Նո՛ր համակարգ, նո՛ր հարցականներ

Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) վերջին ժողովը եկաւ յստակօրէն հաստատել մեր համայնքի օրակարգի նոր առաջնահերթութիւնները։ Փոքրամասնութեանց վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութիւնը դուռ բացած է թէ՛ նոր համակարգի մը եւ թէ նոր հարցականներու։

Համայնքային վարիչները այս պահուն, ըստ երեւոյթին, կը գործեն առողջ ու կշռադատուած մօտեցումներով։ ERVAB-ի հարթակին վրայ ներկայացուած մեր հաստատութիւնները պահու լրջութիւնը կը պատկերացնեն իրատես, բոլոր երեսակներով։ Նոր իրավիճակին համահունչ գործելաոճ մը զգալի դարձաւ ժողովականներուն կողմէ։ Այսինքն, մէկ կողմէ երկար սպասուած ընտրութիւնը գործնականօրէն վիժեցնելու վտանգ չստեղծել, միւս կողմէ առանց խուճապի փորձել հարթել նոր համակարգի որոշ անպատեհութիւնները։ Այս հաւասարակշռութեան հաւատարիմ մնալը թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի կենսական ու երկարաժամկէտ շահերուն տեսակէտէ ճակատագրական է։ ԹՎՄ-ի առանցքն ալ պէտք չէ շեղի այս հաւասարակշռութենէն։ ԹՎՄ պէտք է այնպիսի համընդգրկուն ձեւով գործէ, որ իրմէ հեռու մնացած կառոյցներու հաւանական տարաձայնութիւններու նոյնպէս հաւանական հետեւանքներն ալ կանխէ։ Համայնքային վարիչները ինչ որ ալ ընեն, երբեք պէտք չէ թիւր տպաւորութիւններ ստեղծեն՝ ընտրութեան համար մեր համայնքի համախումբ ըլլալուն մասին։ Հաւաքական կամքը պէտք է ցոլանայ յստակ եւ պէտք է գործնական դրսեւորումներ ունենայ։ Սա չի նշանակեր խնդիրներու հետ հաշտուիլ, խնդիրները մարսել, բայց պէտք է գործել յարդն ու կոթը զանազանելով։ Այլապէս անշրջադարձելի հարցեր կրնան ծագիլ եւ կացութիւնը կրնայ անտանելի դառնալ։ Առանց թաքցնելու պէտք է արձանագրել, որ ցայսօր ժողովրդական հակակշիռէ խուսափած կարգ մը կէտերու վրայ դիտումնաւոր քայլեր կրնան առնուիլ ընտրական գործընթացը խափանարարելու համար։ Այս հաւանականութիւնները պէտք է կանխուին ամէն տեսակ ջանքով եւ ի գին ամէն բանի։

Ընտրական նոր կանոնադրութիւնը յառաջացուցած է նոր իրադրութիւն մը, որու պայմաններով պէտք է համայնքի ներքին համագործակցութեան նոր որակ մը տալ եւ նոր մօտեցումներով հանդէս գալ՝ քարացած խնդիրները յաղթահարելու համար։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2022