ԲԱՐՁՐՈՐԱԿ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ ՈՒ ՀՄԱՅՔՈՎ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 93-րդ ընդհանուր ժողովի ծրագիրը ինչպէս աշխատանքային, այնպէս ալ երաժշտական տեսակէտէ յագեցած էր։ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի այս հաւաքին մասնակիցները զանազան փուլերու մէջ հնարաւորութիւն ունեցան շփուելու բարձրորակ երաժշտութեամբ։ Սա ունէր թէ՛ իր հմայքը եւ թէ բոլորին կարելիութիւն կը ստեղծէր որոշ հետքերու շուրջ մտածելու։
«ԱՊՐԻ Արմենիա»ի ֆորումի ընթացքին յայտնի ուտահար Արա Տինքճեան երկու փուլերով հանդէս եկաւ նուագներով, որոնք աշխատանքային մթնոլորտին տարբեր խորութիւն մը վերագրեցին։ «Արուեստ. կշռոյթներու եւ համերու երեկոյթ»ի ընթացքին երաժշտութեան հետ շփուելու հնարաւորութիւնները շատ աւելի մեծ էին մասնակիցներու տեսակէտէ։ Յամենայնդէպս, մենք հնարաւորութիւն ունեցանք լսելու՝ մանաւանդ մեներգչուհի Լիւսի Եղիազարեանն ու իր խումբը։ Այս փուլն ալ իսկապէս շատ տպաւորիչ պահեր պարգեւեց բոլոր անոնց, որոնք հետեւեցան այս յայտագրին։ Ի լրումն այս բոլորին, ՀԲԸՄ-ի 93-րդ ընդհանուր ժողովի պաշտօնական եզրափակիչ ընթրիքին մասնակիցները ունկնդրեցին յայտնի ջութակահար Սամուէլ Երւինեանի եւ նշանաւոր մեներգչուհի Արփի Ալթոյի կատարումներուն։
Ոճերու զանազանութիւնը խորհրդանշական դարձաւ հայ իրականութեան խայտաբղէտ իրականութեան տեսակէտէ։ Իւրաքանչիւրը բոլորին համար հետաքրքրական էր՝ մակարդակի բարձրակէտին վրայ։ Այս երեւոյթը կարծես երկու պարագայ կը բիւրեղացնէր։
Հայերը շատ ճոխ զանազանութիւնով մը կը ձեւաւորեն իրենց ներքին շփումները, որոնք ձեւով մը կ՚ապահովագրուին համադրութեան ընդունակութեամբ։ Եւ երկրորդ՝ հայոց տեսակէտէ աշխարհի հետ արդիւնաւէտ յարաբերութիւններ մշակելու ճանապարհը կ՚անցնի այս նոյն զանազանութեամբ պայմանաւորուած կարելիութիւններէն ու ճկունութենէն։
Այստեղ, անշուշտ, կայ կատարելապաշտութեան փիլիսոփայութիւնը։ Որակն ու մակարդակը միշտ կը բնորոշեն հայկական ճակատագիրը, որու թշնամին է միջակութիւնը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Օրակարգի նիւթերը
- 12/09/2024