Աղէտէն անդին…

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը կը դիմագրաւէ՝ իրերայաջորդ երկրաշարժներու ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած հրատապ մարտահրաւէրներ։ Աղէտը այնպիսի համեմատութիւններու հասած է, որ կարիքները ծով են, միջոցները սուղ, ինչ որ կը գոյանայ, անբաւարար կը մնայ վերջին հաշուով։ Զոհողութիւնն ու լաւ կազմակերպուիլը անհարժեշտ նախապայմաններ են՝ կացութիւնը յաղթահարելու կամ գոնէ կառավարելի սահմաններու մէջ պահելու համար։

Իսթանպուլի մէջ վերջին տարիներուն կը գործեն բազմաթիւ հայրենակցական միութիւններ։ Տեսական կամ գործնական առումով կարելի է երկար խօսիլ այդ մասին, սակայն հիմա հարցը այդ մէկը չէ։ Այդ հայրենակցական միութիւններուն ծայրը կը հասնի բազմաթիւ քաղաքներու կամ շրջաններու, ուր անցեալին հայկական ներկայութիւն եղած է։ Այդ միութիւններու առընչակից գրեթէ բոլոր քաղաք կամ շրջաններու մէջ այսօր հայկական գործող եկեղեցի մը գոյութիւն չունի։ Այսինքն, եկեղեցի մը, որ մաս կը կազմէ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իշխանութեան սահմաններուն։ Գլխաւոր բացառութիւնն է Վաքըֆլըգիւղը, ուր Ս. Աստուածածին եկեղեցին կը գործէ՝ իր շուրջ ունենալով նաեւ համեստ հօտ մը։

Հիմա, երբ Վաքըֆլըգիւղը աւերուած է, սա արդէն նեղ պատկանելիութեան զգացումներէ անդին հարց մըն է։ Այս գիւղը գաւառներու հայկական մնացորդացին ողնայարն է՝ իր սրբավայրով ու ժողովրդագրական ուրոյն վիճակով։ Անտարբերութիւնը աններելի կ՚ըլլայ յաջորդ քայլափոխին։

Վաղը չզղջալու համար այսօր իսկ պէտք է շարժման անցնիլ։ Այնպիսի քայլեր պէտք է առնել, որ աւելի առաջ երբեք չէ առնուած։ Այս պայքարին մէջ առաջին գծի վրայ պէտք է ըլլան հայրենակցական միութիւնները, որոնք ստեղծուած են Իսթանպուլի մէջ։ Անոնք, վստահաբար, իրենց գործունէութիւնը չեն պատկերացներ միայն ժամանցի սահմաններուն մէջ։ Անոնք բոլորը պէտք է ձեռք ձեռքի տան Վաքըֆլըգիւղին համար։ Սա շօշափելի գործ մը կ՚ըլլայ անոնց գոյութիւնը արդարացնելու տեսակէտէ։

Եթէ Վաքըֆլըգիւղի վերակառուցման համար արդիւնաւէտ շարժում մը ծնունդ առնէ, ապա Իսթանպուլի մէջ հայրենակցական միութիւններուն գործունէութիւնը նոր որակ ու ձգողականութիւն կրնայ ստանալ։

Սա արդէն աղէտէն, աղէտի հետեւանքները դարմանելէ անդին՝ կրնայ անկիւնադարձ մը ըլլալ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2023