Պոլսահայ կրթական կեանքը վերակազմակերպելու հրամայականը

Պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս անփոփոխ առաջնահերթութիւն է կրթական բնագաւառը։ Ասով հանդերձ, ատեն-ատեն գետի նման կը վարարին վէճեր, որոնց բերումով նիւթական խնդիրները կը վերածուին հրատապ օրակարգի։ Համբարձման սեղանին ընթացքին Պետրոս Շիրինօղլուի ունեցած ելոյթը վերջին օրերուն ծնունդ տուած է նման վէճի մը։ Բնականաբար, գաղափարները միշտ բաց պէտք է ըլլան քննարկման, սակայն այստեղ կայ կարեւոր նրբութիւն մը։ Կրթական բնագաւառը որքան որ ալ մեր համայնքէ ներս համատարած զգայնութեան առարկայ ըլլայ, վերջին հաշուով մասնագիտական է իր էութեամբ ու դպրոց կառավարելը գործնական փորձառութեան կը կարօտի իր բնոյթով։ Ակնյայտ ճշմարտութիւն է, որ պոլսահայ կրթական կեանքը այժմ վերակազմակերպուելու հրամայականի մը դէմ յանդիման կը գտնուի։ Մեր վարժարանները, ընդհանրապէս, կրթական համակարգը բարեփոխումի մը պէտք է ենթարկուին։ Սա կ՚ենթադրէ բազում երեսակներով գործ մը։

Սկզբունքօրէն, մեր դպրոցները կը պայմանաւորեն մեր համայնքի ապագան։ Մեր վարժարանները պէտք է հասցնեն այնպիսի դիմագիծով մարդիկ, որոնք ապագային գործօն պէտք է դառնան մեր համայնքի, մանաւանդ նոր սերունդի ինքնութեան պահպանման։ Ներկայիս մեր վարժարանները հեռու են այդ նպատակին ծառայելէ, իբր այդ բարեփոխման, վերակազմակերպման հրամայական մը գոյութիւն ունի պոլսահայութեան հաւաքական օրակարգին վրայ։ Ինչպէ՞ս պիտի պատրաստուի այս համայնքի ապագայ մարդուժը։ Ինչպէ՞ս պիտի յղկուի պոլսահայ ապագայ հոգեւորականը, կրթական մշակը, խմբագիրը, եւ այլն։ Ոեւէ մէկը չունի կախարդական դեղագիր մը։ Խնդիրը պիտի լուծուի այս համայնքի ընդհանուր ջանքերով, մտային հաւաքական վարժանքով ու մանաւանդ ընդհանուրի կամքով։ Մեր կրթական կեանքի վերակազմակերպումը պէտք է պատրաստել բազմաթիւ տուեալներու հիման վրայ։ Ժողովրդագրական ու նիւթական պայմաններէ սկսեալ, մինչեւ ուսուցիչներ հասցնելն ու թէկուզ դպրոցներ կառուցելը բազմաթիւ երեսակներ ունի այս հարցը։ Աւելորդ է ըսել, որ դժուարին ու համբերատար գործընթացի մը մասին է խօսքը։

Մեր համայնքի այսօրուան ընդհանուր վիճակը լաւատեսութիւն չի ներշնչեր այդպիսի դժուարին ու համբերատար գործընթաց մը յառաջ տանելու առումով։ Մեր հաւաքական կեանքէն ներս նոր ժամանակներու պայմաններով կը հասուննան նոր կարիքներ։ Եթէ մեր դպրոցները ի վիճակի չըլլան դիմագրաւելու այդ կարիքները, ապա հասկնալիօրէն մեր երիտասարդութիւնը պիտի փնտռէ այլընտրանքային միջավայրեր եւ ուծացման հարցը անշրջադարձելի պիտի դառնայ միանգամընդմիշտ։ Այսօր-ւան պայմաններով, մեր բոլոր վարժարանները կը ջանան առանձին եղափոխութիւններ կազմակերպել իրենց համար եւ արդիւնքը կ՚ըլլայ յուսահատութիւն։ Արդարեւ, առանձին այդ ջանքերուն բերումով մեր դպրոցները կամայ թէ ակամայ կը հեռանան հայկականութենէ եւ առանձնայատկութիւններէ հրաժարած բոլոր հաստատութիւններուն նման կը տկարանան ու կը դադրին մրցունակ ըլլալէ։ Այս է պատճառը, որ այսօր անհրաժեշտ է հաւաքական ոստում մը։ Հաւաքական ջանքով մը պէտք է որոնել մեր վարժարաններու ապագան։

Այս դժուարին ճանապարհին վրայ հեռու պէտք է մնալ անձնաւորուած մօտեցումներէ եւ անձերը թիրախ ընտրելէ։ Մեր համայնքը մտային մեծ վարժանքի մը կարիքը ունի։ Ամէն մարդ պէտք է ըսէ իր խօսքը՝ ազատ ու համարձակ։ Ոեւէ մէկը պարսաւանքի պէտք չէ ենթարկուի իր մօտեցումին, տեսլականին կամ պատկերացումին բերումով։ Մեր համայնքը, վերջին հաշուով, պէտք է յաջողի ստեղծել մասնագիտական համակարգ մը՝ որ զանազան հարթութիւններու վրայ արտայայտուած կարծիքները, ցիրուցան գաղափարները հաշուի առնելով, մշակելով պիտի վերածէ հասուն մտքի մը։ Այդ միտքը պէտք է ներառնէ թէ՛ ժողովուրդին զգայնութիւնը, թէ՛ մանկավարժական մասնագիտութիւն եւ թէ վարչատնտեսական հմտութիւն։ Սա պիտի ըլլայ հաւաքական յաջողութեան ճանապարհը։

Հայ դպրոցը շէնք մը չէ, շէնքերու ցանց մըն ալ չէ։ Հայ դպրոցը առաքելութիւն մըն է։ Հասկնալի է, որ հայ դպրոցի դարբնոցէն անցածներ զգացական կապ կ՚ունենան իրենց կրթուած հաստատութիւններուն հետ, սակայն այժմու հրամայականն է կեդրոնանալ էական հանգամանքներուն վրայ։ Պոլսահայ կրթական համակարգի բարեփոխման հարցը զերծ պէտք է պահուի, պէտք է անպայման խնայուի համայնքային կեանքի ընթացիկ վէճերէն եւ առկայ բեւեռացումներէն։ Անոնք, որոնք կը փափաքին երաշխաւորել հայ դպրոցի ապագան այս համայնքէն ներս, ապա առաջին հերթին պէտք է մտածեն հայ դպրոցը հասարակաց յայտարարի մը վերածելու մասին։ Այլապէս առկայ արիւնահոսութիւնը կը շարունակուի։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Մայիս 18, 2018