ՎԱՐԿԱԾՆԵՐՈՒ ԱՄՓՈՓՈՒՄ
Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) կրթական յանձնախումբը երէկ կէսօրուան ժամերուն ժողով մը գումարեց Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ընդլայնուած կազմով աշխատանք մըն էր այս մէկը։ Յիշեալ յանձնախումբի անդամներուն առընթեր ներկայ գտնուեցան համայնքային վարժարաններէ տնօրէններ, հիմնադրի ներկայացուցիչներ եւ մատակարար մարմիններու պատկան պատասխանատուներ։ Ծանօթ է, որ այս շրջանին համայնքի կրթական կեանքի օրակարգին վրայ է նոր արձանագրութիւններու դրութեան նախատեսուած ընթացակարգը։ Եթէ մինչեւ այսօր աշակերտի թեկնածուներուն ինքնութեան հաստատումը կը կատարուէր Ազգային կրթութեան նախարարութեան եւ անոր ենթակայ բաժանմունքներուն կողմէ, ապա օրէնսդրական վերջին կարգադրութիւններով այդ իրաւունքը վերապահուած է մեր վարժարաններու տնօրէններուն։ Այս կէտին վրայ ան-հըրաժեշտութիւն յառաջացած է, որպէսզի յստակ դրութիւն մը որդեգրուի՝ աշակերտի թեկնածուներու ինքնութեան հաստատման համար՝ որպէս թրքահայ համայնքի անդամ։ Արդարեւ, փոքրամասնական վարժարանները կրնան աշակերտ ընդունիլ բացառապէս իրենց պատկանած համայնքէն։ Նոյնաժամանակ կա-տարուած այլ օրէնսդրական փոփոխութիւններով՝ համայնքի մը պատկանելու չափանիշներն ալ ենթարկուած են որոշ չափով փոփոխութեան, հետեւաբար այս բոլորը մեր կրթական համակարգին առջեւ ստեղծած է տենդագին աշխատանքի մը ստիպողութիւնը։ Այս հանգրուանին յաւելեալ աշխատանք կը պահանջուի կարգ մը մասնաւոր պարագաներու կապակցութեամբ։ Խառն ամուսնութիւններէ ծնած տղոց պարագան այս ամբողջին մէջ կը ներկայացնէ առաջնահերթութիւն, որովհետեւ հետզհետէ կ՚ընդհանրանայ։ Բաց աստի, անցեալի մէջ դաւանափոխ կամ կրօնափոխ եղածներու շառաւիղներուն նկատմամբ վերաբերմունքն ալ յստակեցուելու կարիք ունի։ Անոնց շարքին հայութեան վերադառնալու ձգտում ունեցողներու զաւակներն ալ երբեմն կը դառնան մեր վարժարանները արձանագրուելիք աշակերտներու թեկնածուներու շարքին։
VADİP-ի կրթական յանձնախումբը այս բոլոր հանգամանքներուն լոյսին տակ տարած է բազմակողմանի աշխատանք՝ ուսումնասիրելով օրինական դաշտը, նաեւ հաշուի առնելով մեր ընկերային կարիքները։ Այմ աշխատանքներուն համար ապահովուած է նաեւ Պատրիարքական Աթոռին մասնակցութիւնը։ Երկարատեւ այս գործընթացի լոյսին տակ՝ ծանօթ է, որ վերջերս Պատրիարքարանի մէջ գումարուեցաւ ժողով մը, որու արդիւնքին վերջնական հունի մը մէջ դրուեցան նախատեսուած կարգադրութիւնները։ Պատրիարքարանի ժողովին ընթացքին որոշուած էր բացառապէս Աթոռին կողմէ տրուած մկրտութեան վկայականի տէր տղաքը ընդունիլ իսթանպուլահայ վարժարանները։ VADİP-ի կրթական յանձնախումբը Պատրիարքարանի մէջ առնուած որոշումները գրաւոր ձեւով անմիջապէս փոխանցած է մեր վարժարաններուն։
Երէկուան Ֆէրիգիւղի ժողովին ալ օրակարգը ձեւաւոր-ւած էր այս նոյն առանցքին շուրջ։ Այսինքն, VADİP-ի կրթական յանձնախումբի անդամները փափաքած էին անգամ մըն ալ բանաւոր ձեւով ընդունուած որոշումներուն շուրջ տեղեակ պահել մեր վարժարաններու պատասխանատուները եւ լսել անոնց վերաբերմունքը։ Ժողովի բացման յանձնախումբի համակարգող Նուրհան Փալաքօղլու մէջբերումներ կատարեց նոր օրէնքներէն եւ մանրամասնեց օրէնսդրական կարգադրութիւններով նախատեսուած նոր ընթացակարգը։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Պատրիարքարանի մէջ առնը-ւած որոշումներու մանրամասնութեան եւ ըսաւ, թէ ներկայ հանգրուանին այդ ընդունուած որոշումը պէտք է գործադրել հետեւողականօրէն։ VADİP-ի կրթական յանձնախումբը ընթացքին ձեւաւորած է նաեւ Պատրիարքարանի մէջ առնուած որոշման գործադրութեան դիւրացման հետամուտ խորհրդակցական խումբը, որու կազմին մէջ կայ նաեւ նոյնինքն Պատրիարքարանէն ներկայացուցիչ մը։ Նուրհան Փալաքօղլու տեղեկացուց այդ խումբի ստեղծուած ըլլալուն մասին, սակայն տեղեկութիւններ չփոխանցեց կազմին շուրջ։
Մանրամասն քննարկումներուն ընթացքին տեղեկացուեցաւ, թէ 28 Յունիս 2015 թուականին կատարուած են օրէնսդրական վերջին փոփոխութիւնները, որոնք արդէն կը բնորոշեն նոր սկիզբ մը։ Յառաջիկայ շրջանին մեր վարժարաններու տնօրէնները պիտի ըլլան արձանագրութեան համար հիմնական պատասխանատուն։ Նուրհան Փալաքօղլու դիտել տուաւ, որ ընդունուած օրէնքին մէջ կան կարգ մը խնդրայարոյց հանգամանքներ, մանաւանդ աշակերտի թեկնածուներու ինքնութեան հարցերուն շուրջ։ Օրէնսդրութեան մէջ թէեւ յստակ է, որ մեր վարժարանները կրնան մեր համայնքին տղաքը ընդունիլ, սակայն այդ պատկանելիութեան ստուգման կամ հաստատման առումով կան կարգ մը պղտորութիւններ։ Որոշ պարագաներով այդ պատկանելիութեան չափանիշներու կիզակէտին կը գտնուի ընտանիքը, որոշ պարագաներով ալ՝ նոյնինքն աշակերտի թեկնածուն։ Այս հակասութիւնները անխուսափելիօրէն կրնան ազդել գործադրութեան հանգրուաններուն վրայ։ Հետեւաբար, VADİP-ի կրթական յանձնախումբի անդամները նշեցին, թէ այս փուլին ընդունուած որոշումները պէտք է հաւատարմօրէն գործադրուին, իսկ եթէ ընթացքին անլուծելի խնդիրներ յառաջանան, ապա այդ փորձառութեան ալ լոյսին տակ ամէն ինչ վերատեսութեան կրնայ ենթարկուիլ։ Ժողովի ընթացքին մասնաւորապէս ընդգծուեցաւ, թէ Պատրիարքարանի մէջ որդեգրը-ւած որոշումներու գործադրութեան ճանապարհին ստեղ-ծըւելիք խնդիրները փոխանցուին VADİP-ի կրթական յանձնախումբին։ Առանձնապէս կարեւորուեցաւ ծնողներու եւ տնօրէններու յարաբերութիւններուն մէջ հաւանական խցանումներու կանխուիլը։ Պատկան իշխանութիւններուն կողմէ մեր վարժարաններու տնօրէններուն համար վերապահուած իրաւասութիւնները մեկնաբանուեցան Պատրիարքարանի մէջ ընդունուած որոշումներուն տեսանկիւնէն։ Ժողովականները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան, թէ գործադրութեան հանգրուանին ինչպիսի հանգամանքներ պէտք չէ սպրդին ուշադրութենէ։
Թիւ 5580 օրէնքի 5-րդ գլուխի 3-րդ յօդուածի փոփոխեալ տրամադրութիւններուն լոյսին տակ կատարուած մանրամասն քննարկումներուն ժամանակ թէ՛ VADİP-ի կրթական յանձնախումբի անդամները եւ թէ մեր վարժարաններու պատասխանատուները համակարծիք գտնուեցան, թէ նոր նախատեսուած դրութեան գործադրութիւնը պէտք է դրուի ամուր հիմքերու վրայ, ամէն ինչ պէտք է յառաջ տարուի մարսուած ձեւով, իսկ նոր փոփոխութիւնները ծնողներուն պէտք է մատուցուին մեղմ ու համոզիչ ոճով մը։
Նուրհան Փալաքօղլու ժողովականներու նկատառման յանձնեց, թէ նոր արձանագրութիւններու պարագային նախատեսուած է Պատրիարքարանի մէջ ընդունուած որոշումը։ Այս կէտին վրայ յարաբերաբար թէեւ յստակութիւն մը կար, սակայն նուազ չէին նաեւ հարցականները։ Արդարեւ, 4+4+4 դրութիւնը այժմ գործադրութեան մէջ է եւ անոր իւրաքանչիւր հանգրուանը արձանագրութեան նոր ընթացակարգ մը կ՚ենթադրէ։ Այս պայմաններուն ներքեւ ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Իւրաքանչիւր միջանկեալ հանգրուանը նոր արձանագրութի՞ւն մը պիտի համարուի։ Եթէ աշակերտ մը այդ հանգրուաններէն մէկը բոլորած է առանց մկրտութեան վկայականի, ապա յաջորդ հանգրուանը պիտի համարուի անոր շարունակութի՞ւնը, թէ բոլորովին նոր։ Այս միջանկեալ արձանագրութիւններու հարցին առընթեր, տեսականօրէն նոր արձանագրութիւններու պարագային ալ ածանցուած խնդիրներ կրնան յառաջանալ։ Արդարեւ, այսօր մեր վարժարաններուն մէջ ուսանող եւ մկրտութեան վկայական չունեցող կարգ մը աշակերտներու քոյրերը կամ եղբայրներն ալ կը պատրաստուին ապագային յաճախել նոյն վարժարանները։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց պարագան։ Երէց եղբօր օրինա՞կը պիտի տեւականացուի, թէ ոչ նոր որոշումը պիտի գործադրուի։ Կարգ մը վարժարաններու ներկայացուցիչներ յայտնեցին, որ Պատրիարքարանը նման իրավիճակներու մէջ մկրտութիւնները չի կատարեր անվճար։ Ուրիշ վարժարաններու ներկայացուցիչներ ալ իրենց գործնական փորձառութեան հիման վրայ հերքեցին այդ բոլորը։ Իսկ VADİP-ի կրթական յանձնախումբի անդամները տեղեկացուցին, թէ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ բոլոր երաշխիքները տրուած են՝ անվճար մկրտութիւններու կատարման համար։
Շեշտուացաւ նաեւ, թէ յառաջիկայ շրջանին մեր վարժարանները իրենց կարգադրութիւններով նոր պաշար մը պիտի ձեւաւորեն այս նիւթին շուրջ, ինչ որ ապագային պիտի կատարելագործուի եւ պիտի ունենայ շատ կարեւոր նշանակութիւն։
Ուշագրաւ էր, որ քննարկումներուն ընթացքին մկրտութեան վկայականի անհրաժեշտութիւնը առանձնապէս վերապահութեամբ կ՚ընկալէին ներկայացուցիչները քանի մը վարժարաններու, որոնք մեր կրթական համակարգէն ներս յարաբերաբար աւելի «լուսանցքային» դիրքի մը վրայ կը գտնուին՝ իրենց աշակերտներու սակաւութեամբ։ Ընդհանուր առմամբ, մեր տպաւորութեամբ, իսթանպուլահայ վարժարաններու ներկայացուցիչներուն մեծամասնութիւնը այս փուլին հակուած է հաւատարիմ մնալ Պատրիարքարանի մէջ ընդունուած որոշման ոգիին ու տարրին եւ գործադրութեան հանգրուանին յառաջանալիք խնդիրներն ալ կարգաւորել ճկունութեամբ, առանց հեռանալու օրինականութեան շրջագծէն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Օրակարգի նիւթերը
- 12/09/2024