Գերադաս արժէքներ
Թուրքիա ճակատագրային իրադարձութիւններու բովով կ՚անցնի։ Հանրապետական շրջանին ստեղծուած ժողովրդավարական բոլոր նախընթացները արդէն փորձաքարի մը դէմ յանդիման մնացած են։ Սուր երկընտրանքներով պայմանաւորուած ժամանակաշրջան մը ձգուած է երկրին առջեւ։
Շաբաթավերջին կասեցուած զինեալ յեղաշրջման փորձը առանցքային նշանակութիւն ունի երկրի ժողովրդավարութեան ապագան կառուցելու տեսանկիւնէն։ Երկար ժամանակէ ի վեր բեւեռացումները կը բնորոշէին Թուրքիոյ օրակարգը, ինչ որ լուրջ խոչընդոտ մը կը համարուէր քաղաքականութիւնը յառաջ տանելու տեսանկիւնէն։ Ներկայիս այնպիսի գերակշիռ գործօն մը ստեղծուեցաւ, որ յանկարծ այդ բոլոր քաղաքական բեւեռացումները ստացան երկրորդական նշանակութիւն։ Երկրի ղեկավարութեան, քաղաքական ու հասարակական շրջանակներուն եւ ժողովուրդին բնազդային հակազդեցութեամբ անդունդի եզրէն փրկուեցաւ երկրին ժողովրդավարութիւնը։
Սա կարեւոր ձեռքբերում մըն է։ Այդ ձեռքբերումը նախախնամական նշանակութիւն կրնայ ունենալ Թուրքիոյ ապագային տեսակէտէ։ Լաւատեսութեան բոլոր հիմքերով հանդերձ, անոր արդարացման համար անշուշտ կան որոշ նախապայմաններ։ Կենսական բոլոր հարցերու շուրջ երկիրը հնարաւորինս պէտք է պահպանէ ներկայ միասնականութեան մթնոլորտը։ Ժողովուրդը տարրական հարցերու շուրջ նուազագոյն ներդաշնակութիւն մը կ՚ակնկալէ քաղաքական գործիչներէն։ Այդ ներդաշնակութիւնը չի նշանակեր հրաժարիլ սեփական համոզումներէն, սակայն միանշանակօրէն կ՚ենթադրէ յարգանք իրարու զգայնութիւններուն նկատմամբ։ Յառաջիկային հարցաքննութիւններու եւ դատավարութիւններու շարան մը առաջնահերթօրէն պիտի զբաղեցնէ երկրին օրակարգը։ Այժմէն կարելի է կանխատեսել, որ աղմկարար պնդումներ, ցնցիչ փաստեր պիտի յայտնաբերուին աստիճանաբար։ Այս բոլորին դիմաց երկիրը պէտք է յաջողի պահել իր ամուր կամքը՝ ժողովրդավարութենէն չհեռանալու վճռակամութիւնը։
Գերադաս արժէքներու ժամանակաւոր հաշիւներէ զերծ պահուիլը պիտի երաշխաւորէ Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան ապագան։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ