Հրաժեշտ՝ Յակոբ Արապեանին

Եւ այսպէս Յակոբ Արապեանին այսօր հրաժեշտ կու տանք։ Ոչ եւս է Գատըգիւղի ընտանիքի ամենասիրելի «Ակուլիկ»ը։ Անփոխարինելի կորուստ մըն է այս մէկը, որովհետեւ ան սիրոյ եւ զոհողութեան խորհըրդանշան մըն էր։ Իր թաղին ու շրջանակին մէջ այսքան սիրուած, այսքան համակրանքի արժանացած ուրիշ դէմք մը դժուար թէ գտնուի յաճախ։

Յակոբ Արապեան անցումային սերունդի մը վառ ներկայացուցիչներէն մին էր։ Իր սերնդակիցները, ժամանակներու բերումով, մեր համայնքային կեանքէն հետզհետէ հեռացող, մեր հաւաքական կեանքէն հետզհետէ կտրուող մարդիկ էին։ Սակայն ինք այնպէս չէր։ Ան մեր համայնքին մէջն էր, Գատըգիւղի մէջ կը շնչէր, կը գործէր լուռումունջ եւ իր ապրելակերպով կը դիմադրէր այն հոսանքներուն, որոնք կը խլէին իր սերնդակիցները։ Աւելի՛ն, իր ծաւալած գործունէութիւնով կը ջանար կուրծք տալ հոսանքներուն։ Արամեան սանուց միութեան յարկէն ներս տեսած գործը ո՛չ միայն երախտաշատ էր, այլեւ՝ ճակատագրական։ Բոլորանուէր ջանքերով, մեծ համբերութեամբ ու մեր արժէքներուն նկատմամբ հաւատարմութեամբ՝ փորձած էր ապահովել սերնդափոխութիւն մը։ Իր մարմնաւորած կերպարը ձգողական լուրջ գործօն մըն էր այդ պայքարին մէջ։

Հայկական դասական, համեստ ընտանիքի մը որդին էր։ Ամէն օր գործի երթալու համար կը տեղափոխուէր Պոլսոյ Ասիական ու Եւրոպական ափերուն միջեւ։ Յամենայնդէպս, միանշանակօրէն պատկանելիութեան զգացում ունէր Ասիական ափին՝ Գատըգիւղի նկատմամբ։ Յակոբ Արապեան մեր սերունդի ուղեցոյցներէն մին էր։ Տակաւին միջնակարգի սան, երբ կ՚այցելէինք Արամեան սանուց միութիւն՝ ինք արդէն այնտեղ էր։ Մէկ կողմէ սէր էր, անսահման, միւս կողմէ երկիւղ՝ բոլորիս համար։ Իր բնական վարուելակերպին հետեւելով կարելի էր հասկնալ, թէ որո՛ւ ներս մտած ատենը պէտք է ոտքի կանգնած բարեւել եւ փոքրերուն ինչպէ՛ս ընդառաջ երթալ։ Միութենական կեանքին մէջ ուշադրութեան կ՚արժանանար իր համերախշ ու համախոհ գործակցութեամբ՝ վարչական ընկերներուն հետ։ Ատենապետի հովեր չէր առներ երբեք, պարզապէս առաջին սպասարկողն էր։ Խաչիկ Քէօսէեանի եւ այլ գործակից ընկերներուն հետ միութեան լուծը կը տանէր ամենայն պատասխանատուութեամբ։ Շատ նախանձախնդիր էր՝ որպէսզի թաղի մարմիններուն հետ համակարգուած աշխատանք տարուէր։ Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին, դպրոցի տնօրէնութեան եւ միւս յարակից մարմիններուն հետ գործակցութիւնը չափազանց կը կարեւորէր։ Նոյնպէս նախանձախնդիր էր՝ միջմիութենական համագործակցութեան նկատմամբ։ Իր ծով փորձառութեամբ ու վայելած վստահութեամբ՝ արդէն ընտրուած էր թաղական։ Իր ասպարէզին ալ բերումով՝ գրասեղանի մարդ մըն էր եւ ստանձնած պարտականութիւններուն մէջ համապատասխան երեսակը յաճախ իրեն կը վիճակէր։

Այսօր, իր յաւիտենական նենջի տխուր փուլին, մեր աչքի առջեւով կ՚անցնին իրեն վերաբերեալ բազում յիշատակներ, վկայութիւններ իր մարդկային առաքինութիւններուն եւ ազնիւ նկարագրին մասին։ Երիտասարդական այդ յուշերուն արժէքը տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ կը բիւրեղանայ այն առումով, որ Յակոբ Արապեանի վերաբերեալ դրուագները կը վերածուին կեանքի դասի, իւրաքանչիւրէն դուրս կը բերուի պատգամ մը։ Այսօր այդ քաղցր յուշերու ընդմէջէն կը հասկնանք, որ Յակոբ Արապեան ուրոյն հետք մը թողած էր մեր ու մեր բազում սերնդակից ընկերներու մարդկային կերտուածքին վրայ։

Տարիներ անց մենք զմեզ կը բացայայտենք իր մարմնաւորած կերպարին վերաբերեալ ինչ-ինչ հանգամանքներ։ Երիտասարդութեան ու պատանութեան մեր շրջանին, երբ տարուած էինք առանձին փողոց դուրս գալու հրապոյրէն, երբ տարուած էինք ընկեր-ընկերուհիներով սանուց միութիւն երթալու հրապոյրէն, արդէն շատ աւելի ուշ կ՚անդրադառնայինք, թէ ծնողներու կողմէ տրուած թոյլտուութեան մէջ առիւծի բաժին հանդիսացող ազդակներէն մին էր՝ այդ միջավայրի մէջ Յակոբ Արապեանի ներկայութիւնը եւ վերահսկողութիւնը։

*

Տակաւին մեր ականջին մէջ կ՚արձագանգէ իր ձայնը՝ երբ մօրեղբօրս որդւոյն՝ Տիգրան Էպէօղլուին հետ կը մտնէինք միութիւն. «Հոս նայեցէ՛ք, ասոնք դարձեալ եկած են երկուքով»։

Պեխերուն տակէն քմծիծաղով մը կը հնչեցնէր այդ «ահազանգ»ը։

Օր մըն ալ մեզի կանչած էր իր մօտ. «Այսօր ճիշդ ձեզի հարմար գործ կը կայ ընելիք»։ Միութեան վարչութեան ժամկէտանց փաստաթուղթերը աղբաման պիտի երթային, բայց նախ եւ առաջ պէտք է լաւ մը պատռէինք այդ բոլորը։ Ինքն ալ մեզի հետ քանի մը ժամ թուղթ պատռած էինք։ Այդ ատեններուն տակաւին գրասենեկային մասնաւոր գործիքներ չկային այդ գործին համար։ Երիտասարդական մեր չարաճիճիութիւններուն ակնարկելով կատակելով կ՚ըսէր. «Հապա ո՛վ ձեզմէ աւելի լաւ կրնար ընել այս գործը»։

*

Վերջին անգամ ե՞րբ տեսած էի զինքը։ Դարձեալ միութեան մէջ էր, այդ գողտրիկ սրահին մէջ, ուր խտացած է խումբ մը մարդոց երիտասարդական անմոռանալի ապրումներու յիշողութիւնը եւ այսօր ալ որոշ չափով կենսունակ է բարեբախտաբար։ Արամեան սանուց միութիւնը իսկապէս շարունակութիւնն է դպրոցին՝ իր միջավայրի ուրոյն պայմաններուն բերումով։ Յակոբ Արապեան այդ դպրոցի սիւներէն էր։ Որպէս վարչական՝ իր դպրոցը ունէր։ Մեծին հետ մեծ էր, փոքրին հետ փոքր։ Վարպետին, պաշտօնեային նկատմամբ երբեք հրամայական եղանակով չէր խօսեր, միութեան այդ փոքր տան ամէն ինչին պաշտպանն էր, բոլոր իրաւունքներուն հետամուտ՝ մինչեւ վերջին սանթիմը։

Դիւրին է իր մասին սկսիլ խօսիլ, սակայն չափազանց դժուար՝ կանգ առնել։ Հազար ու մէկ բան կայ ըսելիք եւ այդ ծանրութիւնը գունդի մը կը վերածուի կոկորդիդ մէջ։ Այսպիսի ազնիւ, բարի ու նուիրեալ անձ մը այսօր կը յանձնենք հողին։ Սա սուգ է, բառին բուն իմաստով։ Իրեն հրաժեշտ կու տանք անմխիթար՝ մանաւանդ, որ իր տառապած անողոք հիւանդութիւնը կեանքի վերջին շրջանին շատ տանջած էր զինքը։ Բան չկայ նախախնամութեան տնօրինութեան դիմաց ընելիք։

Այսօր կ՚աղօթենք իր բարի հոգւոյն խաղաղութեան, յաւիտենական նենջի հանգստութեան համար։ Մեր խոնարհումը կը բերենք իր բարոյական ներկայութեան առջեւ։ Լոյսերու մէջ ննջէ, հողը թեթեւ գայ մեր սիրելի Յակոբ Արապեանին վրայ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յուլիս 26, 2018