ՀԵՌԱԿԱՅ ԴՐՈՒԹԻՒՆ

Իր ամբողջութեան մէջ, իր բնոյթով, կեանքը կրթութեան, դաստիարակութեան ու մարզումի գործընթաց մըն է։ Մարդ արարածը իր ամբարած գիտելիքներով ու փորձառութեամբ կ՚ապրի իր կեանքը։ Աշակերտութեան շրջանի աւարտով չի վերջանար ամէն ինչ։ Իւրաքանչիւր շփում, իւրաքանչիւր փորձառութիւն աշխարհի վրայ արձանագրուած իւրաքանչիւր նորութիւն այդ գործընթացի բաղկացուցիչները կը համարուին։ Իր ապրածով, տեսածով, լսածով, արտադրածով՝ մարդ արարածը միշտ կը կրթուի, կը դաստիարակուի ու կը մարզուի։ Պատմութեան բոլոր ժամանակներուն կրթութիւնը եղած է մեծ ու կարեւոր, առաջնահերթ գործ մը։ Կրթական համակարգը միշտ կատարելագործուած է եւ անոր կատարելագործումը յաջորդ քայլափոխին պայմանաւորած է նաեւ մարդկութեան ընդհանուր յառաջընթացը։ Պատրաստուած մարդուժը բոլոր ժամանակներուն, բոլոր հասարակութիւններու մէջ ունեցած է կարեւոր նշանակութիւն։ Կրթական գործը որքան որ ալ եղած է հրատապ, միշտ կազմակերպուած է տուեալ ժամանակաշրջանի հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ։ Յատկանշական է նաեւ, որ այդ ամբողջին մէջ միշտ առանձնայատուկ տեղ զբաղեցուցած են նաեւ ինքնուս մարդիկ կամ բացառիկ ձիրքերու տէր անձնաւորութիւններ։ Միշտ չէ, որ հանճարները հասած են դպրոցներէ կամ համալսարաններէ։ Սա անշուշտ չի նշանակեր անոնց կարեւորութիւնը ստորագնահատել, սակայն կ՚ապացուցանէ, որ պայմանները ինչ որ ալ ըլլան՝ ուսման, կրթութեան, դաստիարակութեան ձգտումը անխափանելի է։ Մարդիկ կրնան ապահովել իրենց մտաւոր զարգացումը՝ յաղթահարելով ամէն տեսակ դժուարութիւն եւ օգտագործելով ամէն տեսակ հնարաւորութիւն։ Այլ խօսքով, կրթութիւնը կեդրոնացումի մը հարց է։

Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած առկայ մթնոլորտին մէջ կրթութեան հարցերը միշտ խոշորացոյցի տակ են։ Դասական առումով կրթութեան ընթացքը խափանուած է, որովհետեւ աշակերտները դպրոց չեն մեկնիր, նստարաններու վրայ քով քովի չեն իրենց դասընկերներուն հետ, անզէն աչքով չեն տեսներ իրենց ուսուցիչները, դատարկ են նստարանները, դպրոցներու շէնքերը։ Բայց եւ այնպէս, հեռակայ դրութեամբ կը շարունակուի կրթական գործը։ Թէ՛ աշխարհի եւ թէ Թուրքիոյ մէջ նոր թափ մը ստացած է առցանց դասաւանդութիւնը։ Պոլսահայ կրթական համակարգն ալ ներկայիս կը գործէ համաճարակի դէմ պայքարի միջավայրին պարտադրած պայմաններով։ Մեր համայնքային վարժարանները տեսակապով ուսուցում կ՚իրականացնեն։ Առցանց ուսուցման շնորհիւ անոնք կը ջանան հնարաւորինս կանխել իրենց աշակերտներուն տուժելը, անոնց ներմուծուած գիտելիքներու կաղացումը։ Պաշտօնական մարմինները քննութիւններու համար նոր հաւանական ժամանակացոյցներ կը հրապարակեն։ Լիսէական աշակերտներու պարագային, անշուշտ, տեսակապով ուսուցումը յարաբերաբար աւելի գործնական կը դառնայ՝ աշակերտներու տարիքով պայմանաւորուած հասունութեան բերումով։ Յամենայնդէպս, բոլոր դասարաններու պարագային մեր վարժարաններու տնօրէնութիւնները եւ ուսուցչական կազմերը ի գործ կը դնեն իրենց առաւելագոյնը։

Համաճարակի դժուարին օրերուն պոլսահայ կրթական համակարգը կը գործէ մեր նոր սերունդին համար նոր հնարաւորութիւններու պատուհաններ բանալու առաջադրութեամբ։ Բոլորը կը դիտարկեն, որ հեռակայ կրթութեան գործընթացը հեռանկարային է։ Անշուշտ, մէկ օրէն միւսը, անմիջապէս պիտի չփոխուի ամէն ինչ։ Բայց եւ այնպէս, համաճարակի յաղթահարումէն վերջ ալ այս շրջանի փորձառութիւնը պիտի դառնայ ձեռքբերում մը։ Ուստի, պոլսահայ կրթական համակարգին տեսակէտէ այս շրջանը շատ ուսանելի կրնայ դառնալ՝ ապագային հեռակայ ձեւաչափով դասընթացքներ վարելու, հեռակայ ձեւով կրթական առաքելութիւնը յառաջ տանելու տեսակէտէ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2020