ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅԻՆ ԱՂՕԹՔԸ

Գումգաբուի Ս. Զատկուան ընդունելութեան ժամանակ գոհունակութեամբ մատնանշուեցաւ, որ այս տարուան տաղաւարի արարողութիւններուն մեր համայնքին կողմէ հոծ մասնակցութիւն մը բերուած էր։ Արտասովոր այս մասնակցութեան երեւոյթի լոյսին տակ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նշեց, որ թրքահայութիւնը, իրականութեան մէջ, կարծուածին նման շատ փոքր հաւաքականութիւն մը չէ։ «Իրականութեան մէջ մենք շատ աւելի բազմանդամ համայնք մըն ենք, բայց մեր մարդիկ մէջտեղ չկան», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը ակնարկելով ազգային-եկեղեցական կեանքի նկատմամբ անտարբերութեան վաղեմի խնդրին։

Տաղաւարի արարողութիւններուն բազմանդամ մասնակցութեան երեւոյթին կապակցութեամբ հետաքրքրական մօտեցում մըն ալ ունէր Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր։ Ընդունելութեան ընթացքին ան բազմանդամ մասնակցութեան երեւոյթը վերագրեց այժմու լուրջ տնտեսական դժուարութիւններուն եւ այս կապակցութեամբ հարցուց նորին սրբազնութեան մեկնաբանութիւնը։ Այս կապակցութեամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ըսաւ.

«Ամէն մարդ բանի մը համար կ՚աղօթէ, Աստուծմէ բաներ մը կ՚ուզէ, սա հասկնալի է եւ ճշմարիտ քրիստոնեան պէտք է աղօթէ ոչ միայն իր անձին, նաեւ ուրիշներուն համար։ Մենք ալ պէտք է աղօթենք նաեւ մեր բարեկամներուն եւ մեր հարեւաններուն համար»։

Վարչական խնդիրներով ծանրաբեռնուած օրակարգի մթնոլորտին մէջ, բացի Ս. Զատկուան շարականի երգեցողութենէն, այս նախադասութիւնները եկան բնորոշել ընդունելութեան ընթացքին կատարուած խօսակցութիւններուն հոգեւոր երեսակը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2019