Կուտակուած խնդիրներու ծանրութեամբ նոր տագնապ մը յաղթահարելու ջանքեր

Թէ ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի գործեն համաճարակի ծանր հետեւանքները թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին վրայ... Միջոցէ մը ի վեր այս հարցումը անմիջականօրէն կը զբաղեցնէ համայնքային շրջանակներու օրակարգը։ Մտահոգ սպասումի առկայ մթնոլորտին մէջ, երէկ, Պատրիարքական Աթոռին կողմէ հրապարակուեցաւ լուսաբանութիւն մը։ Սա, խորքին մէջ, լուսաբանութենէ աւելի զեկոյց մըն է, որով մեր համայնքը տեղեակ կը պահուի վերջին շրջանի խմորումներուն եւ կատարուած կարգ մը աշխատանքներուն շուրջ։

Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներէն յայտնի կը դառնայ, որ համաճարակի հետեւանքները անմիջականօրէն կը սպառնան համայնքային վարժարաններու ցանցին։ Առանց այդ ալ արդէն երկար ժամանակէ ի վեր խոցելի դարձած էին մեր դպրոցները, իսկ հիմա ա՛լ աւելի մտահոգիչ կացութիւն մը ստեղծուած է անոնց տեսակէտէ։ Յայտնի է, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ) եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետպոս Շիրինօղլու ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ ճակատագրական պատասխանատուութիւն մը կը ստանձնեն՝ առկայ փակուղիէն ելք մը որոնելու, գործնական միջոցներու դիմելու ճանապարհին։ Վստահաբար, անոնք առաւելագոյն չափով կը ջանան համայնքի նաւը խաղաղ նաւահանգիստ առաջնորդել եւ մեր հաւաքական միջոցները այնպէս մը արդար տնօրինել, որ վերականգնուին ելմտական եւ գանձատրային հաւասարակշռութիւնները։ Համայնքային վարիչներն ալ առանց ջլատուելու, հաւաքական շահու գերադասումով եւ նպատակասլաց ձեւով պէտք է համախմբուին անոնց շուրջ։ Արդարեւ, ըստ երեւոյթին, թրքահայութեան առջեւ լուրջ մարտահրաւէր մը կը ծառանայ։ Պատրիարքարանի հրապարակումները պաշտօնապէս համայնքի օրակարգին վրայ կը բերեն վարժարաններու փակման հաւանականութիւնը։ Սա արդէն ահազանգ է։

Պատմութեան փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ նման ցնցումներն ու անոնց ուղղորդած մեծ տագնապները թէեւ կ՚ըլլան ժամանակաւոր, սակայն մեզմէ կը խլեն մշտական արժէքներ։ Այդ անանց արժէքներու շարքին են մեր վարժարանները։ Դառն իրողութիւնը այն է, որ եթէ վարժարան մը փակուի, ապա անոր պատճառ դարձած գործօններու յաղթահարումէն վերջ անկարելի կ՚ըլլայ զայն վերաբանալ։

Վերջին շրջանին մեր համայնքի շարք մը հաստատութիւնները հարստացան էապէս։ Այսինքն այս համայնքի հաւաքական հարստութիւնը աւելցաւ։ Դժբախտաբար, այդ իրավիճակին մէջ կարելի չեղաւ բարեփոխել թրքահայ կրթական համակարգը, բարձրացնել անոր արդիւնաւէտութիւնը՝ հարթ անցումներով լուծման հունի մէջ դնելով կուտակուած հարցերը։ Տարիներ շարունակ Պետրոս Շիրինօղլու ահազանգ հնչեցուցած էր այս կապակցութեամբ։ Իր յղացած կարգ մը առաջարկներուն համամիտ չըլլալ՝ պէտք չէ նշանակեր մնալ ձեռնունայն։ Կարճ խօսքով՝ երկար ժամանակ մը մսխուեցաւ, իսկ հիմա վրայ հասած է առկայ համաճարակն ու անոր ծնունդ տուած տագնապը։

Առանց լաւատեսութիւնը եւ իրատեսութիւնը կորսնցնելու պէտք է նետուիլ այս պայքարին։ Պատմութիւնը կը մատնանշէ նաեւ ուրիշ հանգամանք մը, որ յուսադրիչ կրնայ ըլլալ այս պարագային։ Հաւաքական իմաստութեան, առողջ դատողութեան լաւագոյն դրսեւորումները ի յայտ կու գան ծանր իրավիճակներու մէջ, երբեմն նոյնիսկ անդունդի եզրին։ Հետեւաբար, գործի պէտք է սկսիլ վճռակամութեամբ, որ յաջողութեան հիմնական գրաւականն է միշտ։

Մեծ հաշուով, թրքահայ իրականութեան մէջ ընդհանուր վարչամեքենան կը կաղար երկար ժամանակէ ի վեր։ Այս համայնապատկերին վրայ, ներկայիս ստեղծուած կացութիւնը, խորքին մէջ, անակնկալ կամ զարմանալի համարել անկարելի է։ Համաճարակէն անկախ այս համայնքէն ներս արդէն բաւական հասունցած, որճացած տագնապ մը կար եւ ան հիմա մեր դիմաց կը ցցուի՝ ա՛լ աւելի ուռճացած համաճարակի ծանր հետեւանքներով։ Սա ճշմարտութիւն է։

Եթէ այս համայնքի վարիչները ուժ գտնեն իրենց մէջ ինքնաքննադատութեան եւ կամք ցուցաբերեն մեր հաւաքական կեանքը աւելի արդար ու երկակի չափանիշներէ հեռու կառավարելու, ապա այս տագնապը կրնայ հնարաւորութեան մը վերածուիլ։ Աւելի՛ն, այս մարտահրաւէրին գիմագրաւումը կրնայ նոր էջ մը բանալ թրքահայութեան տեսակէտէ, նոր ապագայ մը ուրուագծել անոր առջեւ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 16, 2020