ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ՝ ՀԲԸՄ-Ի 93-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ (1)
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 93-րդ ընդհանուր ժողովի լոյսին տակ դուռ կը բացուի բազմակողմանի դիտարկումներու։ Ըստ էութեան, Նիւ Եորքի մեծ հաւաքի ընթացքին արժեւորուեցան հաստատութեան բազմակողմանի գործունէութեան բոլոր ուղղութիւնները։ Այդ արժեւորումը ազդանշաններ կու տայ ապագայի համար՝ մանաւանդ, որ կառոյցին տեսակէտէ նոր շրջան մը կը սկսի՝ Սեմ Սիմոնեանի կեդրոնական վարչութեան նախագահ դառնալով։
Ընդհանուր ժողովը կարելի է երկու առանցքի շուրջ մեկնաբանել։ Առաջին՝ Նիւ Եորքի հաւաքը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի գործէ նոյնինքն ՀԲԸՄ-ի վրայ։ Երկրորդ՝ ՀԲԸՄ-ի գործունէութիւնը ապագային ինչպէ՞ս կրնայ անդրադառնալ հայ իրականութեան վրայ։
Խօսուածներէն եւ յայտարարուածներէն անդին, զուտ վիճակագրութիւնը պատկառելի պատկեր մը կը պարզէ։ Շուրջ 500 հազար կամաւոր՝ աշխարհի 97 երկրի մէջ։ 21 անդամէ (6 երկիր) բաղկացեալ կեդրոնական վարչութիւն։ Աշխարհով մէկ 40 գրասենեակ կամ համայքային կեդրոն։ 61 մասնաճիւղ եւ շրջանակ։ 46 երիտասարդ արհեստավարժներու խմբակ՝ 20 երկիր անմիջական ծածկոյթին տակ առած։ Տարեկան շուրջ 50 միլիոն տոլար համընդհանուր պիւտճէ…
ՀԲԸՄ ունի իր խօսոյթն ու պատումը։ Ընդհանուր ժողովի պատգամներն ալ բիւրեղացան անոնց մէջով։ Ծաւալուն խորհրդածութիւններու բոլոր փուլերուն ընդգծուեցաւ ազգային գիտակցութեան հանգամանքը։ Ընդհանուր աշխատանքը կը մատուցուի չորս հիմնական առանցքի շուրջ. մարդասիրական, կրթական, մշակութային եւ ընկերային օժանդակութեան։ Ընդհանուր ժողովը զանոնք խոշորացոյցի տակ առաւ թէ՛ ցարդ կատարուածներու արդիւնքին եւ թէ սպասումներու կամ կարիքներու առումով։ Ժողովի ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր՝ ՀԲԸՄ-ի վերոյիշեալներու շուրջ ընդհանուր միտքերուն եւ անոնց սահմանման, համապատասխան անցումներուն եւ ի վերջոյ յառաջացման վրայ։
Կառոյցը այդ հիմնական առանցքներուն հաւատարիմ կը մնայ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի գործունէութեան պատկերացման ու ծրագրաւորման պարագային։
Յամենայնդէպս, աչքի կը զարնէ երկու հիմնական երանգաւորում, ինչ որ ընդհանուր ժողովի զեկուցումներով նկատելի դարձաւ։ ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր գործունէութեան մէջ ձեւով մը «ինքնավար» բջիջ մը դարձած է Հայաստանի մասնաճիւղը։ Անոր աշխատանքը կ՚ընկալուի առանձին ամբողջ մը եւ այստեղ էական նշանակութիւն ունի ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղին կողմէ վերջին տարիներուն արձանագրուած մեծ ոստումը։ Միւս երանգաւորումը կը վերաբերի «ԱՊՐԻ Արմենիա» քաղաքական հետազօտութիւններու նորաստեղծ բջիջին, որու նոր վերելքը կը պայմանաւորէ ՀԲԸՄ-ի նոր իրավիճակներու մէջ արագ կողմնորոշուելու եւ դիրքորոշուելու ընդունակութիւնը։ Այս կոռոյցը հետզհետէ կը բնորոշէ նաեւ ապագայ գործունէութեան առաջնահերթութիւնները՝ քանի որ անոր վերապահուած է մտաւոր վարժանքի հարթակ ապահովելու գործը։
Եւ այս բոլորի գործնական դրսեւորումներու նշաձողը պատկերացնելու տեսակէտէ անանտեսելի էր ընդհանուր ժողովի ընթացքին յաճախ մատնանշուած՝ համաշխարհային մակարդակով մրցունակութեան հանգամանքը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Օրակարգի նիւթերը
- 12/09/2024