Նորը եւ խորքայինը

Վերջին շրջանին Անգարայէն սիսթեմաթիք եւ արհեստավարժ մակարդակով հրապարակումներ կը կատարուին՝ հայկական հարցի վերաբերեալ նոր նախաձեռնութիւններու շուրջ։ Առաջին իսկ պահուն Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ արդէն արձագանգած էր այդ հրապարակումներուն։ Աւելորդ է խորհրդածել անոնց համաչափութեան կամ այլ բնոյթի համեմատութիւններուն շուրջ։ Առարկայական ճշմարտութիւնը ծանօթ է բոլորին. կողմերու դիրքորոշումները շատ հեռու են իրարմէ եւ տեսանելի ապագային որեւէ ճկունութեան կամ հասարակաց յայտարարի մը գտնուելուն հաւանականութիւնը գոյութիւն չունի հորիզոնին վրայ։

Ի սկզբանէ Թուրքիա միջազգային բեմահարթակի վրայ հայկական հարցը մատուցած է՝ որպէս իր կարմիր գիծը։ Այժմու նոր ռազմավարութիւնը, փոփոխութիւնները եւ նոր քաղաքականութիւնը այդ առումով անակնկալ չեն համարուիր։ Արդարեւ, միջազգային բեմահարթակի վրայ անհամեմատօրէն բարձրացած են Անգարայի՝ կամք պարտադրելու հնարաւորութիւնները։ Թուրքիա շատ աւելի ազդու գործօն մը դարձած է եւ այս բոլորի լոյսին տակ հասկնալի է, որ հայկական հարցի վերաբերեալ հետապնդած նպատակները կրեն որոշ փոփոխութիւններ։

Այս ընդհանուր համայնապատկերին վրայ դժուար չէ ենթադրել նաեւ այլ հաւանականութիւն մը։ Թուրքիոյ ազդեցութեան ծաւալումը, անխուսափելիօրէն, կրնայ հրահրել մրցակցութիւններ, կրնայ անհանգստացնել որոշ երկիրներ՝ ինչ որ միջազգային քաղաքականութեան տրամաբանութեան սահմաններուն մաս կը կազմէ։ Այդ մրցակցութիւններն ու անհանգստութիւնները պատճառ կրնան դառնալ, որ զուտ իրենց շահերով պայմանաւորուած՝ երրորդ երկիրներ օգտուին հայկական հարցի խաղաքարտէն։ Տասնամեակներէ ի վեր խնդիրը կ՚ընթանայ նման հունի մը մէջ՝ թէեւ քաղաքական ասպարէզէ դուրս վերաբերմունքը հետզհետէ աւելի զգայուն կը դառնայ՝ մարդկային ծանր հետեւանքներով դէպքերու, ողբերգութիւններու նկատմամբ՝ ներառեալ ցեղասպանութիւնները։

Անգարա երկար ժամանակէ ի վեր հայկական հարցի վերաբերեալ միջազգային բեմահարթակի իրադարձութիւններու առանցքը կը համարէ Ուաշինկթընի վերաբերմունքը։ ԱՄՆ-ի նախագահի տարեկան ուղերձներուն մէջ ցեղասպանութեան եզրոյթի չօգտագործուիլը Թուրքիոյ տեսակէտէ նուազագոյն մը դարձած է։ Թէ որքա՞ն ժամանակ Անգարա պիտի բաւարարուի այդ նուազագոյնով՝ դժուար է կանխատեսել։ Իրաւական հարթութեան վրայ թրքական կողմը երկար ժամանակէ ի վեր առանձնապէս մտահոգուելու պատճառ մը չի տեսներ՝ միջազգային ատեաններու հաւանական վերաբերմունքը չի տագնապեցներ զինքը։ Եւրոպայի Մարդու իրաւանց ատեանի քանի մը տարի առաջուան ծանօթ վճիռն ալ գոհացուցիչ, նպաստաւոր գործօն մը կը համարուի Անգարայի կողմէ։ Այդ տպաւորութիւնը կը հաստատուի նաեւ հայկական կողմի վերաբերմունքով։ Արդարեւ, հայկական կողմն ալ առաւել չափով քաղաքական հարթութեան վրայ կը պատկերացնէ հարցին լուծումը եւ տարիներէ ի վեր միջազգային ատեան մը դիմելու ուղղութեամբ շօշափելի կամք մը չէ դրսեւորած։

Թուրքիոյ տեսակէտէ խնդիրը քաղաքական եւ քարոզչութեան հարթութեան վրայ է։ Այժմու նոր ռազմավարութիւնը ժամկէտի առումով կ՚առանձնանայ հիմնական երկու պարագայով։ Առաջինը՝ Թուրքիոյ մէջ նախագահական կառավարման համակարգի հաստատումէն վերջ յարմար նկատուած է ունենալ նոր կառոյց մը, որուն պիտի յանձնուի հայկական հարցի հետապնդումը։ Երկրորդ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ արդէն նախագահական հերթական ընտրութեան թուականը կը մօտենայ։ ԱՄՆ-ի ներքին քաղաքական գործօններով պայմանաւորուած՝ իւրաքանչիւր ընտրութենէ առաջ հայկական հարցի վերաբերեալ խոստումները կը մտնեն շրջանառութեան մէջ։ Այդ բոլորէն վերջ երբոր նախագահ մը կ՚ընտրուի կամ կը վերընտրուի, Թուրքիա նոր թափ մը կու տայ իր աշխատանքին՝ Սպիտակ տունէն հնչելիք ձայնը հանդուրժելի սահմաններու մէջ պահելու առաջադրութեամբ։ Այժմ եւս, երբ ԱՄՆ-ի մէջ նախագահական ընտրութիւն մը տեղի պիտի ունենայ, Անգարա արդէն իր նոր քայլերու պատրաստութիւնները համընկնեցուցած է այդ իրադարձութեան հետ։ Պէտք չէ  մոռնալ, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ձախողած արձանագրութիւններն ալ ստորագրուած էին՝ երբ ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի պաշտօնավարութեան ժամկէտը նոր կը սկսէր եւ հնարաւոր չէր հարիւր տոկոսով կանխատեսել նախընտրելիք բառապաշարը։

Այդ բոլորէն դուրս, մամուլին մէջ հրապարակուած մանրամասնութիւններէն կարելի է դատել, որ իրերու ընդհանուր դրուածքի վերաբերեալ ընդհանուր տրամաբանութեան մէջ մեծ փոփոխութիւն մը չկայ։ Կը խօսուի միշտ հայկական լոպիի մասին՝ կարծես, թէ այդօրինակ միակտուր, համապարփակ մարմին մը, միաւոր մը գոյութիւն ունեցած ըլլար։ Հաղորդումներուն մէջ կը նշուի, որ հայկական լոպիները միջազգային ատեաններ դիմել չեն նախընտրեր։ Այդ ո՞ր միջազգային ատեանն է, որ սա կամ նա լոպիի մը դիմումը կը քննարկէ։ Միջազգային ատեանները յաճախ կը դատեն պետութիւններու կողմէ իրարու դէմ, կամ քաղաքացիներու կողմէ պետութիւններու դէմ ներկայացուած թղթածրարները։

Մամուլին մէջ լոյս տեսած հաղորդումները թէեւ ուղղակիօրէն տեղեկութիւններ չեն բովանդակեր, սակայն հայկական հարցի կտրուածքով կանխատեսելի հիմնական նորութիւնը Թուրքիա-Ատրպէյճան թանտեմի ա՛լ աւելի ամրապնդումն է։ Մինչեւ մօտաւոր անցեալը Թուրքիա Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ կը զօրակցէր Ատրպէյճանին, իսկ վերջին տարիներուն Ատրպէյճանն ալ սկսած է հայկական հարցին շուրջ զօրակցիլ Թուրքիոյ։ Իլհամ Ալիեւ բոլորովին վերջերս միջազգային հաւաքի մը ընթացքին խօսած է նահատակեալ թուրք դիւանագէտներու մասին։ Թէեւ զարմանալի ոչինչ կայ այստեղ, սակայն այս գործընթացի դրսեւորումները հայկական դիւանագիտութեան տեսակէտէ կը համարուին լուրջ մարտահրաւէր մը։

Երեւանէն այս հարցին շուրջ կատարուած վերջին յայտարարութեան մէջ ալ այս տեսանկիւնէն կար հետաքրքրական արտայայտութիւն մը։ Նշուած էր, որ սա հայ-թրքական հարց մը չէ եւ առաւել չափով կը վերաբերի Թուրքիոյ եւ երրորդ երկիրներու յարաբերութիւններուն։ Իրերու դրուածքի այդ ընկալումը անշուշտ կրնայ ունենալ իր տրամաբանութիւնը, սակայն, եթէ այդ երրորդ երկիրներու շարքին Ատրպէյճանի դերակատարութիւնը բարձրանայ, ապա հայկական կողմը լուրջ հարցերու դէմ յանդիման կրնայ մնալ միջազգային դերակատարներու հետ յարաբերութիւններու մէջ։

Վերադառնալով Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ժողովի արձագանգներուն՝ ամփոփենք հետեւեալ ձեւով։ Ըստ երեւոյթին, ընդհանուր առմամբ, կառուցուածքային փոփոխութեան մը հետամուտ է այս նոր նախաձեռնութիւնը։ Խորքին մէջ, թէ՛ թրքական եւ թէ հայկական կողմերը թէեւ որոշ նորութիւններ կը մտցնեն իրենց քայլերուն մէջ, սակայն այդ բոլորը խորքային նորութիւններ ըլլալէ հեռու կը մնան։ Արդարեւ, երկու կողմերն ալ որպէս առաջնահերթ նպատակ որդեգրած են երրորդ կողմերը իրենց տեսակէտներուն ուղղութեամբ համոզելը։ Բնականաբար, հիմնական նորութեան մը մասին խօսիլ կարելի պիտի ըլլայ, երբ այս խնդրին կողմերը ուղղակի իրարու հետ աշխատելու նպատակով քայլերու ձեռնարկեն։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2020