Փրոֆ. Թանէր Աքչամի կողմէ Երեւանի մէջ արտայայտուած մօտեցումները (3)

Փրոֆ. Թանէր Աքչամի հայկական հարցի վերաբերեալ Երեւանի վերջին խորհրդածութիւններուն շուրջ մեր գրի առած շարքը այսօր կ՚եզրափակենք։ Իր մատնանշած բանալիներու լոյսին տակ հայկական կողմի դիրքորոշումն ալ ուշագրաւ երեւոյթ մը կը պարզէ։

Այո՛, առաջին հայեացքով Աքչամի մօտեցումը կը համընկնի հայկական կողմի վերաբերմունքին հետ։ Այսինքն հայկական հարցը քաղաքական է։ Հայկական կողմն ալ յաճախ կ՚ընդգծէ, որ ցեղասպանութիւնը միջազգայնօրէն ճանաչում գտած, անվիճելի իրողութիւն մըն է, նաեւ հիմնաւորուած գիտականօրէն։

Եւ այդ կէտէն սկսեալ, անշուշտ, շրջանառութեան մէջ կը մտնեն այլ տարբեր հանգամանքներ։ Աքչամի մատնանշած միւս առանցքներն ալ հաշուի պէտք է առնուին այս կէտէն սկսեալ։ Այսինքն՝ Հայաստան բաւարար լծակներ չունի Թուրքիոյ վրայ ազդելու համար եւ հայոց սփիւռքը տկար է, հակառակ ընկալուածին։

Թուրքիա կը նախընտրէ քաղաքական երանգ չտալ հայկական հարցին, սակայն այս նպատակը կը հետապնդէ յստակ քաղաքականութեամբ։ Իր քայլերը կրնան պայմանաւորել հայկական կողմի նախաձեռնութիւնները կամ քայլերը։ Հայկական կողմը ցեղասպանութեան խնդիրը կը համարէ քաղաքական, սակայն այդ նպատակին հասնիլ կը փորձէ խաղի այլ կանոններով, մանաւանդ գիտական հիմնաւորումներով։ Քաղաքականութիւնը ունի իր տրամաբանութիւնը եւ եթէ քաղաքական խնդիր մը գոյութիւն ունի, ապա կողմերը պէտք է վերաբերուին համապատասխանաբար։ Ճիշդ այս կէտին վրայ պէտք է յիշել Թանէր Աքչամի վերջին յայտարարութիւնը, թէ իրենք որքան որ ալ գիրք գրեն՝ Հայաստան բաւարար լծակներ չունի Թուրքիոյ վրայ ազդելու համար։ Եթէ քաղաքականութիւն կայ, ուրեմն կայ յստակ պետական շահ, ուրեմն անխուսափելիօրէն օրակարգի վրայ կու գայ նաեւ ուժերու յարաբերակցութեան գործօնը։

Քաղաքական հարցը կը վերաբերի պետական հարթութեան եւ այդ մակարդակին վրայ միշտ՝ որպէս բնորոշիչ գործօն կը բանի ուժերու յարաբերակցութիւնը։ Այսօր ցեղասպանութեան հարցի պարագային արդէն յայտնի է կողմերու ուժային յարաբերակցութիւնը։ Ճիշդ է, որ հզօրութիւնն ու տկարութիւնը եւս յարաբերական են եւ այդ յարաբերակցութեան մէջ կողմերը կրնան ապահովել իրենց տեսակէտէ նուազագոյնը։ Խօսքը խնդիր մը լքելու կամ նպատակէ մը հեռանալու մասին չի կրնար ըլլալ։ Անշուշտ, արդար ըլլալը կամ զգալն ալ գործօն մըն է։ Յամենայնդէպս, հայոց մօտեցումներուն այսքան հետամուտ պատմաբան մը ըլլալով՝ Աքչամ ցեղասպանութեան հարցի դիտարկումները դրած է տարածքաշրջանային համայնապատկերի մը վրայ՝ յիշեցնելով նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը։ Մինչդեռ հայկական կողմը հակուած չէ այս երկու հարցերը բացարձակապէս իրարու հետ առընչել։ Այսինքն, Աքչամի արտայայտած տեսակէտները դուռ կը բանան նաեւ հայկական կողմի «պաշտօնական» դիրքորոշման հարցաքննութեան համար։

Քաղաքական խնդրի մը նպատակասլաց լուծումը կախում ունի նաեւ՝ կողմերու սեփական ուժերու, հնարաւորութիւններու, կարողութիւններու եւ ընդհանրապէս ներուժի իրատես գնահատումէն։ Այս առումով Աքչամի կողմէ սփիւռքի մասին ըսուածը շատ յատկանշական է։ Ան շատ պարզ ու բաց ըսած է, որ հայոց սփիւռքը տկար է։ Թէեւ սփիւռքը այլ ոլորտներու մէջ լուրջ գործօն մըն է, սակայն այս հարցին շուրջ Աքչամի դիտարկումը, ըստ երեւոյթին, ճիշդ է։ Հայոց աշխարհատարած սփիւռքը ցեղասպանութեան հարցին մէջ հետզհետէ վերացական գործօն մը դարձած է եւ հայկական կողմի ուժերու առարկայական գնահատման տեսակէտէ խոչընդոտ մը կը հանդիսանայ։ Սփիւռքը չի կրնար անկախ գործօն մը ըլլալ, որովհետեւ ամբողջական ու համապարփակ միաւոր մը չէ։ Սփիւռքը կրնայ գործօն մը ըլլալ, եթէ ամբողջութեամբ սատարէ Հայաստանին։

Եթէ հայկական կողմը քաղաքական կը համարէ ցեղասպանութեան հարցը, ապա պետական շահը պէտք է ըլլայ առանցքին։ Սփիւռքը երկար ժամանակէ ի վեր ցեղասպանութեան հարցը վերածած է ինքնութեան պահպանման եւ ինքնավերակազմակերպման խթանի։ Սա արդէն մեծ հաշուով բուն նպատակէն շեղում կը նշանակէ։

Երեւանի նոր ղեկավարութիւնը, եթէ իր վայելած մեծ ժողովրդականութեան հիման վրայ զգայ արտաքին քաղաքականութեան նոր երանգներ մտցնելու անհրաժեշտութիւն, ապա այս բոլորը պէտք է արժեւորուին նորովի։ 

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթ, Յունիս 23, 2018