Պոլսոյ Աթոռի Եկեղեցականաց համագումարի վաղուան ժողովին ընդառաջ. պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին պաշտօնի կը կոչուի տեղապահ մը

Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի ժամացոյցը կը բանի։ Թրքահայ համայնքի օրակարգին վրայ է օրացոյց մը, որ աստիճանաբար պիտի վերածուի յստակ ճանապարհային քարտէսի մը։ Վաղը նախատեսուած տեղապահի ընտրութիւնը այս ամբողջին մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունի։ Արդարեւ, սա շրջադարձային փուլ մըն է։ Ընտրական գործընթացը, իրականութեան մէջ, սկսած է Կրօնական ժողովի սուգի աւարտի նիստին զուգահեռ՝ պետութեան ներկայացուած պաշտօնական դիմումով։ Յամենայնդէպս, գործնական հարթութեան վրայ գործընթացի մեկնարկը բնորոշելու տեսակէտէ՝ վաղուան տեղապահի ընտրութիւնը լուրջ փուլ մը կը համարուի։ Պետութեան կատարուած դիմումին առընթեր, գործընթացի մեկնարկի պարագային համայնքէն ներս ապրուեցան վէճեր, տարակարծութիւններ։ Համայնքը ներկայիս այնքան ծանր վիճակի մը մէջ կը գտնուի, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի իւրաքանչիւր փուլը ենթադրաբար պիտի ուղղորդուի նման վէճերով։ Նոյնիսկ այդ բոլորը կրնան ըլլալ շատ աւելի սուր։ Անիմաստ է անդրադառնալ ընտրական գործընթացի մեկնարկի հարցին շուրջ ծագած վէճերուն։ Բոլոր մօտեցումներն ալ ունէին իրենց տրամաբանութիւնը։ Փաստը այն է, որ մեր համայնքը ներքին խոհանոցային աշխատանքով մը չէ կրցած համադրութեան մը հասնիլ, հասարակաց յայտարար մը գտնել եւ պետութեան յարմար դատած, ներկայ վիճակին համար պատկերացուցած ձեւով՝ վերասկիզբ մը պիտի ըլլայ վաղուան տեղապահի ընտրութիւնը։

Այս փուլի պայմաններով սա կրնայ մեծ խնդիր մը չհամարուիլ։ Կարելի է այնպէս մեկնաբանել, որ լայնախարիսխ մօտեցումով մը ընտրական գործընթացի հիմքը կը դրուի, աւելի ամուր ենթագետին մը կը ձեւաւորուի։ Այո՛, ներկայ փուլին կարելի է թէկուզ մարսել այս վիճակը, սակայն գործընթացի շարունակութիւնը անկարելի է պատկերացնել այս ձեւով։ Նախընտրական յաջորդ փուլերուն համայնքը այլեւս պարտաւոր է անպայման ներքին քոնսենսիւսի մը հասնելու կամքը դրսեւորելու։

Պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին տեղապահի վաղուան ընտրութիւնը պէտք է վերածել հնարաւորութեան մը։ Տեղապահի ընտրութիւնով Աթոռը կրնայ մասամբ թօթափել մօտաւոր անցեալի ձախողումներու ծանր բեռը։ Տեղապահի մը գոյութիւնը կրնայ յաչս մեր ժողովուրդին ապահովել ընտրական գործընթացին նկատմամբ բարձր վստահութիւն։ Տեղապահի մը գոյութիւնը կրնայ ընտրական գործընթացը երաշխաւորել՝ կարգ մը շրջանակներու գործնական տխուր խափանարարութեան ջանքերուն դէմ։ Այդ բոլորի դրսեւորումը կ՚ըլլայ համակարգի դէմ թերահաւատութեան հրահրումով։ Տեղապահի մը գոյութիւնը կրնայ առաւելութեան վերածուիլ, երբ մեր ժողովուրդի աչքին շօշափելի փաստ մը ըլլայ, թէ կարելի է հարցեր լուծել տեղական, սեփական ուժերով եւ համակարգը կ՚աշխատի հակառակ ամէն ինչի։ Եւ տակաւին այդ համակարգը կրնայ շատ աւելի լաւ աշխատիլ, եթէ մարդիկ քոնսենսիւսի կամք դրսեւորեն՝ մէկ կողմ թողլով անձեր թիրախաւորելու անհեռանկար մօտեցումները։ Տեղապահի ընտրութիւնը պէտք է վերածուի ապահովագրութեան մը, որպէսզի ցայսօր կատարուած սխալները չկրկնուին։ Մեր համայնքին մէջ մարդիկ ցարդ գործած են շատ դաժան։ Բոլոր անոնք, որոնք իրենց ազդեցութեան պայքարին, սեփական ակնկալութիւններուն տեսակէտէ վտանգ մը զգացած են, յաջորդ քայլափոխին իրենց համար անբաղձալի պարագաներու յառաջացման կասկածը ունեցած են, փորձած են անմիջապէս փակուղիի մատնել գործընթացը։ Եթէ մինչեւ այսօր կար այդ հնարաւորութիւնը, ապա այսօր չկայ։ Այսօր այլեւս պատրիարքական ընտրութիւնը անշրջադարձելի եւ անդառնալի է։ Ուստի, կարելի չէ խօսքով ընտրութիւն ուզել եւ գործով այդ հեռանկարը արգելափակել։ Տեղապահի գոյութիւնը, ուրեմն, պէտք է վերածուի առիթի մը, որպէսզի բոլորը հաւասարապէս անդրադառնան այս բոլորին։ Տեղապահը պէտք է մարմնաւորէ այն կերպարը, որու գոյութեամբ այլեւս անկարելի է վիժեցնել պատրիարքական ընտրութիւնը։

*

Մեր նախընթացներով եւ աւանդութիւններով, պատրիարքը կ՚ընտրուի ժողովուրդին կողմէ։ Ընտրութեան կազմակերպման բոլոր փուլերուն կը մասնակցին նաեւ աշխարհականներ։ Եւ ընտրութեան նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Պատրիարքական Աթոռին։ 1863-ի Ազգային Սահմանադրութեան տրամադրութիւններով, տեղապահ մը կ՚ընտրուի խառն ժողովին, այսինքն կրօնական եւ քաղաքական ժողովներուն կողմէ։ 1960-էն ի վեր քանի որ գոյութիւն չունի քաղաքական ժողովը կամ ազգային կեդրոնական վարչութիւնը, Սահմանադրական խախտումներէ խուսափելու համար փոխանորդներ գործի գլուխ կը բերուէին պատրիարքական ընտրութիւններէն առաջ։ Աւելի վերջ այդ ձեւին մէջ ալ ակամայ եղան փոփոխութիւններ՝ մանաւանդ 1998-ին։ Պատմութեան համար պէտք է արձանագրել, որ թէեւ յանուն Սահմանադրութան, ոմանց կողմէ ամպագոռգոռ պահանջուած է վաղուան տեղապահի ընտրութիւնը, սակայն վաղը այդ տեղապահը պիտի չընտրուի Սահմանադրութեան նախատեսած ձեւով։ Թէ ո՞րն էր լաւը, այլեւս պիտի դատէ պատմութիւնը։ Սահմանադրութեամբ նախատեսուած տեղապահը պիտի ընտրուի Սահմանադրութեամբ չնախատեսուած ձեւով։ Եկեղեցականաց համագումարը այն մարմինը չէ, որուն Սահմանադրութեամբ լիազօրութիւն վերապահուած է տեղապահ մը ընտրելու համար։ Մեր համայնքը այսօր պարտաւոր է մարսելու այս հակասութիւնը։ Անցնինք, անշուշտ, անցնինք, որովհետեւ ընելու բան չկայ։ Բայց եւ այնպէս, անցնելու ատեն արձանագրենք, որ Ազգային Սահմանադրութիւնը լոզունգ մը չէ ոմանց քոնժոնքթիւրէլ կարիքները բաւարարելու կամ ընտրովի մօտեցումներով անձնակեդրոն հաշուեյարդարներ ապահովելու համար։ Սահմանադրութիւնը Պատրիարքական Աթոռի վարչա-իրաւական տասնաբանեան է։ Թապու մը չէ, կրնայ փոխուիլ, կրնայ կատարելագործուիլ, եթէ կան օրինական հնարաւորութիւններ։ Իսկ եթէ չկան այդ կարելիութիւնները, ինչ որ առկայ վիճակն է, պատմութեան առջեւ պատասխանատուութիւն է հաւատարիմ մնալ անոր ոգիին ու տարրին։ Իսկ այդ պատասխանատուութիւն ըսուածը, պարզ է, որ այսօր բաւական իւրովի կը մեկնաբանուի մեր համայնքէն ներս շատերու կողմէ։ Տրամաբանականօրէն, հետամուտ պէտք է ըլլալ գործնական տեսակէտէ հնարաւոր լուծումներու։ Սկզբունքները պէտք չէ խցանեն գործնական լուծման ճանապարհը, սակայն սա չի նշանակեր, որ սկզբունքները պէտք է մոռցուին կամ մէկ կողմ լքուին։ Սկզբունքներու եւ գործնականի տարբերութիւնը, այդ հաշուեկշիռը արդէն ինքնին իմաստ մը ունի պատմութեան առջեւ։ Այս միջանկեալ բաժինը ներմուծուած է այստեղ պատմութեան համար։ Ուրեմն, փակենք այս ընդարձակ փակագիծը եւ անցնինք առաջ։

*

Վաղը ընտրուելիք տեղապահը պէտք է արդար, օրինական ընտրութեան մը երաշխաւորը դառնայ։ Համայնքին մէջ շատ յառաջ գացած են այն շրջանակները, որոնք կը ձգտին ժողովուրդին անունով խօսիլ եւ իրենց հայեացքը վերագրել ժողովուրդին։ Իր գոյութեամբ տեղապահը պէտք է պատգամէ, որ պատրիարքական ընտրութեան ամբողջ տրամաբանութիւնն է՝ ժողովուրդի կամքի դրսեւորման համար գետին պատրաստել։ Տեղապահը պէտք է վահան մը ըլլայ, որպէսզի ժողովրդավարութեան ետին թաքնուելով ոմանք չփորձեն պատնէշել ժողովուրդի կամքի արտայայտութիւնը։

Ծանր գործ մը պիտի վիճակի վաղը ընտրուելիք տեղապահին։ Այդ ծանրութիւնը կրնայ թեթեւնալ, կրնայ տանելի դառնալ, եթէ մեր համայնքը համախմբուի անոր շուրջ։ Պատրիարքական Աթոռը ազգընտիր նոր գահակալով մը օժտելու հոգեւոր ուրախութիւնը վայելելու համար պէտք է ձեռք ձեռքի տալ ու աշխատիլ համապատասխան եռանդով՝ անշուշտ առանց շեղելու օրինական, կանոնական, աւանդական ճանապարհէն։

Շուրջ տասնմէկ տարիէ ի վեր առաջին անգամ համայնքը այսքան մօտ է պատրիարքական ընտրութեան։ Արժեւորենք այս հորիզոնը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունիս 26, 2019