ՄՇՏԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ
Դպրոցները շուտով պիտի բացուին։ Այս տարի թէեւ սովորականէն քիչ մը աւելի ուշ, սակայն եկած-հասած է 2015-2016 կրթական շրջանի վերամուտը։ Համայնքային կեանքն ալ վերստին թափ կ՚առնէ վերամուտով։ Սա, անշուշտ, զուտ ընկերային երեւոյթ մը չէ կամ եղանակներու հոլովոյթին բերած պարտաւորութիւնը։ Հարցը քիչ մը աւելի խորքային է այստեղ։
Կրթութեան բնագաւառը մշտական առաջնահերթութիւն մըն է թրքահայ համայնքին տեսակէտէ, իր ծաւալուն օրակարգով։ Սերունդներ կերտելու առաքելութեան ճանապարհին մեր կրթական համակարգը դէմ յանդիման է լուրջ փորձաքարերու։ Մեր վարժարանները այսօր կը դիմագրաւեն լուրջ մարտահրաւէրներ՝ արդիական ուսում մը ջամբելու, ինքնութեան փոխանցման եւ ծնողներու ակնկալութիւններու խաչմերուկին վրայ։ Բնականաբար, մեր կրթական համակարգին կողմէ կը գործադրուի մեծ ճիգ, որու առիւծի բաժինը կը ներդնեն մեր տնօրէնները։
Վերամուտին ընդառաջ, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այս տարի տեսակցութիւն մը ունեցաւ մեր հինգ լիսէներու տնօրէններուն հետ։ Այսպէս, թերթիս խմբագրատան երդիքին տակ հիւրընկալուեցան՝ Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, Սահակեան-Նունեան վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Մաթոսօղլու, Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան եւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէն Արմէն Սարուխանեան։ Շատ հաճելի ու նոյնքան բովանդակալից հանդիպում մըն էր այս մէկը։ Միեւնոյն ժամանակ, մեր տեսանկիւնէն, եզակի հնարաւորութիւն մըն էր այս շահեկան հարցազրոյցը։ Արդարեւ, հինգ տնօրէնի մասնակցութեամբ խտացեալ քննարկում մը ծաւալեցինք՝ զրուցելով մեր կրթական կեանքի գրեթէ բոլոր առանցքային հարցերուն շուրջ, կազմելով ամբողջական պատկերացում մը ու վերահասու դառնալով մեկնաբանութիւններուն։ Ուրեմն, այսօրուընէ սկսեալ եռօրեայ յօդուածաշարքի մը ձեւաչափին մէջ կը ներկայացնենք այս հարցազրոյցը, որու սղագրութիւնը մեր տնօրէններու խորհրդածութիւններուն ու դիտարկումներուն ամփոփումն է եւ վաւերական նշանակութիւն ունի անոնց պրիսմակէն մեր կրթական կեանքին համայնապատկերը բիւրեղացնելու տեսանկիւնէն։
*
Ակնյայտ է, որ մեր վարժարանները ունին, ըստ էութեան, երկու տեսակ խնդիր։ Առաջինը՝ այն հարցերը, որոնք կախում ունին պետութեան կարգադրութիւններէն, վերաբերմունքէն ու քայլերէն։ Երկրորդը՝ այն հարցերը, որոնք ծնունդ կ՚առնեն մեր համայնքի ներքին տինամիքներէն։ Երկար տարիներէ ի վեր Թուրքիոյ մէջ կ՚ապրուի կրթական ոլորտի բարեփոխումներու շարունակական գործընթաց մը։ Յաճախ կ՚առնուին իրերամերժ որոշումներ։ Այս բոլորը կ՚անդրադառնան ինչպէս երկրի բոլոր կրթական հաստատութիւններուն, այնպէս ալ մեր վարժարաններուն գործունէութեան վրայ։ Իսկ համայնքի ներքին տինամիքներէն ծնունդ առած հարցերն ալ թէեւ այդքան յարափոփոխ չեն, սակայն շարունակականութեան առումով չեն զիջեր միւսներուն։ Այս բոլորին շուրջ տնօրէնները իրենց կարծիքը կը բանաձեւեն հետեւեալ արտայայտութիւններով։
ԱՐՄԷՆ ՍԱՐՈՒԽԱՆԵԱՆ. «ՁԵՒ ՄԸ ՉԵՆՔ ԳՏԱԾ ՃԳՆԱԺԱՄԵՐԸ ԿԱՌԱՎԱՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ»
Արմէն Սարուխանեան. «Անորոշութիւնը ժխտական ազդեցութիւն կը գործէ մեր աշխատանքին վրայ։ Ընդհանրապէս, կը տառապինք համակարգային խնդիրներէ, դրութեան փոփոխութիւնները կ՚ապրուին շատ յաճախ։ Իսկ մենք պատրաստ չենք շարք մը փոփոխութիւններու համար։ Ձեւ մը չենք գտած ճգնաժամերը կառավարելու համար։ Միասնական գործելաոճ մը չունինք։ Ներքին կազմակերպութեան իմաստով մեր համայնքին պակասները կը յառաջացնեն բարդութիւններ։ Դժբախտաբար, բոլորս իրարմէ փրթած ձեւով կ՚աշխատինք եւ այս պայմաններուն ներքեւ իւրաքանչիւրս կ՚ազ-դըւինք բացասաբար, չենք կրնար յառաջխաղացում ունենալ»։
ԹԱԼԻՆ ՄԱԹՈՍՕՂԼՈՒ. «ՄԵՆՔ ՉՈՒՆԻՆՔ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԿԱՄ ՊԵՏԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՆՄԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ»
Թալին Մաթոսօղլու. «Երկրին մէջ գոյութիւն ունին մասնաւոր վարժարաններ, որոնք նիւթական անսահմանափակ հնարաւորութիւններու տէր են եւ շնորհիւ այդ կարելիութիւններուն կ՚ընեն իրենց ուզածը, իրենց նախընտրութիւններուն համաձայն ուղղութիւն կու տան դպրոցներու գործունէութեան։ Երկրին մէջ կան նաեւ պետական վարժարաններ, որոնք ալ, իրենց հերթին, ունին իրենց առաւելութիւնները։ Անոնք կրնան իրենց ուսուցիչները պաշտօնի կոչել՝ իրենց որդեգրած նախապատուութիւններուն համապատասխան։ Մեր վարժարաններուն պարագան տարբեր է անոնցմէ։ Մենք չունինք այդ երկուքին ալ ունեցած հնարաւորութիւնները կամ առաւելութիւնները։ Հետեւաբար, մենք մեր գործը կը կատարենք ծայր աստիճան դժուար հաւասարակշռութիւններու մէջ»։
ՍԱԹԵՆԻԿ ՆՇԱՆ. «ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՊԱԿԱՍ ՄԸՆ Է ՄԵՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԿԱՆՈՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԵՆԱԼԸ»
Սաթենիկ Նշան. «Հիմնական խնդիրներէն մին այն է, որ մեր վարժարանները նոյնիսկ չունին կանոնագրութիւն մը։ Տարուած աշխատանքները ցարդ մնացած են ապարդիւն։ Աւելի՛ն, մարդ ալ չկայ, որ հետապնդէ այդ կանոնադրութեան ընդունման հարցը։ Համայնքէն ներս կը տիրէ անկազմակերպ կացութիւն մը։ Զգալի է ընդհանուր թերահաւատութիւն մը։ Ուսուցիչները, վարչայինները, աշակերտները, ծնողները՝ բոլորը ունին խնդիրներ, բոլորը կը յայտնեն անհանգստութիւններ։ Անոնց յարաբերութիւնները վերստին կանոնակարգուելու կարիք ունին՝ նոր շունչով ու թարմ եռանդով մը, որպէսզի թօթափենք առկայ թերահաւատութեան մթնոլորտը։ Թուրքիոյ մէջ զարգացման, դաստիարակութեան իրականութիւնը բոլորովին տարբեր է ունեւորներու եւ համեստներու պարագային»։
ԵՒԱ ՕՐԱԳԵԱՆ. «Ի ՎԻՃԱԿԻ ՉԵՆՔ ՀԱՄԱՐԺԷՔ ՁԵՒՈՎ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵԼՈՒ ՕՐԷՆՍԴՐԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ»
Եւա Օրագեան. «Մենք ոչ միայն ի վիճակի չենք տագնապները կառավարելու, այլ նաեւ չունինք նոյնիսկ հինգ տարուան ծրագիր մը։ Յարափոփոխ վիճակի մը մէջ կը գոյատեւենք։ Իւրաքանչիւր հարուածէ կամ ցնցումէ վերջ պարտաւոր ենք վերսկսելու ամէն գործի։ Շատ օրինակներ կրնանք տալ։ Մենք որոշումներ կ՚ընդունինք առաջին հերթին կորուստ չունենալու համար։ Թէ՛ համեստ են մեր տղոց կարողութիւնները եւ թէ սահմանափակ՝ մեր հաստատութիւններուն հնարաւորութիւնները։ Շարունակ որոնումներու մէջ ենք բոլորս։ Մեր դպրոցները ի վիճակի չեն համարժէք ձեւով արձագանգելու օրէնսդրական փոփոխութիւններուն։ Մեր ծնողները ունին նիւթական հարցեր, որոնց հետեւանքով նոյնիսկ կը խուսափին մեզի մօտենալէ, մեզի հետ շփուելէ։ Շատ են նաեւ կրթական հարցերը։ Աշակերտներու խնդիրներ ալ ունինք՝ որակեալ մարդուժի առումով։ Մեր համայնքի լաւագոյն տղաքը չեն յաճախեր մեր վարժարանները։ Իսկ մեզի նախընտրածներուն ծնողները ամէն ինչ կ՚ակնկալեն դպրոցէն»։
ՍԻԼՎԱ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ. «ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՄԸ ՉՈՒՆԻՆՔ, ՀԱԿԱՌԱԿ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԱԾ ԲՈԼՈՐ ՋԱՆՔԵՐՈՒՆ»
Սիլվա Գույումճեան. «Ուսումնական խորհուրդ մը չունինք։ Թէ՛ այս հարցը յաղթահարելու համար կատարուեցան աշխատանքներ եւ թէ կանոնադրութեան խնդրին լուծման համար դիմում կատարուեցաւ նախարարութեան մօտ։ Որեւէ արդիւնք չեղաւ։ Մարդուժի եւ նիւթականի մեծ պակաս ունին մեր վարժարանները։ Ճիշդ է, որ կազմակերպուած չենք, բայց նորէն ալ դպրոցները կը մնան մեր ամենալաւ կազմակերպուած կառոյցները։ Եթէ փորձենք ըլլալ լաւատես, ի վերջոյ պիտի ընդունինք, թէ այսքան տարուան անխաթար ընթացք մը գոյութիւն ունի։ Միթէ աւելի լա՞ւ կացութեան մէջ են համայնքին միւս բջիջները։ Մենք քով քովի գալով բան մը չենք ըներ։ Հիմա առանց աւելի ուշանալու պէտք է բան մը ընել այս ուղղութեամբ»։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Օրակարգի նիւթերը
- 12/09/2024