ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏՈՒԹԻՒՆԸ
Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձն է, իսկ երէկ եզրափակուեցաւ Համաշխարհային հայկական Բ. գագաթաժողովը, որ չորս օրէ ի վեր ընթացքի մէջ էր Երեւանի մէջ։ Այս զուգադիպութիւնը ուղղակի պայմանաւորեց համահայկական հաւաքի մասնակիցներու հրաժեշտի տրամադրութիւնը։
«Մերիտիան» կեդրոնի եռօրեայ աշխատանքի աւարտին մասնակիցները արձանագրեցին բազում հում միտքեր, որոնք յառաջիկային կրնան հասարակաց յայտարարներու վերածուիլ ու կրնան խմորուիլ տեղական առանձնայատկութիւններու լոյսին տակ։ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան հորիզոնին վրայ ներկայիս կարեւոր նշանակութիւն կը ստանայ փոխադարձ պատասխանատուութիւններու չափաբաժնի հաւասարակշռումը՝ բոլոր կենսական ուղղութիւններով։ Հաւաքի օրերուն առաջնահերթօրէն շեշտը դրուեցաւ այն հանգամանքին վրայ, թէ ընդհանրապէս հայ իրականութենէն ներս պէտք է բարձրացնել արդիւնաւէտութեան մակարդակը։ Համազգային ձգտումներու արդի պատումն ու բանաձեւումները կը բիւրեղանան՝ մասնագիտական ներուժի արժեւորման եւ յաւակնոտ ու մրցունակ ներդրումային միջավայր մը ստեղծելու առանցքներուն շուրջ։ Համազգային հարթութեան վրայ հետզհետէ կը ձեւաւորուի նոր օրակարգ մը, որու առաջադրանքները կ՚ենթադրեն առկայ տուեալներու պակասի յաղթահարումն ու թուային շտեմարաններու հաստատումը, որպէսզի առարկայական հիմքերու վրայ եւ յստակ բանաձեւուած մեկնակէտով նորովի գործի անցնելու կարելիութիւններ ստեղծուին։
Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան վերաբերեալ վերջին տասնամեակներուն կազմակերպուած բոլոր մեծ հաւաքները ունեցած են թէ՛ նմանութիւններ եւ թէ տարբերութիւններ։ Առանց բացառութեամբ, այդ բոլոր հաւաքներու ժամանակ առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկած էր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Այս անգամուան համաժողովի հիմնական տարբերութիւնը արդէն կէտին վրայ էր։ 44-օրեայ պատերազմէն եւ ուղիղ տարի մը առաջ Արցախի վերջնական հայաթափումէն վերջ, այս անգամուան հաւաքի ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը լուսարձակի տակ չէր։ Գործնականին մէջ, բոլորին տեսակէտէ տխուր էր ընդունիլ, թէ արդէն առանձնապէս շատ բան չէր մնացած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ խօսելու համար։ Այս հանգամանքը, հասկնալիօրէն, չբարձրաձայնուեցաւ, սակայն, Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ շատ սահմանափակ խօսակցութիւններն ալ կը վերաբերէին միայն բռնի տեղահանեալներու կարիքներու հասցէագրման կամ դիմագրաւման հարցերուն։ Արցախի հիմնախնդրին փոխարէն, այժմ արդէն շատ աւելի հրատապ դարձած է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, որու կապակցութեամբ Երեւանի ղեկավարութեան բարձր մակարդակի ներկայացուցիչները համաժողովի օրերուն մանրամասն բացատրութիւններ տուին։
Այս անգամուան հաւաքի միւս հիմնական առանձնայատկութիւններէն մին ալ այն էր, որ պատմական խնդիրներու եւ մանաւանդ՝ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի շուրջ խօսակցութիւնները շատ սահմանափակ էին։ Արդարեւ, Հայաստանի ներկայ ներքին քաղաքական համայնապատկերին վրայ իշխանութիւնները եւ Դաշնակցութիւնը նոյն ճամբարին մէջ չեն գտնուիր, այլ ընդհակառակն։ Նկատի ունենալով, որ Դաշնակցութիւնը ներկայիս ընդդիմութեան մաս կը կազմէ՝ արդէն սփիւռքէն այդ կուսակցութեան շրջանակներէն մասնակցութիւնը գրեթէ զերոյական մակարդակի վրայ էր։ Նախկին խորհրդաժողովներուն պատմական խնդիրներուն նկատմամբ առաջնահերթ ուշադրութիւն կը ցուցաբերուէր՝ մասնաւորապէս հաշուի առնելով սփիւռքի դաշնակցական շրջանակներուն առաջնահերթութիւնը։ Իսկ այս անգամ համաժողովի օրակարգին կառուցուածքը արդէն տարբեր էր, քննարկումները տարբեր դրուածք մը ունէին։ Անշուշտ, սկզբունքային շեղումներու վերաբերեալ տպաւորութիւն մը չստեղծուեցաւ, սակայն, այս նորութիւնը առիթ ընձեռեց, որպէսզի մինչեւ մօտաւոր անցեալը կամայ թէ ակամայ երկրորդական դասուած այլ բազում նիւթեր օրակարգի վրայ գան համահայկական հարթութեան վրայ։
Շատ հետաքրքրական էր նաեւ Հայաստանի այժմու ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ անվտանգութեան խնդրի քննարկումներուն շուրջ կատարուած խորհրդածութիւնները։ Արդարեւ, ներքին անվտանգութեան անուանումին ներքեւ կատարուած խորհրդածութիւնները առանձնապէս ուշադրութեան առարկայ էին։ Այսպէս, եթէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բացման փուլին շատ աւելի մեղմ խորհրդածութիւններով հանդէս եկաւ, ապա իշխանութիւններու միւս բարձրաստիճան ներկայացուցիչները քննարկումներու տեւողութեան շատ աւելի արմատական արտայայտութիւններ կամ միտքեր ներկայացուցին մասնակիցներուն։ Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ զգալի դարձաւ նաեւ, որ այսօր ձեւով մը ներքին անվտանգութեան տեսակէտէ խնդիր մը կը համարուի երկրէն ներս իշխանափոխութեան հաւանականութիւնը։ Անշուշտ, սփիւռքի ներկայացուցիչները սկզբունքօրէն պէտք չէ շատ ներգրաւուին Հայաստանի ներքին քաղաքական խնդիրներուն մէջ, սակայն, երկրի ժողովրդավարութեան ընթացքին տեսակէտէ անանտեսելի հանգամանք մըն էր այս դիտարկումը։
Անցեալի հաւաքներուն բաղդատմամբ այս անգամ ուշագրաւ էր նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն բացակայութիւնը։ Ինչպէս երկու տարի առաջ կազմակերպուած գագաթաժողովին՝ այս անգամ ալ եկեղեցականներ մասնակցութիւն չբերին համահայկական այս հաւաքին։ Այսպէսով, երկրորդ գագաթաժողովին վրայ ալ անդրադարձաւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու առկայ անհաղորդ վիճակը։ Յամենայնդէպս, ուախառիթ էր, որ այս ուղղութեամբ ծայրայեղութիւններ չեղան, մանաւանդ, որ վարչապետ Փաշինեան իր ելոյթին մէջ բացարձակապէս չանդարդարձաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ իր ունեցած առկայ տարակարծութիւններուն, ինչ որ նուազագոյնը կրնար համարուիլ իրատես հաշուարկներով այժմու պայմաններուն ներքեւ։
Հայաստանի ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ աշխատանքային օրերու ողջ տեւողութեան տրուած պատգամներուն մէջ առանձնապէս կարեւոր էր այն հանգամանքը, թէ հասարակական, ընկերային կամ այլ բնագաւառներու ոստումները կը ծրագրուէին՝ միշտ օրատերկրեայ կամ միջազգային մասնագիտական շրջանակներու ներգրաւման ձգտումով։ Նախատեսուած բարեփոխումներու հիմքին ալ դրուած էր միջազգային շրջանակներու հետ համագործակցութեան արդիւնքը կամ անոնց կողմէ տրուած խորհուրդները, անոնց փորձառութեան արժեւորումը, ինչ որ որպէս ընդգծեալ փափաք տեսանելի կը դառնար ու անոնց նկատմամբ մեծ նշանակութիւն կը վերագրուէր։ Նոյն տրամաբանութեան մէջ, գագաթաժողովին հրաւիրուած էին նաեւ շարք մը երկիրներու այն բարձրաստիճան պաշտօնատարները, որոնք տուեալ պետութեան եւ տուեալ ժողովուրդի սփիւռքին յարաբերութիւնները կը համակարգեն։
Հաւաքի ընթացքին միշտ օրակարգի վրայ էր Հայաստանը ներդրումներու տեսակէտէ գրաւիչ դարձնելու, ներդրումներու համար երկրէն ներս յաւակնոտ միջավայր մը ձեւաւորելու նիւթը։ Սա ներկայիս իսկապէս առաջնահերթութիւն մըն է եւ այս նպատակով բազմաթիւ աշխատաքներ կը տարուին։ Ուշագրաւ էր, որ նոյնիսկ շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ գործարար աշխարհի վերաբերեալ արտայայտուելու ժամանակ կ՚ընդգծէին, թէ սփիւռքի հետ համագործակցութեան պարագային ամէն ինչ պետութենէն որքան որ հեռու ըլլայ՝ այնքան աւելի լաւ կրնայ ըլլալ արդիւնքը։ Այսօր Հայաստան մէկ կողմէ կը դիմագրաւէ գոյաբանական մարտահրաւէրներ, իսկ միւս կողմէ, որպէս ձեռքբերում՝ թէ՛ աշխարհին եւ թէ սփիւռքին կը ներկայացնէ վերջին շրջանի կարգ մը ոստումները, որոնցմէ հիմնականը անջրպետ ուղարկուած արբանեակն է։ Սա այնպիսի խորհրդանշական իմաստ ունի, որ ներկայիս լաւատեսութիւն մը կը ստեղծէ մասնաւորապէս՝ կրթութեան մէջ արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղութեամբ։ Ներդրումներու միջավայրի բարելաւման շրջանակին մէջ կարեւոր է նաեւ այլ հանգամանք մը, որ պայմանաւորուած է Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ այսօր յառաջ քշուած ձեռներէցներու ներկայացուցած կերպարը։ Արդարեւ, հաւաքի օրերուն անթաքոյթ նշուեցաւ, որ այլեւ գործարար աշխարհէն ներս քրէախառն միջավայր մը գոյութիւն չունի, սակաւապետական մտածելակերպը յաղթահարուելու վրայ է եւ այս համայնապատկերին վրայ ծանօթացուեցան նոր գործարարներ, որոնք տարբեր դիմագիծ մը կը ներկայացնէին։ Անոնց մարմնաւորած կերպարին մէջ ուշագրաւ էր նաեւ այն հանգամանքը, որ արդէն այդ ձեռներէցները կարգ մը ընտանիքներու, կարգ մը գերդաստաններու ներկայացուցիչները ըլլալու հանգամանքը կ՚ընդգծէին բոլորին առջեւ։ Գործարար կեանքէ ներս իբրեւ յաջողութեան գործօն անոնք կը մատուցէին իրենց ընտանեկան ներքին համերաշխութիւնը եւ համագործակցութիւնը։
Այս նոյն կէտէն սկսեալ ուշագրաւ էր նաեւ դիտարկել աշխատանքային օրերուն ընթացքին բարեսիրութեան խնդիրներուն կատարուած ակնարկութիւնը։ Արդարեւ, պատմութենէն ծանօթ է, որ հայ իրականութեան մէջ բարեսիրութիւնը միշտ ունեցած է ազգը պահելու, ժողովուրդը համախումբ պահելու առաջնահերթութիւնը՝ բազում արհաւիրքներու ծանր հետեւանքներու յաղթահարման ճանապարհին։ Համաժողովի օրերուն պարզ դարձաւ, որ այսօր ներկայացուած գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչները եւս հետամուտ են բարեսիրութիւն կատարելու, կը հաստատեն բարենպատակ հիմնարկներ կամ հիմնադրամներ, որոնք նոյնպէս կեանքի կը կոչեն շարք մը ծրագրեր։ Յամենայնդէպս, անոնք գագաթաժողովի մասնակիցներու նկատառման յանձնեցին, որ այսօր ալ Հայաստանի մէջ բարեսիրութիւնը առաջին հերթին ուղղուած է ազգը պահելու նպատակին՝ մանաւանդ, որ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ շատ ծանր պայմաններ կը դիմագրաւուին բոլոր հարթութիւններու վրայ։
Գագաթաժողի ընդհանուր դրուածքին մէջ Հայաստանի անվտանգութեան խնդիրները չորս հիմնական առանցքի շուրջ մատուցուեցան։ Առաջինն էր՝ ռազմականը, երկրորդը՝ մարդուժը, երրորդը՝ տնտեսութիւնը եւ ի վերջոյ չորրորդը՝ փափուկ ուժը։ Այս չորրորդ հանգամանքը, ըստ երեւոյթին, առաջնահերթօրէն կը հետաքրքրէ նաեւ սփիւռքը եւ գործնական տեսակէտէ ամենահեռանկարայինը կրնայ ըլլալ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան տեսակէտէ։ Արդարեւ, փափուկ ուժը առաջին հերթին կը վերաբերի մշակութային բնագաւառին, Հայաստանն ու հայութիւնը մշակոյթի միջոցաւ միջազգային շատ աւելի բարձր կշիռով գործօններու վերածելու պայքարին։ Այս տեսակէտէ գագաթաժողովի վերջին օրուան քննարկումներուն մէջ կարեւոր տեղ յատկացուեցաւ սփիւռքի ինքնութեան, յարատեւութեան եւ մշակոյթի վերաբերեալ խնդիրներուն։ Այսօր հայկական սփիւռքի մեծ զանգուածներու անհատները դարձած են մեծ քաղաքներու բնակիչներ, որոնք ուրոյն մշակոյթ եւ ինքնութիւն կրող անհատներ են։ Սփիւռքահայերը փոխադարձ ազդեցութիւններու միջավայրին մէջ պէտք է գոյատեւեն եւ այսօրուան պայմաններով արդէն անվիճելի ճշմարտութիւն մըն է, թէ լեզուն պահելը կը նշանակէ ինքնուրոյնութիւնը պահել եւ հնարաւորինս զերծ մնալ ձուլման վտանգէ։ Այսօր հիմնական խնդիրն է, որ հայերէնի վերաբերեալ զգայնութիւնները սկսած են հետաքրքրական դրսեւորումներ կամ արձագանգներ ունենալ։ Որոշ միջավայրերու մէջ հայերէնի վերաբերեալ զգայնութիւնը կ՚ընկալուի որպէս հայկական ազգայնականութիւն, իսկ այլ պարագաներով հայերէնի վերաբերեալ զգայնութիւնը կը նկատուի ոչ-հայախօսներու դէմ խտրականութիւն։ Երբ խնդիրը այսպիսի ծայրայեղ համեմատութիւններու հասած է, արդէն հասարակաց յայտարարութիւններ գտնելու վարժանքին տեսակէտէ գագաթաժողովի քննարկումները եղան հետաքրքրական։ Արդարեւ, հայերը կրնան հայոց լեզուն խօսիլ, իրենց մայրենի լեզուն խօսիլ՝ առանց որեւէ ուրիշ բանի ի հաշիւ։ Այժմու կլոպալ աշխարհի հնարաւորութիւններէն՝ նուազագոյն տուժելով առաւելագոյնս օգտուելու միջոցը կը համարուի լեզուի իմացութիւնը։ Արդարեւ, համահարթեցման ներկայ ժամանակներուն ինքնուրոյնութիւն պահելու հիմնական գործօնը դարձած է լեզուի իմացութիւնը։ Միւս կողմէ, բազմաթիւ սփիւռքահայերու փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ իրենց ապրած միջավայրին մէջ վարկ եւ ձգողականութիւն ապահովելու տեսակէտէ նախապայման մըն է ենթամշակոյթին վերաբերեալ հանգամանքներուն խորաթափանց տիրապետելը։ Այլ խօսքով՝ երբ օտար մը հանդիպի հայու մը հետ կամ ճանչնայ անձ մը, որ ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս հայ, անմիջապէս այնպէս հաշուի կ՚առնէ, թէ ան բնականաբար կ՚իմանայ հայերէնը։ Այդ կէտէն սկսեալ, տուեալ շփման մէջ ենթամշակոյթի վերաբերեալ բարձր գիտութեան մակարդակը կը սկսի պայմանաւորել տուեալ յարաբերութեան ընթացքը։ Այս ամբողջի լոյսին տակ, գագաթաժողովի եզրափակիչ փուլին բազմաթիւ քննարկումներ կամ կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան սփիւռքի համայնքներու կենսունակութեան մակարդակը բարձրացնելու որոնումներուն ի շարունակութիւն։ Նոյն տրամաբանութեան համահունչ էր նաեւ գագաթաժողովի օրերուն հայագիտութեան ոլորտի պարագային արտայայտուած զգայնութիւնը՝ զայն հետզհետէ միջազգայնացնելու ձգտումով հանդերձ։
Եւ այս բոլորէն վերջ, Համաշխարհային հայկական Բ. գագաթաժողովը եզրափակուեցաւ եւ բոլոր մասնակիցները «Մերիտիան» կեդրոնէն առաջնորդուեցան «Զեն» զբօսարանը, ուր մայրաքաղաքի գեղատեսիլ համայնապատկերին վրայ, բացօթեայ երեկոյթի մը ընթացքին թօթափեցին երեք օրերու աշխատանքին ծանրութիւնը եւ փոխադարձ բարեմաղթութիւններով հրաժեշտ տուին իրարու։ Եզրափակիչ երեկոյթի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ երաժշտական յայտագիր։ Բոլոր մասնակիցներու բուռն ծափահարութիւններուն արժանացաւ նաեւ մեներգչուհի Սիպիլը, որ ներկայիս համահայկական հարթութեան վրայ համատարած համակրանք կը վայելէ եւ երէկ իր տպաւորիչ ձայնով հերթական անգամ արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը։
Հարկ է նշել, որ Համաշխարհային հայկական Բ. գագաթաժողովը Պոլիսէն ալ ունէր քանի մը մասնակիցներ, որոնք հետաքրքրութեամբ հետեւեցան ծաւալուած քննարկումներուն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Օրակարգի նիւթերը
- 12/09/2024