ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ ԵՒ ՍՊԱՍՈՒՄ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատը կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել հայաշխարհի օրակարգը։ Ինչպէս ծանօթ է, Անթիլիաս կը պահանջէ վերաձեռքբերել Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի, Մայր տաճարի եւ յարակից համալիրի սեփականութեան իրաւունքը։ 2015-ի ոգեկոչումներու մթնոլորտին մէջ բացուած է այս դատը, ինչ որ յաւելեալ գործօն մը եղած է՝ հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը այս գործին վրայ լարելու տեսանկիւնէն։ Խնդրին այժմէականութիւնը կախում ունի ոչ միայն այս դատական նախաձեռնութեան նշանակութենէն, այլ նաեւ անոր շրջագծով արձանագրուած նորութիւններէն։
Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Թուրքիոյ մէջ այս դատը կը հետապնդէ յայտնի իրաւաբան մը՝ Ճէմ Սոֆուօղլու, որ վերջին շրջաններուն պարբերաբար հանդէս կու գայ զանգուածային լրատուութեան միջոցներէն։ Անոնք, որոնք ուշադրութեամբ կը հետեւին այս գործընթացի իրադարձութիւններուն՝ կրնան նկատել, որ Անթիլիասը եւ Ճէմ Սոֆուօղլու համաժամանակութեան տեսակէտէ լաւ աշխատանք մը կը տանին։ Երբ որ Անթիլիասէն դատի ընթացքին մասին տեղեկութիւն մը կը փոխանցուի կամ յայտարարութիւն մը կը կատարուի, գրեթէ նոյնաժամանակ Թուրքիոյ մէջ ալ կ՚ըլլայ նոր զարգացում մը կամ արձագանգ մը։ Վերջին օրերուն ալ եղաւ այսպէս։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսական համալիրի տարածքին հարցով մտադիր չեն սակարկութեան։ Որոշ չափով անհամբերութեան ազդանշաններով՝ վերընդգծուեցաւ Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեան (ԵՄԻԱ) դիմելու մտադրութիւնը։ Գրեթէ նոյն օրերուն տեղական կարգ մը լրատուամիջոցներու մօտ արձագանգ գտաւ, որ իրաւաբան Ճէմ Սոֆուօղլու Սահմանադրական ատեանին մօտ վերստին դիմում մը կատարած էր՝ այս գործի քննարկման արագացման ակնկալութեամբ։
Մինչ այս դատին վերաբերեալ իրադարձութիւնները կը շարունակեն մնալ այժմէական, նախընթաց օր տեսակցութիւն մը ունեցանք իրաւաբան Ճէմ Սոֆուօղլուի հետ։ Իր գրասենեակին մէջ մեզ հիւրընկալելով՝ ան մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ այս դատավարութեան ընթացքին, բնոյթին եւ անոր վերաբերեալ իր պատկերացումներուն շուրջ։
Ըստ Ճէմ Սոֆուօղլուի, Սահմանադրական ատեանին մօտ Անթիլիասի դիմումը կատարուած է շուրջ տասն ամիս առաջ։ Հաշուի առնելով, որ աւելի քան երկու տարիէ ի վեր բարձրագոյն դատարանին մէջ վճռի սպասող դիմումներ կան՝ Անթիլիասի բացած դատին շուրջ ապահովուած արագութիւնը կը համարուի բնականոն։ Այս բոլորով հանդերձ, Սահմանադրական ատեանի մասին օրէնքի 68-րդ յօդուածի տրամադրութիւններու հիման վրայ՝ Ճէմ Սոֆուօղլու դիմում ներկայացուցած է, որպէսզի դատավարութեան ընթացքը արագացուի։ Իր բանաձեւումով, Սահմանադրական ատեանը գործերը կը քննարկէ ըստ թղթածրարներու համարներու հերթականութեան։ Սակայն եթէ հրատապ հանգամանքներ յառաջանան, ապա առաջնահերթութիւններու փոփոխութիւն կրնայ կատարուիլ։ Իրաւաբանին համոզմամբ, օրէնքի համապատասխան տրամադրութիւններուն մէջ կան որոշ պղտորութիւններ եւ ինքն ալ օգտուելով այդ երեւոյթէն կատարած է երկրորդ դիմում մը՝ օգտագործելով օրինական իրաւունքը։
Ճէմ Սոֆուօղլուի բացատրութիւններով՝ Սահմանադրական ատեանը ներկայիս այս հարցին կապակցութեամբ կը սպասէ Արդարադատութեան նախարարութեան տեսակէտին։ Արդարեւ, Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած իւրաքանչիւր դատ կը համարուի պետութեան դէմ բացուած դատ մը։ Հետեւաբար, բարձրագոյն դատարանն ալ պետութեան տեսակէտին վերահասու դառնալու համար հարցը փոխանցած է Արդարադատութեան նախարարութեան նկատառման։ Իր կանխատեսումներով, շուրջ հինգ ամսուան ընթացքին այս դատը կրնայ հասնիլ իր աւարտին։ Այսպէս, Արդարադատութեան նախարարութեան եզրակացութիւնը ունենալէ վերջ, Սահմանադրական դատարանը այդ մէկը պիտի փոխանցէ Ճէմ Սոֆուօղլուին։ Այս վերջինը շուրջ երկու շաբթուան ընթացքին պիտի ներկայացնէ իր մօտեցումը եւ արդէն պիտի հասնի վճռի հանգրուանը։ Սոֆուօղլուի խօսքերով՝ վճիռը կրնայ արձակուիլ կա՛մ այս ամառ՝ արդարադատութեան համակարգի տարեկան արձակուրդէն անմիջապէս առաջ, եւ կամ այդ արձակուրդին յաջորդելիք շրջանին՝ Սեպտեմբերի շուրջ։ Սոֆուօղլու համոզուած է, թէ Սահմանադրական ատեանին կողմէ այս նիւթին Արդարադատութեան նախարարութեան նկատառման յանձնուած ըլլալը շատ կարեւոր իրադարձութիւն մըն է։ Սա կը նշանակէ, որ թրքական պետութիւնը լուրջ վերաբերմունք ցոյց կու տայ այս գործին նկատմամբ ու կ՚իրականացնէ մանրամասն քննարկումներ։
Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այս դատական նախաձեռնութեան կապակցութեամբ հրապարակային բացատրութիւններ տալու ժամանակ անդրադարձած էր Անթիլիասի քննարկած զանազան վարկածները։ Իր խօսքերով, Անթիլիաս ունէր երեք վարկած։ Առաջինը այն էր, որ դատը պիտի բացուէր ուղղակի Թուրքիոյ պատկան դատական մարմիններու սկզբնական օղակներուն մօտ, սակայն կաթողիկոսի բանաձեւումով՝ այդ պարագային Անթիլիաս դէմ յանդիման պիտի մնար իր առջեւ երկարատեւ գործընթաց մը ունենալու հաւանականութեան եւ ձգձգման վտանգին։ Երկրորդ այլընտրանքը այն էր, որ դիմումը կրնար կատարուիլ ուղղակի ԵՄԻԱ-ի մօտ, սակայն այդ պարագային ալ Անթիլիաս կրնար ունենալ խոցելի կողմ մը։ Արդարեւ, միջազգային դատարանին մօտ դիմում կատարելու համար անհրաժեշտ է, որ սպառած ըլլան տուեալ երկրի ներքին դատական ճանապարհները։ Այս հաւասարակշռութիւններուն մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնած էր, թէ որպէս երրորդ վարկած՝ իրենք նախընտրած են այս դատը բանալ ուղղակիօրէն Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ։
Այս կապակցութեամբ մեր զրոյցին ընթացքին շօշափեցինք Ճէմ Սոֆուօղլուի տեսակէտը։ Իր բանաձեւումով, ճիշդ է, որ վերոյիշեալ վարկածները հաշուի առնելով Սահմանադրական ատեանին մօտ ուղղակի դիմում մը կատարուած է, սակայն այս նախաձեռնութիւնը չի բացառեր միւս երկու հաւանականութիւնները։ Այսինքն, այսօրուան դրութեամբ Սահմանադրական ատեանը կրնայ յանգիլ այն եզրակացութեան, թէ այս գործը պէտք է քննարկուի դատական իշխանութիւններու սկզբնական օղակներուն, առաջին ատեանի դատարաններուն կողմէ։ Եւ կամ, եթէ Սահմանադրական ատեանը այս գործը մերժէ եւ իրենք թղթածրարը տեղափոխեն ԵՄԻԱ՝ ապա այնտեղ ալ միջազգային դատարանը կրնայ պահանջել, որ տուեալ երկրի դատական ներքին ճանապարհներու սպառումէն վերջ թղթածրարը տարուի իր առջեւ։
Ճէմ Սոֆուօղլու մանրամասն հաշուարկած է այս բոլոր վարկածները եւ իւրաքանչիւրին հեռանկարները։ Յամենայնդէպս, ան որդեգրած է ուղղակիօրէն Սահմանադրական ատեան դիմելու մօտեցումը եւ ունի իր հիմնաւորումները։ Արդարեւ, ցարդ չէ պատահած, որ արտասահմանաբնակ հայու մը կողմէ Թուրքիոյ մէջ սեփականութեան իրաւունքի պահանջով բացուած դատ մը վերջացած ըլլայ դիմողի պահանջին բաւարարումով։ Համապատասխան դիմումները միշտ մերժուած են։ «Մենք այս հանգամանքը ընդգծեցինք եւ յառաջ քշեցինք այն պատճառաբանութիւնը, թէ վերոյիշեալ իրողութիւններուն լոյսին տակ՝ առաջին ատեանի դատարաններէն գործի մը սկսիլ պիտի նշանակէ ժամանակ կորսնցնել», ըսաւ Ճէմ Սոֆուօղլու եւ աւելցուց, թէ նոյնիսկ Սահմանադրական ատեանը անցեալի մէջ արձակած է շարք մը վճիռներ, ըստ որոնց արտասահմանաբնակ հայերը չեն կրնար սեփականութեան իրաւունքի վերաբերեալ դատական ճանապարհով պահանջներ ներկայացնել։ Ան կը յիշեցնէ, որ 1981 եւ 2001 թուականներուն պատկան պետական նախարարութիւններուն կողմէ հրապարակուած են շրջաբերականներ, որոնց հիման վրայ անցեալի սեփականատէրերու մասին կալուածային արձանագրութիւնները, կալուածաթուղթի տուեալները չեն մատուցուիր։ Նոյնպէս Ճէմ Սոֆուօղլուն չէ կրցած Քոզանի պատկան մարմիններէն ապահովել փաստաթուղթեր, իր պահանջը մերժուած է՝ այն պնդումով, թէ իր պաշտպանեալը կապ չունի անոնց հետ։
Այս բոլորը հաշուի առնելով Ճէմ Սոֆուօղլու որոշած է դատը ուղղակիօրէն բանալ Սահմանադրական ատեանին մօտ։ Անթիլիասի կողմէ սեփականութեան իրաւունքը պահանջուած տարածքը հիմա պաշտպանեալ գօտի մըն է (SİT alanı)՝ ըստ արձանագրութեանց։ Իսկ ինք, եթէ առաջին ատեանի դատարաններէն գործի սկսելու ըլլար՝ արդէն որեւէ ձեւով դատը շահելու հեռանկար պիտի չունենար, որովհետեւ հիմնաւորման ապացոյցներ ներկայացնելու, համապատասխան պրպտումներ ընելու հնարաւորութենէն զրկուած պիտի ըլլար։ Բայց եւ այնպէս, որքան որ ալ այս բոլորը հաշուի առնելով դատը ուղղակիօրէն բացուած ըլլայ Սահմանադրական ատեանին մօտ, ապա Ճէմ Սոֆուօղլու չի բացառեր, որ բարձրագոյն դատարանը կրնայ յանգիլ այն եզրակացութեան, թէ գործին քննարկումը պէտք է սկսի առաջին ատեանի դատարաններէն։ «Այդ տարածքի այսօրուան սեփականատէրը շրջանի քաղաքապետութիւնն է։ Սակայն ո՞վ է նախկին սեփականատէրը։ Սա է մեր ներկայացուցած փաստարկներուն առանցքը։ Այս դատը քայլ մըն է, իրաւակա՛ն քայլ մըն է եւ Թուրքիա լուրջ վերաբերմունք ցոյց կու տայ անոր նկատմամբ», ըսաւ Ճէմ Սոֆուօղլու։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը այս դատավարութեան վերաբերեալ հանրային կարծիքը լուսաբանելու ժամանակ յաճախ կը շեշտադրէ անոր քաղաքական նշանակութիւնը։ Ճէմ Սոֆուօղլուի հետ մեր ունեցած զրոյցին ընթացքին հետաքրքրուեցանք, թէ խորքին մէջ ի՞նչ բնոյթ, ի՞նչ նշանակութիւն ունի այս հարցը։ Ան պատասխանեց, որ ինք տեղեակ չէ, թէ քաղաքական բնոյթ մը կը վերագրուի այդ դատական նախաձեռնութեան։ Արդարեւ, ինք այս քայլը կ՚ընկալէ որպէս սեփականութեան իրաւունքի վերաբերեալ դատ մը, այլապէս այս դատական նախաձեռնութիւնը կրնայ վնասուիլ։ Մանրամասնելով իր խորհրդածութիւնները՝ Ճէմ Սոֆուօղլու ընդգծեց, թէ նոյնիսկ ցանկութեան պարագային հայերը չեն կրնար Թուրքիոյ մէջ դատ մը բանալ ցեղասպանութեան հարցին շուրջ։ Արդարեւ, երկրէն ներս գոյութիւն չունի դատարան մը, որ կրնայ զբաղիլ այդպիսի խնդիրով մը։ Չկայ դատական համապատասխան մարմին մը։ Հետեւաբար, իրենց կողմէ բացուած դատին նիւթն ալ այս մէկը չէ, բնոյթը քաղաքական չէ, այլ կը վերաբերի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման։ Իրենք այդ պահանջը յառաջ կը քշեն հիմնական կամ տարրական երկու իրաւունքներու հիման վրայ։ Անոնցմէ առաջինն է՝ սեփականութեան իրաւունքը, իսկ միւսը՝ կրօնի ու խղճի ազատութիւնը։
Ճէմ Սոֆուօղլուի համոզմամբ, Սահմանադրական ատեանը լուրջ վերաբերմունք ցոյց կու տայ այս գործին նկատմամբ ու լաւ է, որ բացուած է այսպիսի դատ մը։ «Միթէ աւելի՞ լաւ է դէպի պարապութիւն անընդհատ պոռալ ցեղասպանութեան մասին։ Միթէ աւելի՞ լաւ է շրջագայիլ ուրիշ երկիրներու խորհրդարաններով։ Իմ համոզմամբ՝ նման դատի մը բացուած ըլլալը շատ դրական երեւոյթ մըն է եւ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կարեւոր ռիսք մը ստանձնած է այս քայլը առնելով։ Սա անշուշտ իմ անձնական դիտարկումս է» ըսաւ Ճէմ Սոֆուօղլու։
Այս նոյն կէտին վրայ իրաւաբանը մատնանշեց նաեւ հետեւեալ տեսական վարկածը։ Ճիշդ է, որ սեփականութեան իրաւունքի պահանջով բացուած դատ մը կայ մեր առջեւ։ Բայց եւ այնպէս, Ճէմ Սոֆուօղլուի համոզմամբ, Սփիւռքի հայերը չեն փափաքիր Թուրքիոյ մէջ իրաւական նախաձեռնութիւններով հանդէս գալու համար ներդրումներ կատարել։ «Երեւակայեցէք ի՞նչ կրնայ ըլլալ եթէ հազարաւոր մարդիկ Թուրքիոյ դատական իշխանութիւններուն ներկայացնեն նման պահանջներ, մերժուին ու պարտաւորուին դիմել ԵՄԻԱ», մատնանշեց Ճէմ Սոֆուօղլու եւ աւելցուց, թէ Անթիլիասի կողմէ բացուած դատը կրօնական վայրերու, կամ անցեալի սրբավայրերու սեփականութեան իրաւունքին, ճակատագրին տեսակէտէ օրինակ կրնայ հանդիսանալ։ Մասնաւոր, այսինքն անցեալի մէջ անհատներու պատկանած կալուածներու պարագաները բնականաբար աւելի տարբեր են իրենց բնոյթով, սակայն այս դատը անոնց պարագային ալ կրնայ ծառայել որպէս անուղղակի օրինակ մը։ «Պէտք է ընդունինք, որ շատ դժուար է այսպիսի դատ մը շահիլը։ Շատ աշխատեցանք։ Բայց եւ այնպէս, որպէս փաստաբան՝ ես այս դատը բացած եմ շահելու համար։ Եւ եթէ կարենանք այս դատը շահիլ, սա պիտի ըլլայ կարեւոր օրինակ մը», ըսաւ Ճէմ Սոֆուօղլու։
Մեր զրոյցին տեւողութեան Ճէմ Սոֆուօղլու ընդգծեց, թէ ինք քաջատեղեակ է նաեւ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութեան խնդիրներուն, ոչ-իսլամ համայնքներու վաքըֆներու խնդիրներուն, իրաւունքներուն եւ անոնց ի նպաստ կատարուած բարեփոխումներու հեռանկարներուն։ Այս կէտին վրայ մեր կողմէ յիշեցնենք, թէ Ճէմ Սոֆուօղլու Յունաց Պատրիարքութեան փաստաբաններէն մին է եւ իր վերահսկողութեան ներքեւ յառաջ տարուած դատական գործընթացի մը աւարտին Ֆէնէրի Պատրիարքարանը հնարաւորութիւն ունեցած է վերաձեռքբերելու Մեծ կղզիի յունաց որբանոցի սեփականութեան իրաւունքը։ Ակնարկելով Անթիլիասի կողմէ բացուած դատին վերաբերեալ զուգահեռականներու՝ Ճէմ Սոֆուօղլու մատնանշեց, թէ ճիշդ է, որ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութեանց վաքըֆները յաջողութեան կը հասնին սեփականութեան իրաւունքի վերաբերեալ զանազան դատերու պարագային, սակայն այդ մէկը կապ չունի արտասահմանի հայերու խնդիրներուն հետ։ Որովհետեւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համանքներու վաքըֆները դատական մարմիններուն որեւէ պահանջ չեն ներկայացներ գաւառներու մէջ, այսինքն՝ Իսթանպուլէ դուրս գտնուող տարածքներու կամ կալուածներու սեփականութեան իրաւունքին շուրջ։
Մեր տեսակցութեան ընթացքին Ճէմ Սոֆուօղլուի նկատառման յանձնեցինք, թէ իր կողմէ հետապնդուած դատը տարակարծութիւններ յառաջացուցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան միջեւ։ Նախ՝ Պոլսոյ Պատրիարքարանը Թուրքիոյ մէջ կը համարուի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատկանող ամբողջ ժառանգութեան իրաւայաջորդը։ Պատրիարքարանը համոզուած է, թէ նման դատ մը շուքի տակ կրնայ ձգել այդ հանգամանքը։ Երկրորդ՝ Անթիլիաս այս դատը բացած է առանց նոյնիսկ տեղեակ պահած ըլլալու Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը։ Այստեղ կրնա՞յ ըլլալ դիտումնաւորութիւն մը։ Ճէմ Սոֆուօղլու մեր զրոյցին ընթացքին բոլոր հարցումներուն պատասխանեց անկեղծ, բաց ոճով, համոզիչ եւ սպառիչ մանրամասնութիւններով։ Սա մեր միակ հարցումն էր, որու պարագային իր պատասխանը եղաւ շատ կարճ։ Ան անկեղծօրէն յայտնեց, թէ չի կրնար մեկնաբանութիւն մը ընել այս նիւթին շուրջ։ Արդարեւ, ինք հայ մը չէ, չի կրնար գիտնալ հայոց ներքին հաւասարակշռութիւնները եւ այս խնդիրը կրնայ առաջին հերթին կրօնական-ներքին բնոյթ մը ունենալ, որովհետեւ սա իրաւական հարց մը չէ իր տեսանկիւնէն։
Ճէմ Սոֆուօղլուի ընտանիքը Պարտիզակէն է։ Իր նախնիները Յունաստանէն Թուրքիա ներգաղթած են ու տեղակայուած՝ Պարտիզակի մէջ, որ 1915-ին հայաթափուած է։ Ան շատ մարդկային շեշտով մը տպաւորութիւններ փոխանցեց նաեւ այս դատին բերումով Լիբանան կատարած այցելութենէն։ «Ես գացի Պէյրութ։ Այնտեղ բոլոր հայերը թրքերէն գիտեն։ Սակայն ինծի յանձնարարեցին թրքերէն չխօսիլ։ Երիտասարդ միաբանի մը ուղեկցութեամբ քաղաքի հայաբնակ թաղամասէն ներս կատարեցի շրջայց մը։ Իմ ուղեկիցս ազնիւ երիտասարդ մըն էր։ Իր հետ իմ այցելած բոլոր խանութներուս մէջ իսկապէս շատ լաւ հիւրընկալուեցայ։ Վերջ ի վերջոյ, ես կը հասկնամ այդ մարդոց հոգեվիճակը եւ յարգանք կը տածեմ այդ հոգեվիճակին նկատմամբ», ըսաւ Ճէմ Սոֆուօղլու։
Անթիլիասի կողմէ բացուած դատին առումով ակնյայտ է, որ լաւագոյն պարագային տակաւին քանի մը ամսուան սպասման գործընթաց մը պիտի գտնուի մեր առջեւ։ Յամենայնդէպս, Ճէմ Սոֆուօղլուի հետ մեր ունեցած տեսակցութիւնը չափազանց հետաքրքրական եւ նոյնքան օգտակար էր։ Արդարեւ, այս դատին շուրջ նոյնիսկ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին չէր ներգրաւուած պոլսահայ մամուլը։ Մեր քաղաքը այցելած միաբաններ նոյնիսկ առ ի քաղաքավարութիւն չէին լուսաբանած մեր մամուլը։ Ուստի, յայտնի իրաւաբանին հետ մեր ունեցած անմիջական զրոյցը միեւնոյն ժամանակ այս դատական գործընթացին վերաբերեալ ուղղակիօրէն առաջին աղբիւրէն տեղեկութիւն մը քաղելու եւ հարցումներ ուղղելու եզակի հնարաւորութիւն մըն էր՝ բարձր արժէքով։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ