի վաղեմի խնդրի ուղղակի կամ անուղղակի լուծման։ Բնականաբար, առանց յարդը եւ կոթը իրարու խառնելու, նրբանկատ եւ համբերատար իրաւական աշխատանք պէտք է կատարուի։ Այս ուղղութեամբ կան նախադրեալներ։

Բաց աստի, եթէ Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքը վերադարձուի Պատրիարքական Աթոռին, ապա անոր արժեւորման զուգահեռ՝ Պատրիարքարանը կրնայ դառնալ ինքնաբաւ հաստատութիւն մը։ Սա եւս հեռահար տեսակէտէ շատ կարեւոր գործօն մը կրնայ նկատուիլ։ Պատրիարքարանի ինքնաբաւ հաստատութեան մը վերածուիլը փոփոխութեան կրնայ ենթարկել թրքահայ բոլոր կառոյցներու յարաբերութիւններուն դրուածքը եւ տրամաբանութիւնը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2022