Պայթում

Թուրքիոյ սրտին վրայ հուժկու պայթում մը պատահեցաւ երէկ երեկոյեան։ Երկիրը ցնցուեցաւ, հերթական անգամ։ Թուրքիա մեծ փորձառութիւն մը ունի նման իրավիճակներու մէջ միասնականութիւն դրսեւորելու եւ դիմադրութիւն ցուցաբերելու։ Վերջին ամիսներուն, դժբախտաբար, երկրին առջեւ ստիպողութիւն կը յառաջանայ այդ փորձառութենէն յաճախակիօրէն օգտուելու։ Կորուստներու պատճառած ցասումով հանդերձ, բովանդակ երկիրը կը համախմբուի ու շատ աւելի ազդու, շատ աւելի հուժկու ձեւով կ՚անիծէ, կը մերժէ ու կը պախարակէ ահաբեկչութիւնը։ 

Պետութիւնը յամառ պայքար կը մղէ ահաբեկչութեան դէմ բազմակողմանի միջոցներ ձեռք կ՚առնէ՝ երաշխաւորելու համար երկրին անդորրն ու ժողովուրդին անվտանգութիւնը։ Այդ պայքարի յաջողութեան հիմնական գրաւականն է հանրային կարծիքի զօրակցութիւնը։ Ներկայ դրութեամբ, այն ինչ որ կ՚ապրուի երկրին շուրջ, ժողովուրդին մօտ ամէն ինչ կը բիւրեղացնէ, կը դարձնէ անվիճելի։ 

Միասնականութիւնը կը մնայ հիմնական ապաւէնը եւ նախապայմանը՝ ահաբեկչական փորձանքը յաղթահարելու համար։  

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2016